Լուրտի համաշխարհայի ուխտագնացութեան առցանց օր։ Լուրտի համաշխարհայի ուխտագնացութեան առցանց օր։ 

Լուրտի մէջ առցանց համաշխարհային ուխտագնացութիւն

Լուրտի համաշխարհային առցանց օրուան ընթացքին պիտի յիշուի Լուրտի մէջ Տիրամօր 16-րդ երեւումը, որ տեղի ունեցած էր 25 մարտ 1958ին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լուրտի ուխտավայրի կազմակերպութեամբ, 16 յուլիսին տեղի կ՝ունենայ առցանց համաշխարհային ուխտագնացութիւն դէպի Լուրտի սրբավայր։

Ունկնդրէ լուրը

Լուրտի սրբավայրին նախաձեռնութեամբ միջազգային համաշխարհային ուխտագնացութեան օրը նախատեսուած է տարբեր լեզուներով վարդարանի ջերմեռանդական աղօթք, յիշելու համար Լուրտի մէջ Տիրամօր 16-րդ երեւումը, որ տեղի ունեցած էր 25 մարտ 1958ին։

Ուխտագնացութեան օրուան ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ աղօթքի արարողութիւններ, որոնց շարքին Սուրբ Պատարագ, հրեշտակ Տեառն աղօթքը, եւ որոնք ուղիղ եթերով պիտի սփռուին։։

Նշենք որ առցանց համաշխարհային ուխտագնացութեան օրուան համար կարելի է աղօթքի դիտաւորութիւն ուղարկել, Լուրտին քարայրին մէջ խնդրել մոմ վառել, ինչպէս նաեւ նուիրատուութիւնը կատարել։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2021, 12:07