Փորցիունքոլա Մատուռը Փորցիունքոլա Մատուռը 

«Կորսնցուցինք ողորմութեան յիշողութիւնը» Կարդինալ Փիաչենցա Ասսիզիի ներումին առթիւ։

Քրիստոսը չի պատմեց ողորմութեան մասին այլ ինքը դարձաւ ողորմութիւն որովհետեւ Ան ողորմութիւն է, ինչպէս գրած է Սուրբ Յովհաննէսը իր նամակին մէջ. Աստուած սէր է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ասսիզիի ներումի առթիւ զոր կը յիշատակուի այսօր` Աւագ Վերապահեալ Կարդինալ Մաուրօ Փիաչենցա` Ասսիզիի Հրեշտակներու Տիրամայր Պազիլիքայի «Փորցիունքոլա» մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ հրաւիրեց հետեւիլ Քրիստոսի ճանապարհին, որ է ողորմութեան ճանապարհը ու ճանապարհը եկեղեցւոյ։

Աստուած սէր է

Ան հաստատեց թէ Քրիստոսը չի պատմեց ողորմութեան մասին այլ ինքը դարձաւ ողորմութիւն որովհետեւ Ան ողորմութիւն է, ինչպէս գրած է Սուրբ Յովհաննէսը իր նամակին մէջ. Աստուած սէր է։

Յիսուս ճանապարհ

Ասկէ մեկնելով կարդինալ Փիաչենցա հարց տուաւ. «Ի՞նչպէս կարող ենք այսօր «անհատականութեամբ եւ անձնասիրութեամբ» յատկանշուած ընկերութեան մը մէջ վերահասկնալ թէ մեր գոյութեան նոյնինքն էութիւնը, յարաբերութիւն, սէր ու ողորմութիւն է»։ Եւ հարցումի որպէս պատասխան ան հաստատեց թէ ճանապարհը Յիսուսն է. «Ես եմ ճանապարհը»։

Խոստովանանքի խորհուրդին մօտենալ

«Մենք կորսնցուցինք ողորմութեան յիշողութիւնը» դիտել տուաւ ապա Կարդինալ Փիաչենցան հրաւիրելով վախ չունենալ մօտենալու Խոստովանանքի Խորհուրդին, որովհետեւ ներում ընդունիլը կը ծառայէ մեզ դնելու այն դիրքին մէջ որտեղ կը գտնուէինք մեղքի խզումէն առաջ։

Ծիրանաւորը ակնարկեց ապա Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի կեանքին ու հրաւիրեց մխրճուիլ իսկական սիրոյ մէջ, որ կը դառնայ ողորմութեան արարք։

«Ութը դարեր ետք Ասսիզիի աղքատիկ սուրբը տիպարը կը մնայ «Տիեզերական եկեղեցին ներքինէն խորապէս նորոգելու» կարելիութեան» ըսաւ Ան աւելցնելով, որ այս մէկը կը հայի նաեւ մեզի։

 

Ապաւինիլ Սուրբ Կոյս Մարիամին

«Հակառակ ամէն դժուարութիւններուն ու անհասկացողութիւններուն ու հակառակ նաեւ գայթակղութիւններուն, պէտք չէ երբեք բաժնուինք Քրիստոսի Մարմինէն որ է Եկեղեցին» ըսաւ Կարդինալ Փիաչենցա այս առնչութեամբ հրաւիրելով ապաւինիլ Սուրբ Կոյս  Մարիամի հովանիին, «որ կը քալէ մեր հետ, կը պայքարի մեր հետ ու մեզի շարունակական կերպով կը բացայայտէ Աստուծոյ սիրոյն մօտիկութիւնը»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2021, 12:30