Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ 

2022 ի Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան ուղեցոյցը պատրաստուած Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին կողմէ։

Հրաւէրը այն է միասին աշխատիլ` որպէսզի երիտասարդները կարողանան կերտել ապագայ մը որ համապատասխանէ Աստուծոյ սրտին, ապագայ մը` ուր բոլոր մարդ արարածները կարողանան փորձարկել կեանքը, խաղաղութիւնը արդարութիւնն ու սէրը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մենք անոր աստղը տեսանք արեւելք ու եկած ենք իրեն երկրպագութիւն ընելու» Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած այս նախադասութիւնը բնաբանն է 2022ի Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան, որ ամէն տարի կը նշուի 18 – 25 Յունուար երկարող շաբաթուան ընթացքին։ 2022-ի քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան ուղեցոյցը շարադրուած է Լիբանանի մէջ կեդրոն ունեցող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի կողմէ։ Ուղեցոյցին պարունակութիւնը արդեն հրապարակուեցաւ Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի ու Եկեղեցիներու համամիութենական Խորհուրդի պաշտօնական կայքերու վրայ։

Յոյսը Քրիստոսի մէջ

«Երբեք, ինչպէս այս դժուարին ժամանակներուն, մենք խաւարը նուաճող լոյսի կարիք չենք զգացած, և այդ լոյսը, ինչպէս կը հռչակեն քրիստոնեաները, դրսևորուած է Յիսուս Քրիստոսի մէջ» կը կարդանք Քրիստոնեայ Եկեղեցիները համախմբող հաստատութեան պատրաստած ուղեցոյցի էջերուն մէջ, ուր նաեւ նշուած է հետեւեալը. «Առերեսուելով ներկայիս միջազգային առողջապահական ճգնաժամով ՝ աշխարհի տարածաշրջանի մը մէջ, որտեղ մարդու իրաւունքները համակարգուած կերպով կը ոտնահարուին քաղաքական և տնտեսական անարդար շահերով, և ուր անցեալ տարուայ 4 օգոստոսի Պէյրութը հարուածող սարսափելի պայթումի հետեւանքները տառապանքի մատնած են բնակչութիւնը, ըլլայ մարդկային ըլլայ նիւթական գետնի վրայ, տեղական համամիութենական խումբը բազմապատկեց իր ջանքերը որպէսզի հակառակ ամէն ինչի ներկայացնէ քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան առթիւ պատրաստած աշխատանքին պտուղը»։

Աստղը միութեան խորհրդանիշ

Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաները «Աստղին» մէջ գտան քրիստոնէական կոչումին պատկերը։ Անիկա նշանն էր որ Մոգերը առաջնորդեց հեռու վայրերէն ու տարբեր մշակոյթներէն դէպի մանուկ Յիսուսը ու ասիկա համապատկերն է քրիստոնեաներուն` որոնք կը միանան իրար հետ հաղորդութեան մէջ մինչ կը մօտենան Քրիստոսին։

Քրիստոնեաներու Միութեան համար աղօթքի շաբթուան բնաբանը կ՛ուզէ առ այդ հանդիսանալ հրաւէր քրիստոնեաներուն ըլլալու աստղին նման խորհրդանիշ մը` որ բոլոր ազգերը կ՛առաջնորդէ դէպի Քրիստոս, միջոցը որուն միջոցաւ Աստուած կ՛առաջնորդէ բոլոր ազգերը դէպի միութիւն։

Կարիքը կայ մթութեան մէջ լոյսի մը փայլին

«Տնտեսական ճգնաժամը և քաղաքական, տնտեսական և սոցիալական կառոյցներու ձախողումը, որոնք պէտք էին պաշտպանել ամենադիւրաբեկներն ու ամենախոցելիները, ի յայտ դրին խոր կարիքը, ընդհանրական մակարդակի վրայ, մթութեան մէջ լոյսի մը փայլին» դիտել կու տան ուղեցոյցը շարադրողները, որոնք ապա կը հաստատեն` թէ աստղը որ փայլեցաւ Արևելքի մէջ երկու հազար տարի առաջ «մեզ տակաւին կը կոչէ դէպի մսուրը, ուր ծնաւ Քրիստոս», «մեզ կը ներքաշէ դէպի այն վայրը ուր Աստուծոյ հոգին կենդանի է և կը գործէ ու կոչ կ՛ընէ սրտի դարձի»։

Վերանորոգել կեանքը` դարձի գալ

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին համար իւրաքանչիւր անհատ պէտք է վերանորոգէ իր կեանքը, ու պէտք է վերանորոգուին նաեւ եկեղեցիներուն եւ ընկերութեան կեանքը. հետեւելով Քրիստոսի ճանապարհին, մենք մեզ դնելով Աւետարանի ծառայութեան տակ, պաշտպանելով մարդկային արժանապատւութիւնը, մասնաւորապէս աղքատներուն, տկարներուն ու բացառուածներուն արժանապատւութիւնը

Եկեղեցիները պէտք է ըլլան թափանցիկ ու պատասխանատու աշխարհին հետ յարաբերութեան մէջ ու պէտք է համագործակցին սփոփելու համար թշուառները, հիւրընկալելու տեղահանները, օգնելու անոնց որոնք ընկճուած են կեանքի ծանրութեան տակ ու կառուցեն աւելի արդար եւ ազնիւ ընկերութիւն մը։

Աշխատիլ միասին ի նպաստ աւելի պայծառ ապագայի

Հրաւէրը այն է միասին աշխատիլ` որպէսզի երիտասարդները կարողանան կերտել ապագայ մը որ համապատասխանէ Աստուծոյ սրտին, ապագայ մը` ուր բոլոր մարդ արարածները կարողանան փորձարկել կեանքը, խաղաղութիւնը արդարութիւնն ու սէրը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2021, 11:33