Լիբանանի Թագուհի Հարիսայի Տիրամայրը Լիբանանի Թագուհի Հարիսայի Տիրամայրը 

Լիբանանին նուիրուած Աղօթքի եւ խորհրդածութեան յատուկ օրը։

Ժողովականները արդեն սկսած են ժամանել Իտալիա եւ հիւրը կը հանդիսանան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, որուն հետ միասին պիտի կիսեն խորհրդածութիւններ ու քննարկեն Մայրիներու երկրի բնակչութեան հայող հարցեր
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լիբանանը երկու տարիներէ ի վեր կ՛ապրի տնտեսական, քաղաքական ու մարդասիրական ծանր տագնապ մը որուն բերումով լիբանանցի ժողովուրդը միշտ աւելիով օրհասական պահեր կ՛ապրի դիմագրաւելով ծանր մարտահրաւէրներ, ըլլայ տնտեսական ըլլայ առողջապահական ըլլայ քաղաքական ու քաղաքացիական գետնի վրայ։

Այս տխուր եւ մտահոգիչ իրականութեան դիմաց է որ Վատիկանի մէջ մէկ յուլիսին կը գումարուի Լիբանանին նուիրուած Աղօթքի եւ խորհրդածութեան յատուկ օրը որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիբանանի Քրիստոնեայ հասարակութիւններուն հովուապետերը որոնց շարքին Մարոնիդ Համայնքի Պատրիարք` Կարդինալ Պշարա Պութորս Ռայի, Ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պատրիարք` Իգնատիոս Եուսէֆ Եունան, Մելքիդ եկեղեցւոյ Պատրիարք` Եուսսէֆ Ապսի, Քաղդէացի Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը գերապայծառ Միշել Քասսարժ, ինչպէս նաեւ Լատիններու Առաքելական Փոխանորդը գերապայծառ Սեզար Եսսայեանը։ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին, տրուած ըլլալով որ կը գտնուի սիւնհոդոսական նիստերու մէջ ընտրելու համար երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս պատրիարքին յաջորդը պիտի չի կարողանայ մասնակցիլ վերոնշեալ հաւաքին։

Իսկ ինչ կը հայի քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, հաւաքին պիտի մասնակցին Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարքը` գերերջանիկ Եուհաննա Ժ Եազիժի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա վեհափառը, Ասորի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք Իգնատիոս Աֆրեմը, Լիբանանի եւ Սուրիոյ Աւետարանական հասարակութեան բարձրագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչը Վերապատուելի Ժոզէֆ Քասսապհասը։

Ժողովականները արդեն սկսած են ժամանել Իտալիա եւ հիւրը կը հանդիսանան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, որուն հետ միասին պիտի կիսեն խորհրդածութիւններ ու քննարկեն Մայրիներու երկրի բնակչութեան հայող հարցեր ու մասնաւորապէս պիտի աղօթեն` որպէսզի «Լիբանանը վերականգնի եւ աշխարհին ցոյց տայ իր խաղաղութեան եւ յոյսի դիմագիծը» ինչպէս յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապը 29 Յունիսին գլխաւորած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին։

Միօրեայ համամիութենական խորհրդակցական հանդիպումը սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան 8.30 անց Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ բարի գալուստի հակիրճ արարողութեամբ, որմէ ետք բոլոր հովուապետերը եւ իրենց ընկերացող պատուիրակութեան անդամները Քահանայապետին հետ մասին կ՜ուղղուին Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայ, ուր նախատեսուած է աղօթքի պահ մը, որուն աւարտին անոնք կ՛ուղղուին առաքելական պալատի Քլեմենթինա դահլիճ ուր տեղի պիտի ունենան խորհրդակցական նիստերը, որոնք բաժնուած են երեք մասերու` երկուքը առաւօտեան իսկ երրորդը կէսօրէն ետք։

Խորհրդածութեան եւ աղօթքի օրը պիտի աւարտի երեկոյեան ժամը 6-ին Սուրբ Պետրոսի մէջ կայացած խաղաղութեան համար համամիութենական աղօթքով, որուն առթիւ Սրբազան Պապը ներկաներուն պիտի ուղղէ իր խօսքը։

Եզրափակիչ աղօթքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հռոմի մէջ ապրող Լիբանանցի կրօնաւորական հաստատութիւններուն անդամներն ու աշխարհական հաւատացեալները մինչ աղօթքի ընթացքին պիտի արտասանուին արաբերէն, ասորերէն, հայերէն եւ քաղդէական լեզուներով աղօթքներ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2021, 10:38