Յիսուսի սրբանկարը Յիսուսի սրբանկարը 

«Որո՞ւ է Յանցանքը». Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Մենք Աստուծոյ համար ստեղծուած ենք եւ մեր միակ հանգիստը իր մէջ կրնանք գտնել:

Ս. Յովհաննէս իր աւետարանին մէջ կը գրէ , թէ երբ Յիսուս եւ իր աշակերտները Երուսաղէմ կը գտնուէին, հանդիպեցան ի ծնէ կոյրի մը: Ենթադրելով, թէ կոյրին թշուառութիւնը անպայմանօրէն պէտք էր մեղքի արդիւնքը ըլլար, աշակերտները Յիսուսի հարցուցին՝ « Ռաբբի՛, ո՞վ մեղանչեց, ասիկա՞ թէ անոր ծնողները, որ ան կոյր ծնաւ» (Յովհ. 9:2): Յիսուսի պատասխանը ցնցիչ եղաւ անոնց ՝ «Ոչ ասիկա մեղանչած է, եւ ոչ անոր ծնողները, հապա՝ որպէսզի Աստուծոյ գործերը յայտնաբերուին իր վրայ» (Յովհ. 9:3):

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Յիսուսի պատասխան մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ այն իրականութեան վրայ, թէ ինչ որ պատահի մեզի՝ ըլլայ այդ մեր սխալներու արդիւնքով, եւ կամ ուրիշներու մեզի հանդէպ գործած յանցանքներու հետեւանքով, բոլորն ալ կրնան իրենց բարի աւարտը գտնել Աստուծոյ փառքին համար, եթէ զանոնք Տէր Յիսուսի բերենք:

Այս դրուագին մէջ ուշագրաւ է նաեւ, իրադարձութիւններ եւ իրավիճակներ վերլուծելու եւ մեկնաբանելու աշակերտներուն անձեռնհասութիւնը: Ներկայ մարդն ալ միեւնոյն ախտահարումէն կը տառապի:Ան մեծ դժուարութիւն կ'ապրի յարաբերութիւններու գետնին վրայ եւ օր ըստ օրէ նկարագրային քառատրոփ անկում կ'արձանագրէ: Երբ հարց տանք ՝ ինչո՞ւ, պատասխանը կ'ըլլայ '' դժուար ժամանակներ կ'ապրինք եւ բնական է, որ մարդ տնտեսական, ապահովական եւ առողջապահական ճնշումներու տակ, իր հաւասարակշռութիւնը կորսնցնէ'':
Ինկած մարդուն նկարագրային գլխաւոր նշանաբանն (motto) է՝ '' իմ ապրած իրավիճակը, ինձմէ դուրս տուեալի մը արդիւնքն է'': «Ան կինը, որ ինծի հետ ըլլալու տուիր, ան ինծի տուաւ ծառին պտուղէն եւ ես կերայ» (Ծնն. 3:12) եղաւ Ադամի առարկումը Աստուծոյ: Ինք կերաւ արգիլեալ պտուղէն, բայց յանցանքը իրը չէր...
Վերադառնալով մեր ներկային իրադարձութիւններուն եւ անոնց նկատմամբ մարդուն տուած հակազդեցութեան, կ'ուզեմ երկու նշումներ կատարել:

Ա) Ներկայ աշխարհի պէսպէս աղէտները հետեւանքն են մարդուն մեղքին, հանդէպ՝ իր անձին, հանդէպ՝ ուրիշին եւ նոյնիսկ բնութեան: Իւրաքանչիւր ճարտարարուեստի ( Tecnology) յառաջխաղացք, կ'ենթադրէ բնութիւնը վնաս: Մարդ ուրախ է գիտութեան պարգեւած հանգիստով. բայց այդ նոյն գիտութիւնը, մարդուն որոշակի հանգիստ ընծայելուն կողքին, բնութեան կը պատճառէ անդարմանելի աղէտներ : Դարձեալ՝ մարդը նկարագրի նեխածութեամբ իր անձին կը վնասէ եւ շրջանակին մէջ անտանելի կացութիւն կը ստեղծէ եւ ապա՝ '' այս աշխարհը ապրելու տեղ չէ'' ըսելով կը գանգատի:

Բ) Ս. Օգոստինոս իր 'Խոստովանութիւններ' վերնագրուած գրգին մէջ կը գրէ՝ « Տէր, դուն մեզ ստեղծեցիր քեզի համար, եւ մեր սրտերը պիտի մնան խռովեալ մինչեւ իրենց հանգիստը քու մէջդ գտնեն»: Մարդ արարած իր գոյութեան նպատակն ու պատճառը մոռցած է: Նիւթականացած եւ նիւթապաշտ աշխարհի մէջ, միակ տեսլականը մամոնան՝ դրամը եղած է: Անոր համար մարդ արարած բոլոր արժէքներ, սկզբունքներ եւ նոյնիսկ հաւատք կը ոտնակոխէ, եւ ապա իր ստեղծած աշխարհէն կը դժգոհի: Ս. Պօղոս կը գրէ՝ « որովհետեւ բոլոր չարիքներուն արմատը՝ արծաթասիրութիւնն է, որուն բաղձալով՝ ոմանք մոլորեցան հաւատքէն եւ իրենք զիրենք խոցեցին շատ ցաւերով» (Ա. Տիմ. 6:10):
« Ո՞վ Մեղանչեց » ... Մարդ արարածը ինքը մեղանչեց: Առաւել եւս մեղքը սիրեց:

Մենք Աստուծոյ համար ստեղծուած ենք եւ մեր միակ հանգիստը իր մէջ կրնանք գտնել: Ինչ որ ալ ըլլան մեր դժուարութիւնները, եթէ Յիսուսի բերենք զանոնք, ան կարող է ամէն կացութիւն Աստուծոյ փառքին համար գործածել եւ անգամ մը եւս մեզի վերադարձնել մեր բաղձալի եւ կորցուցած խաղաղութիւն ու հանգիստը:

 

Հայր Գէորգ Եպիսկ Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2021, 09:09