Տիրամօր արձանը Տիրամօր արձանը 

«Ողջոյն Քեզ՝ Լի Շնորհօք». Հայր Գէորգ Եպիս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը։

Մայիսիան ամիսը կը թեւակոխենք եւ եկեղեցին անգամ մը եւս կու գայ յիշեցնելու իր հաւատացեալներուն, թէ մեր կողքին ամենասրբուհի Կոյս Մարիամը ունինք որպէս բարեխօսող, եւ անոր վարդարանը, որպէս զօրաւոր աղօթք, պայգարելու այս աշխարհի չարիքներուն դէմ:

Անգամ մը եւս Մայիս ամիսը դեւակոխեցինք եւ դարձեալ «բերկրեալ» Մարիամի հետ հաւատացեալներու սրտերը ուրախութեամբ լեցուեցաւ:

Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ եկեղեցւոյ հայրերուն համար Քրիստոսի '' Գլուխ Գործոցը '' կոչուած է, այսինքն ամենագեղեցիկ տիպարը փրկուածներու մէջ: Աւետարանը զինք կը հռչակէ, որպէս ''Շնորհքներով Լեցուն'', այսինքն շնորհքներու լիութիւնը՝ կատարելութիւնը ունեցող: Ան, զոր Քրիստոս ընտրեց, որպէսզի  իր մէջ եւ իրմով մարմին առնէ  մարդկութիւնը փրկելու համար: Աստուծոյ անզուգական արարածնէ ան, որ Յիսուսէ ետք միակ անմեղն է:

Ս. Գիրքը կը յիշէ, թէ Գաբրիէլ հրեշտակապետ, իր այլ պաշտօններուն կողքին, եղած է նաեւ աստուածային պատգամը փոխանցողը: Ան՝ Գաբրիէլ, աստուածային ներկայութեան մէջ կեցող  եւ Անոր սրբութեան հետ հաղորդութեան մէջ եղող հրիշտակներէն է: Անոր ներկայութիւնը յատուկ պատկառանք կը ներշնչէ երկնքի եւ երկրի վրայ: Հին կտակարանին մէջ կը կարդանք Դանիէլ մարգարէին մասին, թէ ինչպէս ան աստուածավախ մարդ մէն էր: Օտար երկրի մէջ առանց վախի կը պահէր օրէնքի բոլոր պատուիրանները: Ծոմապահութիւնն ու աղօթքը երբեք զանց չէր ըներ: Սակայն երբ Գաբրիէլ հրեշտակապետը երեւցաւ այս սուրբ մարդուն, ան օրերով հիւանդ եղաւ եւ տկար էր (Դան. 8:27):

Նոյն այս ահարկու հրեշտակը երեւցաւ նաեւ Ս.Կոյսին: Այս անգամ սիրոյ ողջոյնով եւ խոնարհելով: Հրեշտակապետի մօտեցումը եւ ողջոյնի խօսքերը խռովեցուցին Մարիամը՝ «Այս խօսքերուն վրայ Մարիամ խռովեցաւ եւ կը մտածէր թէ ի՞նչ կը նշանակէ այս ողջոյնը» (Ղուկ. 1:29): Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ Իսրայէլի պահապան հրիշտակը նման բառերով եւ խոնարհութեամբ ողջունէր զինք: Այս կը նշանակէր, թէ երկինքի հրեշտակներն նոյնիսկ կը ճանչնային ամենասրբուհի կոյս Մարիամը տեղը:

Մայիսիան ամիսը կը թեւակոխենք եւ եկեղեցին անգամ մը եւս կու գայ յիշեցնելու իր հաւատացեալներուն, թէ մեր կողքին ամենասրբուհի Կոյս Մարիամը ունինք որպէս բարեխօսող, եւ անոր վարդարանը, որպէս զօրաւոր աղօթք, պայգարելու այս աշխարհի չարիքներուն դէմ: Առ այս հաւատքով դիմենք  Մարիամի, որովհետեւ ան մեր կողքին պիտի կենայ եւ պատերազմի մեզի համար:

Հայր Գէորգ եպիսկ Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/05/2021, 18:31