Լուրտի Սրբավայրը Լուրտի Սրբավայրը 

Լուրտի Տիրամօր ազգային ուխտագնացութիւնը եւ Հայր Օլիվիէ Մէրի յիշատակը։

«Բոլորս կանչուած ենք եղբայրութեան»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ չորեքշաբթի օր սկիզբ առաւ Լուրտի Տիրամօր ազգային ուխտագնացութիւնը, որուն այս տարուայ բնաբանն է «Բոլորս կանչուած ենք եղբայրութեան», նիւթ որ հանդիսացաւ նաեւ անցեալ 9 օգոստոսին Ֆրանսայի մէջ սպաննուած Հայր Օլիվիէ Մէրի կեանքի կորիզը, որուն յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի կ՜ունենայ այսօր 13 օգոստոսին Վանտէայի «Saint-Laurent-sur-Sèvre» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Հայր Օլիվիէն սպաննուեցաւ հոգեբանական խանգարումներով Ռունատացի երիտասարդի մը ձեռքով, որ նկատուած է նաեւ գլխաւոր պատասխանատուն անցեալ տարի հրկիզուած Նանթի աթոռանիստ եկեղեցւոյ հրդեհին։

1872ին սկիզբ առած Լուրտի ազգային ուխտագնացութիւնը եւս իր այս տարուայ ընտրած բնաբանով խորհրդանշական կերպով կը յիշէ հայր Օլիվիէյին որուն կեանքին առանցքը կազմած էր եղբայրութիւնը։

«Լուրտը արդարեւ եղբայութեան վայր է» ինչպէս կը հաստատէ Լուրտի Սրբավայրի Ռէկտոր Գերապայծառ Օլիվիէ Ռիպատօ Տիւման։ «Մարիամ Աստուածանայ եւ Պերնատէթի միջեւ հանդիպումը զարկ տուաւ եղբայրութեան մը, որ այսօր կը բացայայտուի հիւանդներու ու առողջապահական գործիչներու փոխյարաբերութեան մէջ, տարբեր մշակոյթներու պատկան մարդոց կապերու մէջ, սերունդներու միջեւ յարաբերութեան մէջ» աւելցուց գերապայծառ Ռիպատօ Տիւման։

Եղբայրութիւնը ապրուած է նաեւ ընկերութեան մէջ եւ ան կարող է ի յայտ գալ յատկապէս օտարականները հիւրընկալելով, այնպէս ինչպէս ըրած էր Հար Օլիվիէ Մէրը, որ իր հասարակութեան մօտ հիւրընկալած էր իր մարդասպանը։

«Եղբայրութիւնը պայքար է որովհետեւ Աւետարանն ալ պայքար է» հաստատեց միշտ Լուրտի Սրբավայրի մեծաւորը եւ ասոր համար կարեւոր է որ քրիստոնեաները գիտակից ու հոգատար ըլլան խաղաղութեան խթանողներ հանդիսանալու եւ Աւետարանը ապրին գործնականին մէջ, որովհետեւ «աւետարանը մեզի կը խօսի սիրոյ, եղբայրութեան եւ ողորմութեան մասին» նշեց Գերապայծառ Օլիվիէ Ռիպատօ Տիւմա։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2021, 14:00