Տօն Վերափոխման Սրբոյ Աստուածածնի Տօն Վերափոխման Սրբոյ Աստուածածնի 

Տօն Վերափոխման Սրբոյ Աստուածածնի

Հայ ժողովուրդի դարաւոր աւանդութեան համաձայն՝ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին օրը, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Մայր Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, մեծ հանդիսութեամբ Սուրբ և Անմահ Պատարագ կը մատուցուի, որու աւարտին՝ խաղողօրհնէք կը կատարուի:

Պիոս ԺԲ. Սրբազան Քահանայապետը, Ս. Կոյսին Վերափոխումը մէկ Նոյեմբեր 1950-ին, հաւատքի մաս կը հռչակէ: Քրիստոնէական Եկեղեցին Ս. Աստուածածնի երկինք փոխադրուիլը կ'ոգեկոչէ վերոյիշեալ տօնին ընդմէջէն, որ Արեւելքի մէջ, արդէն Զ. դարէն սկսեալ «Ս. Կոյսի Ննջում» անունին ներքեւ կը տօնուէր: Հայ Եկեղեցին մեծ հանդիսութեամբ կը տօնախմբէ զայն, և իբրեւ մեծագոյն տօն իր հինգ տաղաւարներուն մէջ դասած է՝ Փոխումն Սրբոյ Կուսին կամ Վերափոխում անուններուն ներքեւ:

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Աստուածածնայ կեանքի մասին շատ քիչ տեղեկութիւններ ունինք. Աւետարանները կը յայտնեն թէ ան Աննայի և Յովակիմի դուստրն էր: Հայրը Դաւիթի սերունդէն և Յուդայի ցեղէն էր. իսկ մայրը՝ Ղեւտական ցեղէն: Աւանդութեան համաձայն՝ անոնք խոր ծերութեան հասած էին, բայց երկուքն ալ ամուլ էին, ուստի՝ անզաւակ: Յաճախ կ'աղօթէին և կը խնդրէին Աստուծմէ որ զաւակ ունենան: Աստուած կը լսէ անոնց աղօթքն ու խնդրանքը և աղջիկ մը կը պարգեւէ անոնց, զոր Մարիամ կը կոչեն: Աւետարաններուն մէջ ան շատ անգամ կ'անյայտանայ ապա կը յայտնուի վճռական պահերուն։ Մարիամ լռելեան կ'ընկերակցէր Յիսուսի համայն կեանքին, վարդապետութեան, հրաշքներուն և «Ամէն ինչ կը պահէր իր սրտին մէջ, եւ սրտին մէջ կը մտածէր». Այսպէս է որ Ղուկաս աւետարանիչը կը ներկայացնէ Տիրոջ Մայրը մանկութեան աւետարանին  մէջ։ 

Եկեղեցւոյ մեծագոյն Հայրերէն՝ Ս. Օգոստինոսը կը հաստատէր որ բոլոր մարդիկը, նաեւ ամենասուրբ վարք ունեցողները, իրենց կեանքին ընթացքին, գործած են մեղք. բայց Ամենասրբուհի Մարիամ բացառութիւն է պատմութեան մէջ, որովհետեւ «Անոր շնորհքի այնպիսի գերառատութիւն մը տրուեցաւ, որ ան կարողացաւ ամէն տեսակէտով յաղթել մեղքին, և լոյս աշխարհ բերել Ան՝ որ մեղք չճանչցաւ»: 

Արդարեւ, Ս. Կոյսին երկինք վերափոխումը սկսաւ իր հրաշագործ յղութեամբը Յիսուսի, որ Ս. Հոգւոյն ներգործութեամբ եղաւ: Ան անցաւ Յիսուսի ծնունդէն ու անոր ծածուկ և հրապարակային կեանքէն, ընդ որս ականատես եղաւ Քրիստոսի կատարած հրաշքներներուն, խաչելութեան,  մահուան ու Յարութեան: Տիրոջ Համբարձումէն յետոյ Աստուածամայրը տասնհինգ տարի ապրեցաւ Յովհաննէս Առաքեալի խնամակալութեան ներքեւ և սպասեց իր Որդւոյն խոստումին: Բաց աստի, այս տօնը կը յիշեցնէ Աստուածորդիին խոստումը իր սիրեցեալ մօր թէ՝ քեզ առանձին պիտի չձգեմ երկրի վրայ, այլ՝ երկինք պիտի փոխադրեմ: 

Նախնական Եկեղեցին միշտ երկիւղած յարգանք ու սէր տածած է Աստուածամօր անձին նկատմամբ, երբ դեռ ողջ էր:  Իսկ ննջումէն ու վերափոխումէն յետոյ՝ այդ յարգանքը վերածուեցաւ մեծարանքի Աստուածամօր հանդէպ: Աւետարանի կողքին՝ Գործք Առաքելոցը եւս կը յիշէ որ Աստուածամայրը միշտ Առաքեալներուն կողքին էր: 

Ան երկինք փոխադրուեցաւ, բայց որպէս քրիստոնէական Եկեղեցւոյ Անթառամ ծաղիկը՝ մնաց միշտ գութով առլցուն և բարեխօս իր սիրեցեալ հաւատացեալներուն նկատմամբ: 

Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, սկզբնական դարերէն սկսեալ՝ Մարիամի նկատմամբ ակնածանքի ու սիրոյ գերագոյն զգացումները ձեւաւորուեցան հետեւեալ անուններով. Ան եղաւ «Աստուծոյ Մայրը», «Աստուածածինը», «Անարատ Յղացեալը», «Շնորհքներով լեցունը», «Կիներուն մէջ Օրհնեալը», որ ամբողջ կեանքը անցուց որպէս վառած մոմ Աստուծոյ գահին առջեւ: Տիրամայրը իր սրբութեան և անաղարտութեան պատճառով, իր վերջին ննջումին՝ պսակուեցաւ որպէս Թագուհի երկինքի և երկրի: Այսօր ան երկնքի մէջ փառաւորուած է հոգիով և մարմնով: 

Դարերու ընթացքին, բազմաթիւ եկեղեցիներ և վանքեր կառուցուեցան ի պատիւ Ս. Աստուածածնի: Անոնց շարքին է Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր վանքը, հիմնադրուած 1749 թուին, որու Մայր տաճարի աւագ խորանին վերեւ զետեղուած Տիրամօր Վերափոխման մեծադիր պատկերը՝  երկար ժամանակ, մշտահոս շնորհքի աղբիւր հանդիսացած է միաբան Հայրերուն և հաւատացեալներուն՝ յաւիտենական կեանքի նկատմամբ յոյս ներշնչելով և իրենց առաքելութեան մէջ անհատնում կորով ընծայելով: Արդարեւ, Զմմառու վանքը և Միաբանութիւնը կը գտնուին Տիրամօր խնամակալ հովանաւորութեան ներքեւ:    

Հայ ժողովուրդի դարաւոր աւանդութեան համաձայն՝ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին օրը, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Մայր Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, մեծ հանդիսութեամբ Սուրբ և Անմահ Պատարագ կը մատուցուի, որու աւարտին՝ խաղողօրհնէք կը կատարուի: Խաղողօրհնէքը, Վերափոխման տօնին օրը խաղող օրհնելու արարողութիւնն է, որու միջոցով հայ Եկեղեցին տարուան պտղաբերութիւնը Աստուծոյ կը նուիրէ: Արարողութեան սկիզբը՝ «Փառք Ս. Խաչի» շարականը կ'երգուի, ապա Ս. Աւետարան՝ «Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը» (Յովհ. ԺԵ, 1-10) կը կարդացուի, որուն կը յաջորդէ ԺԲ. դարուն՝ Ս. Ներսէս Շնորհալիի խաղողի օրհնութեան աղօթքը: 

Տօնին շարականները միջնադարեան աղբիւրներուն համաձայն՝ կը վերագրուին Մովսէս Խորենացիի և Յովհաննէս Մանդակունի Հայրապետին (Ե. դար): Աստուածածնի տօնը և խաղողօրհնէքը՝ ծիսականօրէն իրարու հետ առնչութիւն չունին: Անցեալին՝ խաղողօրհնէքը Վարդվառին կամ նոյնիսկ Ս. Խաչին կը կատարուէր, «ըստ իւրաքանչիւր տեղւոյ բնութեան ջերմութեան և կամ ցրտութեան ի հասումն պտղոյն»: Այսինքն՝ խաղողօրհնէքը Աստուածածնի տօնի հետ կատարելու սովորութիւնը աւելի կապուած է եղանակին յարմարութեան և խաղողներու հասուննալու եղանակին: 

Արդարեւ, անցեալին՝ խաղողօրհնէքը այգիներուն մէջ կը կատարուէր. որպէս արձագանգ նախաքրիստոնէական շրջանէն գոյութիւն ունեցող հեթանոսական կրօնին, ըստ որում տարուայ բերքին առաջին պտուղը կամ հունձքը տաճարին կը նուիրուէր: Խաղողը օրհնելով՝ գինին կ'օրհնուի, որ պատարագի միջոցին Քրիստոսի Արիւնը կը դառնայ: Հաւատացեալները այս աւանդութեան հաւատալով է որ զոհողութիւն կ'ընեն՝ խաղող չըմբոշխնելու մինչեւ Վերափոխման տօնը, առ ի մեծարանք Ս. Աստուածածնի: 

Աւելի՛ն, գրական գոհարներ են Ս. Կոյսին նուիրուած շարականները, յատկապէս Մեծացուսցէները, որոնք կը վերագրուին Մովսէս Քերթողին: Այս շարականները այնքան գեղեցկօրէն հիւսուած են, որ կարծես խօսքէ գոհարներ ըլլան: Նոյնքան սքանչելի և գեղեցիկ են նաեւ Աստուածածնի նուիրուած տաղերն ու մեղեդիները Գրիգոր Նարեկացիի գրչին պատկանող: Ինչպէս նաեւ աղօթքները, խնդրանքներն ու աղաչանքները, բարեխօսութիւններն ու ներբողները, որոնք իր տօնին առթիւ կ'երգուին, ազդեցիկ և մելանուշ եղանակով. Ինչպէս Ս. Աստուածածնի Վերափոխման կանոնը. «Այսօր սուրբերը՝ երանելի առաքեալներն ու սուրբ կոյսերը միասին հաւաքուած՝ լուսաւոր զգեստներով պայծառացած, իրենց լապտերները կը վառէին և միաձայն կ'ըսէին՝ օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ ամէնօրհնեալ: Այսօր տեսան Ս. Կոյսին օդին մէջ թռչիլը և ամպեղէն կառքով երկինք համբարնալը և երկնային խորաններու մէջ մտնելը իմաստուն կոյսերուն հետ. և անոնք միաձայն կ'ըսէին՝ օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ ամէնօրհնեալ»:

Հայր Մովսէս Վրդ. Տօնանեան

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/08/2021, 08:34