Լիբանանի համար աղօթքի օր Լիբանանի համար աղօթքի օր 

«Սուրբ Աթոռը Եւ Մայրիի Երկիրը». Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը։

Ցաւ ի սրտի մեր հայ կաթողիկէ եկեղեցին չկրցաւ մասնակցիլ վերոյիշեալ հանդիպումին, պատրիարքական ընտրութիւններով զբաղ ըլլալուն պատճառաւ: Սակայն սիւնհոդոսի հայրերը իրենց աղօթքներով միացան բոլոր քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն:

Հինգշաբթի 1 Յուլիս 2021 եզակի թուական մը եղաւ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար, որոնք տնտեսական եւ քաղաքական ծանր պայմաններ կ'ապրին: Սոյն օրը Ֆրանչեսկոս սրբազան քահանայապետը ընդունեց Լիբանանի համայնքներու հոգեւոր պետերը, որպէսզի միասին աղօթեն տառապեալ Լիբանանի համար, որմէ ետք առիթ տրուեցաւ, որ համայնքապետերը Լիբանանեան տագնապի առնչութեամբ իրենց տեսակէտները յայտնեն սրբազան քահանայապետին:

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ֆրանչիսկոս քահանայապետին Լիբանանի հանդէպ տածած այս յատուկ հոգատարութիւնը անսովոր երեւոյթ մը չէ: Ան իր նախորդներուն նման եւ անոնց ոտնահետքերուն հետեւելով, միշտ սէր եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Լիբանանի հանդէպ: Բոլորս կը յիշենք Յովհաննէս – Պօղոս քահանայապետին կազմակերպած յատուկ սիւնհոդոսը Լիբանանի համար: Ինչպէս նաեւ օրհնաբեր այցելութիւնները իր՝ Յովհաննէս – Պօղոս Բ-Ի (10-11 Մայիս 1997) եւ Պենետիքդոս ԺԶ (14-16 Սեպտեմբեր 2012) Պապերուն դէպի Լիբանան: Չմոռնանք նշել նաեւ 2 Դեկտեմբեր 1964ին Պօղոս Զ. Քահանայապետին պատմական այցը Լիբանան եւ այդ առիթով իր արտասանած պատգամը Լիբանանեան օդակայանին մէջ: Այս բոլոր իւրայատուկ եւ օրհնեալ թուականներուն այսօր կը միանայ նաեւ 1 Յուլիս 2021ը:

Թէեւ լիբանանեան եւ միջազգային լրատուամիջոցները ուշադրութեամբ հետեւեցան այս եզակի հանդիպումին, սակայն չյաջողեցան ըմբոշխնել անոր կարեւորութիւնը: «Թէեւ շնորհակալ ենք սրբազան քահանայապետին այս անդրադարձին համար» ոմանք ըսին Լիբանանի մէջ «սակայն աղօթքը շատ բան չի կրնար փոխեր»: Ինչ որ չէին հասկցած նման արտայայտութեամբ հանդէս եկողները, թէ աղօթքը զօրութիւն ունի պատմութեան ընթացքը փոխելու: Սուրբ կոյսը անընդհատ կը քաջալերէ հաւատացեալները, որպէսզի յարատեւ աղօթեն, նամանաւանդ վարդարանը, որովհետեւ ան կրնայ պատերազմներ կասեցնել: Սուրբ գիրքի թելադրանքն է, որ որեւէ բանի ձեռնարկելէ առաջ, նախ աղօթենք եւ Տիրոջ օրհնութիւնն, ուղղութիւնը եւ զօրութիւնը հայցենք: Կրնամ երկար խօսիլ սուրբերու փորձառութեան մասին աղօթքի կապակցութեամբ, բայց կ'ուզեմ բաւարարուիլ շեշտելով անոր կարեւորութեան ու զօրութեան մասին մեր կեանքերն ներս:

Հարկ է յիշել նաեւ, որ սրբազան քահանայապետին այս անդրադարձը բոլոր միջազգային ուժերու հայեացքը դարձուց դէպի Լիբանան: Այս քայլը եղաւ աղաղակ մը բարձրացած մեծ երկիրներու, որ աւելի ջանք թափեն Լիբանանի տագնապը լուծելու կապակցութեամբ:
Սակայն ինչո՞ւ Ս. Աթոռը այս հետաքրքրութիւնը կը ցուցաբերէ Մայրիներու Երկիր՝ այս փոքր աշխարհարարն տարածքին նկատմամբ:
Ս. Աթոռը միշտ եղած է տառապեալ ազգերու եւ ժողովուրդներու կողքին, ինչ կրօնի որ պատկանին անոնք: Պատշաճ է աւելցնել, թէ ան առաւել եւս նեցուկ պիտի կանգնէր քրիստոնեաներուն: Արդեօ՞ք կրնանք մենք՝ հայերս մոռնալ ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ Ֆրանչեսկոս քահանայապետին կատարած պատարագը Վատիկանի մէջ, եւ թէ ի՞նչ դրական արձագանգներ ունեցաւ հայ ազգին ի շահ: Այսպէս, ան միշտ նեցուկ կանգնած է բոլոր կրօններու եւ ժողովուրդներու կողքին:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, Ֆրանչեսկոս պապը (նման իր նախորդներուն), ուզեց Լիբանանցիներէն, որ անդրադառնան իրենց ունեցած եզակի դերին, Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեաներուն նկատմամբ: Լիբանանի կայունութիւնը զօրաւոր թիկունք է շրջանի բոլոր տառապեալ քրիստոնեաներուն: Այս պատճառով Ս. Յովհաննէս – Պօղոս քահանայապետը զայն՝ Լիբանանը կոչեց առաւել քան հայրենիք մը, ան առաքելութիւն է եւ պատգամ: Այս առաքելութիւնը ներքին է, սէր եւ համերաշխութիւն տարածելով: Եւ արտաքին է, համերաշխ կենակցութեամբ օրինակ ըլլալով այլոց, ինչպէս նաեւ թիկունք կենալով շրջանի քրիստոնեաներուն:
Չմոռնալու համար մեր կոչումը որպէս լիբանանցիներ, պէտք է վերադառնանք այս երկիրը իրենց արիւնով ոռագող սուրբ նահատակներու կտակին, որով կարողացանք գոյատեւել այս արեւելքի մէջ, պատմութեան փոթորիկներու դիմաց:

Ցաւ ի սրտի մեր հայ կաթողիկէ եկեղեցին չկրցաւ մասնակցիլ վերոյիշեալ հանդիպումին, պատրիարքական ընտրութիւններով զբաղ ըլլալուն պատճառաւ: Սակայն սիւնհոդոսի հայրերը իրենց աղօթքներով միացան բոլոր քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք սրբազան քահանայապետին իր ցուցաբերած սիրոյն համար հանդէպ Լիբանանի, եւ կը հաստատենք որ ընդառաջելով իր նախաձեռնութեան, պիտի շարունակենք աղօթել եւ գործել մինչեւ Լիբանանը գտնէ իր խաղաղութիւնն ու հանգիստը:

 

Հայր Գէորգ Եպիս. Ասատուրեան

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2021, 21:03