Հայիթիի մէջ երկրաշարժէն կործանուած եկեղեցի մը Հայիթիի մէջ երկրաշարժէն կործանուած եկեղեցի մը 

Հայիթիի երկրաշարժ. Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը։ Գերապայծառ Փիէր Անտրէ Տիւմայի վկայութիւնը։

«Մեր Քահանաները կը մնան ժողովուրդի կողքին բացայայտելու համար թէ Աստուած չի լքեր իր ժողովուրդը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Հայիթիի մէջ տասը տուներէն եօթն այլեւս գոյութիւն չունին ու անհետացած են նաեւ ժողովրդապետութիւններ ու եկեղեցիներ։ Կարիքը ունինք ամէն բանի սկսեալ ջուրէն։ Շատ դժուար պահ մըն է մեր այս ապրած ժամանակը զոր պէտք է ապրինք հաւատքով։ Պահ մը` ուր պէտք է նաեւ միջամտել մօտիկ ըլլալով եւ անսալով մարդոց պահանջներուն»։ Խօսքերն ասոնք անցեալ 14 օգոստոսին Հայիթին հարուածող աղէտալի երկրաշարժէն ամենաշատ տուժած թեմերէն «Anse-à-Veau-Miragoâne» թեմին առաջնորդ գերապայծառ Փիէր ԱՆտրէ Տիւմային։

Բնակչութեան կարիքները

«Բնակչութիւնը կարիքը ունի ամէն բանի, նոյնիսկ ըմպելի ջուրի ասոր համար է որ դիմած ենք այլ երկիրներու օգնութեան խնդրանքով։ Քահանաները, մայրապետներն ու միսիոնարները պատրաստ իրենց օգնութիւնը մատուցելու, անոնք վկայութիւնն են թէ Աստուած ոչ մէկը կը լքէ իր ճակատագրին» ըսաւ միշտ Գերապայծառ Տիւմա հաստատելով որ «Զօրակցութեան արարքներուն կ՛ընկերանան նաեւ աղօթքի պահեր» ու թէ եկեղեցիին հասած անմիջական անհրաժեշտութեան ծառայող կենսամիջոցները արդեն բաժնուեցան տառապող ժողովուրդին։

Քահանաներուն մօտիկութիւնը

«Մեր Քահանաները կը մնան ժողովուրդի կողքին բացայայտելու համար թէ Աստուած չի լքեր իր ժողովուրդը» հաստատեց միշտ «Anse-à-Veau-Miragoâne» թեմին առաջնորդը` գերապայծառ Փիէր ԱՆտրէ Տիւման։

ԵՈՒՆԻՍԷՖ. 580 հազար մարդ կարիքը ունի անմիջական օգնութեան

Ըստ ՄԱԿի մանկական հիմնադրամին ԵՈՒՆԻՍԷՖԻՆ Հայիթիի մէջ 580 հազար մարդ կարիքը ունի անմիջական օգնութեան, 115 հազար տուներ աւերուած կամ փլուզուած են մինչ երկրի հարաւային շրջանի 255 դպրոցներէն 94ն վնաս կրած կամ կործանուած են։ Դժբախտաբար զոհերուն թիւը կը շարունակէ աճիլ ու մինչեւ այժմ պաշտօնական տուեալները կը խօսին 1950 զոհերու մասին եւ կան աւելի քան 9900 վիրաւորներ։

Միշտ ԵՈՒՆԻՍԷՖԻՆ գնահատումներու համաձայն կարիքը կայ աւելի քան 15 միլիոն տոլարի, դիմագրաւելու համար բնակչութեան անմիջական հրատապ կարիքները,  անոնց շարքին են 167 հազար մանուկներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2021, 08:01