Առաջին հաղորդութիւն Առաջին հաղորդութիւն 

Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան պաշտպան՝ Սուրբ Եղիա մարգարէի տօնը եւ Առաջին Հաղորդութիւն։

Գերապայծառ Տէրը իր պատգամին մէջ ընդգծեց Առաջին Հաղորդութեան պատրաստութեան ընթացքին եւ այս յիշատակելի օրուան մէջ իրականացող այս գեղեցիկ եւ մտերմիկ հանդիպումին մասին Յիսուսի հետ

Կիրակի 18 Յուլիս 2021ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ  մէջ, Արհիապատիւ՝ Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմին, Սուրբ Պատարագի Զոհը մատուցեց ու քարոզեց եկեղեցւոյ՝ պաշտպան Եղիա մարգարէին եւ 2020-2021 տարեշրջանի ժողովրդապետութեանս զաւակներուն Առաջին Հաղորդութեան զոյգ տօներուն առթիւ, առընթերակայութեամբ Հ. Անտոն Վրդ. Նորատունկեանին՝ ժողովրդապետ հօր, Հ. Ղազար Վրդ. Պետրոսեան եւ Հ. Կարապետ Վրդ.  Քըլընճեան փոխ ժողովրդապետներուն, ներկայութեամբ Համայնքի Երեսփոխան Մեծայարգ Պր. Ժան Թալուզեանին, զանազան անձնաւորութիւններու, Ծնողներուն, Եկեղեցւոյս երգչախումբին եւ հոծ բազմութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Տէրը իր պատգամին մէջ ընդգծեց Առաջին Հաղորդութեան պատրաստութեան ընթացքին եւ այս յիշատակելի օրուան մէջ իրականացող այս գեղեցիկ եւ մտերմիկ հանդիպումին մասին Յիսուսի հետ, ուր մեզմէ ամէն մէկուն նոր կեանքի մը դարպասը կը բացուի, Յիսուս մանուկը՝ հաւատարիմ ընկեր ունենալով մեր կոխքին. Ան անդրադարձաւ նաեւ, Ս. Հաղորդութեան կեանքի հացը ըլլալուն մասին, որ այս օրերուն մեր հաւատարիմ բարեկամն է:

Իսկ քարոզի աւարտին յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովրդապետութեանս մէջ ծառայող վարդապետներուն, օրուան հովանաւորին՝ Մեծայարգ Պր. Երեսփոխանին, երկու տիկիններուն որոնք ամբողջ երեք ամսուայ ընթացքին մեծ հոգատարութեամբ պատրաստեցին փոքրիկները Առաջին Հաղորդութեան, նաեւ երգչախումբի ղեկաւարին ու խորանի սպասաւորներուն:

Պատարագի աւարտին Առաջին Հաղորդութիւն առնող պզտիկները իրենց ծնողներուն հետ խմբային նկար մը առին պատարագիչ եպիսկոպոսին, ժողովրդապետութեանս վարդապետներուն եւ Պր. Երեսփոխանին հետ, ապա բոլոր հաւատացեալները եկեղեցւոյս սրահը հաւաքուեցան հատելու համար օրուան տօներուն կարկանդակը ապա շնորհաւորութիւններ ընդունելու:

Հաղորդագրութիւն՝

Հ. Ղազար Վրդ. Պետրոսեան

Փոխ Ժողովրդապետ

Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա

Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2021, 09:39