«ԱԲԷՔԼԻ« Երիտասարդաց Հանդիպում Պքըրքէի մէջ

Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Պէյրութի Թեմի, Երիտասարդաց յանձնախումբի հոգեւոր վարիչ՝ Գերապատիւ՝ Հ. Ղազար Վրդ. Պետրոսեանը, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ԱԲԷՔԼԻ մէջ աշխարհական ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Գառին Գոճիքեան Րատիի եւ Հ.Կ.Մ. Զալքայի ատենապետ՝ Պր. Սիմոն Մանուկեանն ու Խորհուրդի անդամ՝ Պր. Ռոպէր Թորանեանը:

Կիրակի 30 Մայիս 2021ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30ին, Մարոնիթ Պատրիարքարանի թատերասրահէն ներս, Պքըրքէի մէջ, կազմակերպութեամբ Լիբանանի Տեղական Երիտասարդաց յանձնախումբին (ԱԲԷՔԼԻ), տեղի ունեցաւ հանդիպում Ծիրանաւոր Պատրիարք Մար Պըշարա Ռայի հետ, Լիբանանի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Հոգեւոր վարիչներու եւ երիտասարդաց յանձնախումբերու պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ:

Սոյն հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Պէյրութի Թեմի, Երիտասարդաց յանձնախումբի հոգեւոր վարիչ՝ Գերապատիւ՝ Հ. Ղազար Վրդ. Պետրոսեանը, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ԱԲԷՔԼԻ մէջ աշխարհական ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Գառին Գոճիքեան Րատիի եւ Հ.Կ.Մ. Զալքայի ատենապետ՝ Պր. Սիմոն Մանուկեանն ու Խորհուրդի անդամ՝ Պր. Ռոպէր Թորանեանը:

Պատրիարք Հայրը իր խօսքին սկիզբը ներկաները հրաւիրեց աղօթելու, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, նորոգ հանգուցեալ, Երջանկայիշատակ Տ.Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս – Պատրիարքին հոգւոյն համար, ապա քաջալերանքի խօսքեր ուղղեց երիտասարդներուն այս հանդիպման նոր թափին համար, զոր կը կեդրոնանար «Christus Vivit – Քրիստոս կ՛ապրի» յետ սիւնհոդոսական առաքելական շրջաբերականին վրայ, որ յատկացուած է երիտասարդներուն ու թէ ինչպէս նոր սերունդները դարձնել երրորդ հազարամեայի եկեղեցւոյ դերակատարները անոնց ներկայացնելով Քրիստոնէական ապրելակերպի նոր բանալիներ:

Ռայի Պատրիարքին բացման խօսքէն ետք խօսք առաւ նաեւ ԱԲԷՔԼԻ Նախագահ, Արհիապատիւ՝ Տ. Ժոզէֆ Եպս. Նաֆֆահ, որ խօսեցաւ շրջաբերականին չորրորդ գլխուն մասին ուր շեշտուած է` երիտասարդներուն մօտ Սիրոյ եւ ծառայութիւնը։

Վերոնշեալ երկու զեկոյցներու աւարտին ներկաները իննը խումբերու բաժնուելով սկսան քննարկել շրջաբերականի մէջ պարունակուած զանազան նիւթեր, որոնց հիման վրայ նոր ուղեցոյց մը պիտի պատրաստուի հայող երիտասարդներու լեզուին ու քրիստոնէական առաքինութիւններով օժտուած կենցաղավարութեան:

Հանդիպումը աւարտեցաւ խմբային նկարով։

 

Պատրաստեց՝

Հայ Կաթողիկէ Պէյրութի Թեմի Երիտասարդաց յանձնախումբի հոգեւոր վարիչ

Գերապատիւ՝ Հ. Ղազար Վրդ. Պետրոսեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2021, 09:00