Հայաստանի պատմական քարտէզ Հայաստանի պատմական քարտէզ  

ՀԱՅՐԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ (5) Հայոց պատմութեան նուիրուած հաղորդաշար:

Պատրաստուած` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեանի կողմէ
Ունկնդրէ լուրը

Հայ ժողովուրդի նախնական աշխարհայեցողութեան արգասիքն են անոր ստեղծած դիցաբանական աստուածներն ու հին հաւատալիքները. որոնց պաշտած է եւ ի պատիւ անոնց տաճարներ, մեհեաներ ու կոթողներ կառուցած:

Հայերու դիցաբանական պատկերացումները հեռու չեն միւս ազգերու, յատկապէս՝ հարեւան իրանական եւ սեմական ժողովուրդներու դիցաբանական ըմբռնումներէն:

Աստուածներու պաշտամունքը, որը կրօնական եւ բարոյական իմաստաւորում ունէր, մարմնաւորուած էր բնութեան տարերքի կամ բարոյական հասկացողութիւններու՝ բարիի եւ չարի, տեղի եւ գեղեցիկի միջոցաւ:

Այն սկզբնաւորած էր զանազան հաւատալիքներով եւ պաշտամունքներով. ոգեպաշտութեամբ, աղօթքներով, կախարդանքով, տոտեմներով (որեւէ առարկայի պաշտամունք), բնապաշտութեամբ եւ այլ միջոցներով:

Խորհրդաւոր պաշտամունքները իրենց սրբութեան ծէսերով, փրկիչ աստուածներով եւ խոստումներով, ջրային, արեգակնային ու բերրիութեան առասպելներով, բաբելոնեան, պարսկական եւ հնդկական ազդեցութիւններով, հիմք հանդիսացան բաւական հարուստ հայկական դիցաբանական կերպարներու երեւան գալուն:

Միեւնոյն ժամանակ, հայկական դիցաբանութիւնը սկսաւ փոխուիլ Մերձաւոր Արեւելքի եւ հին քաղաքակրթութիւններու հետ ունեցած կապերու շնորհիւ: Անհետացան դիցաբանական հարստութեան այդ մնացորդները՝ այսօր կարելի է գտնել հին աշխարհէն մնացած հեթանոս մեհեաններու ու կոթողներու նմոյշներէն՝ ոսկեալ, արծաթեայ իրերու, նկարազարդուած յատակի եւ զէնքերու վրայ:

Յունական դիցաբանութիւնը, շնորհիւ Հոմերոսի եւ Հեսիոդոսի, պահպանուած եւ փրկուած է անհետ կորչելէ, մինչդեռ հայ դիցաբանութենէն միայն առանձին փշրանքներ յիշուած են, որոնք գրի առնուած են հետագայ շրջանի հայ մատենագիրներու կողմէ:

Հայկական դիցարանի հնագոյն ամենամեծ աստուածը Հայկը կը համարուի, որ ճանչցուած է որպէս հայոց նահապետ: Ան եղած է ոյժի ու պաշտպանութեան, ռազմի աստուածը, որու անունով անոր սերունդը իրենք-իրենց կոչած են հայկազունք, իսկ երկիրը՝ «Հայք», «Հայոց աշխարհ», «Հայաստան»:

Հաստաբազուկ նետաձիգ հայկին կը համեմատեն յունական Օրիոնի հետ: Օրիոնը յունական դիցաբանութեան մէջ քաջ աղեղնաձիգ որսորդ է՝ նման Հայկին: Ան կը սիրէր որսորդութեան աստուածուհի Արտեմիսին եւ սիրուած՝ անկէ: Արտեմիսի եղբայրը՝ Ապոլլոնը, փորձելով ընդդիմանալ այս սիրոյն, քրոջ ձեռքով կը սպաննէ Օրիոնին: Արտեմիսը, երբ կ'իմանայ կատարուած դաւը, կ'ողբայ եւ Օրիոնին աստղի կը վերածէ: Հայկն ալ Օրիոնի նմանութեամբ համաստեղութեան կը վերափոխուի եւ կը յիշեցնէ որպէս քաջարի որսորդի կերպարանքով:

Բայց Հայկի կերպարը ամբողջովին ազգային է եւ չ'ունի յունական Օրիոնի դիցաբանական խառնուածքը:

Աստուածաշունչը 5-րդ դարուն յունարենէ թարգմանած ատեն, Օրիոնի համաստեղութիւնը հայ մատենագիրներու կողմէ թարգմանուած է Հայկի անունով: Ժողովրդական աւանդութեանց համաձայն, որոնք մեզ հաղորդած է Անանիա Շիրակացին 7-րդ դարուն եւ վանական վարդապետը 13-րդ դարուն, Հայկը հայոց առաջին տոմարագիրն է, որու ուստրերուն եւ դուստրերուն անուններով կոչուած են հայկական հին տոմարի ամիսները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2021, 07:34