Սուրբ Ընտանիքի սրբապատկերը Սուրբ Ընտանիքի սրբապատկերը 

Աղօթք նուիրուած Սուրբ Ընտանիքին

Ճգնաժամային այս ծանր տագնապներու եւ նեղութիւններու մէջ քեզի կը դիմենք ով Նազարէթի Ս. Ընտանիք, աղերսելով քու պաշտպանութեան հովանին մեր վրայ: Եւ կ'աղօթենք որպէս մեծ ընտանիք մը եւ ժողովուրդը այս տարապեալ երկրին , դուն կրնաս այս ծանր բեռը վերացնել մեր վրայէն

Օրհնեալ ես ով Հայր՝ աղբիւրը բոլոր կատարեալ պարգեւներու եւ բարի ընծաներու:  Դուն շնորհեցիր մեզի Ս. Ընտանիքը, որպէսզի իր բարեխօսական աղօթքին միջոցով օրհնութիւն ստանանք եւ անոր մէջ պաշտպանութիւն գտնենք:

Ով սիրելի Յիսուս ՝ Տէր եւ բարեկամ մարդկութեան, դուն որ ծնար խոնարհ մսուրի մէջ, որպէս այս խաւար եւ մեղաւոր աշխարհը լուսաւորես: Մեր երկիրը խաւարի մէջ է: Ան լքուած է իր ղեկավարներուն կողմէ, եւ անտեսուած ՝  քաղաքակրթուած կոչուած մարդկութեան կողմէ: Կ'աղօթենք  որ օրհնես եւ պահես մեր տառապալի երկիրը եւ հոն բնակող ժողովուրդդ: Մեր ղեկավարները վերադարձուր դէպի քու արդարութեան ճանապարհիդ, որպէս քու ժողովուրդդ վերագտնէ իր անդորրութիւնն ու խաղաղութիւնը:

Չարը կ'ուզէ, որ կործանէ այս երկիրը եւ խարխլէ անոր հիմքերը: Սակայն մենք ձեզի կը դիմենք ՝ ով Ս. Ընտանիք, հայցելով որ մեր հետ ըլլաք եւ գիտենք, որ վերջին յաղթանակը մերն է :

Ով քաղցրանուն Յիսուս, քու գեղեցիկ փոքր ընտանիքդ լեցուն էր սիրով, շնորհքով եւ առաքինութիւններով: Տուր մեզ Տէր, որպէսզի մենք ալ աճինք սիրոյ շնորհքի եւ միւս առաքինութիւններու մէջ:

Ով սիրելի Յիսուս, առաւել աճեցուր մեր բարեպաշտութիւնը Ս. Ընտանիքին հանդէպ, որպէսզի գօտեպնդուի մեր սէրը իրարու նկատմամբ ու ամրապնդուի մեր միասնականութիւնը դժուարութիւններ  դիմակալելու համար:

Մաքրէ մեր հոգիներ, որպէսզի կարենանք տեսնել մեր մեղքերը եւ ուղիղ ճանապարհի մէջ դնենլ մեր կեանքերը:

Կը խոստովանինք, որ մեզ դիմագրաւող դժուարութիւնները հսկայ լերի մը պէս կը կանգնի մեր դիմաց: Մենք անկարող եւ անզօր դիմադրելու եւ պայքարելու անոնց հետ: Ճգնաժամային այս ծանր տագնապներու եւ նեղութիւններու մէջ քեզի կը դիմենք ով Նազարէթի Ս. Ընտանիք, աղերսելով քու պաշտպանութեան հովանին մեր վրայ: Եւ կ'աղօթենք որպէս մեծ ընտանիք մը եւ ժողովուրդը այս տարապեալ երկրին  , դուն կրնաս այս ծանր բեռը վերացնել մեր վրայէն: Որով անգամ մը եւս պիտի ուրախանանք եւ օրհնենք Հայրը, Որդին եւ Ս. Հոգին այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2021, 08:00