Գաղթականներ փոխադրող նաւակ Գաղթականներ փոխադրող նաւակ 

11 յուլիսը աղօթքի օր` Միջերկրական ծովին մէջ զոհուած գաղթականներուն համար։

2021ի առաջին ամիսներու ընթացքի 630է աւելի այրեր, կիներ ու մանուկներ իրենց կեանքը կորսնցուցին միջերկրականին մէջ մինչ կը ջանային աւելի արժանավայել կեանքի մը ձգտիլ եւրոպայի մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասը յառաջիկայ կիրակի 11 յուլիսը յայտարարած է Միջերկրական ծովուն մէջ խեղդամահ եղող գաղթականներուն աղօթքի օր։

Ունկնդրէ լուրը

2021ի առաջին ամիսներու ընթացքի 630է աւելի այրեր, կիներ ու մանուկներ իրենց կեանքը կորսնցուցին միջերկրականին մէջ մինչ կը ջանային աւելի արժանավայել կեանքի մը ձգտիլ եւրոպայի մէջ։

«Այսպիսի ողբերգութիւնները կը ցնցեն խիղճերը ու կը պահանջեն գաղթականութեան հարցը դիտել լուսամտութեամբ» դիտել կու տան Իտալացի եպիսկոպոսները, որոնք ապա հրաւէր կ՛ուղղեն հաւատացեալներուն ու բարի կամք ունեցող մարդոց եւ կիներուն միանալու միջերկրական ծովուն մէջ նաւաբեկութիւններու զոհ գաղթականներուն համար աղօթքին։

Մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ 13 յունիսի Մարեմեան աղօթքի ընթացքին արտասանած խօսքերը Իտալիոյ Եպիսկոպոսները շեշտեցին թէ «Միջերկրական ծովը դարձած է եւրոպայի ամենատարածուն գերեզմանը», անոնք ապա կոչ ուղղեցին բոլոր հաւատացեալներուն որպէսզի իրենց սրտերը բանան գաղթականներուն դիմաց։

Յաջորդ կիրակի օրուայ աղօթքի օրը «իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար պիտի ըլլայ «յիշելու և յորդորուելու ձև` հետևելու համար Եւրոպայի պաշտպան սուրբին` Սուրբ Պենետիկտոսին, ու դառնալու խաղաղութեան սուրհանդակ և քաղաքակրթութեան ուսուցիչ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2021, 15:03