Հոգեգալուստ Հոգեգալուստ 

«Սուրբ Հոգի՛ն՝ ճշմարտութիւնը, կայտառութիւնն ու լոյսը կեանքին» Հայր Գէորգ Եպիս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը։

Հոգեգալուստին հրաշքը Պենտեկոստէի օրէն սկսեալ կը շարունակուի ցայսօր ու պիտի շարունակուի մինչեւ աշխարհի կատարածը, քանի մեր Փրկչէն խոստացուած Սուրբ Հոգին կ’ապրի եւ կը գործէ քրիստոսահիմն Ս. Եկեղեցիին մէջ

Սիրելի հաւատացեալներ, Սուրբ Հոգին՝ Հոգի՛ն ճշմարտութեան, Հոգի՛ն կայտառութեան, Հոգի՛ն լուսապայծառ կեանքին:
Հոգեգալուստ: Պենտեկոստէ: Այսօր տօնն է ուրախութեան, ցնծութեան ու սքանչելիութեան Սուրբ Հոգիին մէջ:
Սուրբ Հոգիին, զոր Յիսուս Քրիստոս խոստացաւ իր առաքեալներուն՝ իբր պահապան անոնց տուած իր վարդապետութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Հոգիին, որ Լուսաւորիչն է առաքեալներուն մտքին, ըմբռնումին ու հասկացողութեան, ինչպէս նաեւ Զօրացնողն է անոնց կամքին, սրտին եւ գործին:
Յիսուս ուրախ էր, որ պիտի երթար իր բնակավայրը, «որովհետեւ եթէ Ես չերթամ, Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի, իսկ եթէ երթամ, Զինքը պիտի ղրկեմ ձեզի» (Յվհ. 16,7):
Քրիստոս ուրախ էր, որ պիտի դառնար երկինք, որովհետեւ «Ես պիտի աղաչեմ Հօրս, որ ուրիշ Մխիթարիչ մը տայ ձեզի, որպէս զի ձեզի հետ բնակի յաւիտեան» (Յվհ. 14,16):

Սուրբ Հոգին՝ «ճշմարտութեան Հոգին», որ Ս. Եկեղեցիին հետ կը բնակի՝ Ս. Եկեղեցիին մէջն է միշտ (Յվհ. 14,17):
Սուրբ Հոգին՝ «ճշմարտութեան Հոգին» է, «Զոր աշխարհ չի կրնար ընդունիլ» (Յվհ. 14,17): Առաւել, «երբ Մխիթարիչը գայ, պիտի յանդիմանէ աշխարհը մեղքի համար, արդարութեան ու դատաստանի համար» (Յվհ. 16,8):
Սիրելի հաւատացեալներ, Սուրբ Հոգին՝ «ճշմարտութեան Հոգին» եկաւ Պենտեկոստէի օրը: Առաքեալները, աշակերտները, քրիստոսական խմբակը՝ «ասոնք բոլորը միասիրտ կը յարատեւէին աղօթքի մէջ քանի մը կիներով հանդերձ եւ Յիսուսի Մօր՝ Մարիամի եւ անոր եղբայրներուն հետ» (Գ.Ա. 1,14):
«Յիսուսի Մօր՝ Մարիամի» աղօթող ու համախմբող ներկայութեան շեշտաւո¬րումը ունի իր խոր նշանակութիւնը թէ՛ նորակազմ Ս. Եկեղեցիին եւ թէ՛ դարերու հոլովոյթով յառաջացած Ս. Եկեղեցիին՝ Քրիստոսի Խորհրդական Մարմինին համար, որուն անդամ-անդամուհիներուն Մայրն է Մարիամ՝ կարգուած խաչեալ Որդիէն:
Սուրբ Հոգիին էջքը, գալուստն որքան աստուածային ու հրաշազան էր, նոյնքան պատմական եւ իրողական էր: Նկարագրութիւնն ալ բոլորովին առարկայական է՝ ներնչեալ Ս. Ղուկաս աւետարանիչին դաստակէն:
Երբ «բոլորը հաւաքուած էին միատեղ, յանկարծ երկնքէն հնչիւն մը լսուե¬ցաւ սաստիկ հովի նման եւ լեցուց տունը, ուր նստած էին: Կրակի նման լեզուներ տեսնուեցան, որոնք կը բաժնուէին ու կը հանգչէին անոնց իւրաքանչիւրին վրայ» (Գ.Ա. 2,1-3):

Իրատես նկարագրութիւնը հետաքրքրական, հոգեշահ եւ ոգեպնդող է ոչ միայն հիներուն, այլ նաեւ նորերուս համար.«Բոլորը լեցուեցան Սուրբ Հոգիով եւ սկսան խօսիլ զանազան լեզուներով՝ ա՛յնպէս, ի՛նչպէս Հոգին կու տար անոնց, որ խօսէին» (Գ.Ա. 2,4):
Հոգեգալուստին հրաշքը միայն էջքը չէր, միայն հրեղէն լեզուն չէր, միայն տարբեր լեզուներու բարբառը չէր: Այլ նաեւ Սուրբ Հոգիին թէ՛ առինքնողութիւնը բազմութիւններուն եւ թէ՛ առաքեալներուն խօսած մայրենիին՝ հոն հաւաքուած ժողովուրդներու հասկացողութիւնն իրե՛նց մայր լեզուներով...:
«Երկնքին տակ եղող բոլոր ազգերէն» Ս. Քաղաքին մէջ բնակող երկիւղածներէն «երբ ձայնը լսուեցաւ, բազմութիւնն եկաւ ու խմբուեցաւ. անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը լսէր առաքեալները, որ կը խօսէին իրե՛նց լեզուով...» թէպէտ, բայց եւ այնպէս անոնք՝ բազ-մազ¬գի հաւաքուողները կը լսէին ու կը հասկնային իրե՛նց «մայրենի բարբառով» (Գ.Ա. 2,5-10):
Հրաշավայրին մէջ համախմբուողները՝ «բոլորը զարմացած կը սքանչանային» եւ բար¬ձրա¬ձայն կը դաւանէին՝ իրարու ըսելով.«Կը լսենք զանոնք, որ մե՛ր լեզուներով կը հռչակեն Աստուծոյ սքանչելիքները» (Գ.Ա. 2,11):
Հոգեգալուստին հրաշքը իր օրուան լրումին հասաւ, երբ համախմբուողներէն «ոմանք յօժարութեամբ ընդունեցան Պետրոսի խօսքը եւ մկրտուեցան: Եւ այն օրը, անոնք մօտաւորապէս երեք հազար հոգիով աւելցան» (Գ.Ա. 2,41):
Հոգեգալուստին հրաշքը Պենտեկոստէի օրէն շարունակուեցաւ, ինչպէս ներչնչեալ հեղինակը կը տեղեկացնէ.«Անոնք կը յարատեւէին առաքեալներուն ուսուցումին մէջ, հաւատարիմ էին Հաղորդութեան, Հացին բեկանումին եւ աղօթքներուն: ... Կ’օրհնէին Աստուած եւ կը վայելէին համակրանքը ժողովուրդին: Եւ օրէ օր, Տէրը նոր փրկեալներ կ’աւելցնէր իր հասարակութեան մէջ» (Գ.Ա. 2,41 եւ 2,47):

Սիրելի հաւատացեալներ, Հոգեգալուստին հրաշքը Պենտեկոստէի օրէն սկսեալ կը շարունակուի ցայսօր ու պիտի շարունակուի մինչեւ աշխարհի կատարածը, քանի մեր Փրկչէն խոստացուած Սուրբ Հոգին կ’ապրի եւ կը գործէ քրիստոսահիմն Ս. Եկեղեցիին մէջ.«Իսկ Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, Զոր Հայրը պիտի ղրկէ իմ անունովս, պիտի սորվեցնէ ձեզի ամէն բան եւ պիտի յիշեցնէ ձեզի այն ամէն ինչ, զոր ըսած էի ձեզի» (Յվհ. 14,26):
Օրինակի համար: Սուրբ Հոգիին այս ուսուցումէն եւ յիշեցումէն առնելու ենք հոգեւրա¬կաններս մեր իմաս¬տասիրական-աստուածաբանական ուսումն ու մասնագիտացումը՝ առաջնորդուելով Հանճարի ու Գիտութեան Հոգիէն, որ ճշմարտութիւնը, կայտառու¬թիւնը եւ լոյսն է մեր կեանքին, խօսքին ու առաքելութեան: Եւ որքան առնենք, այնքան կը պտղաբերենք մեր քահանայագործութեան մէջ:

Ֆրանսացի Ս. Jean-Baptiste-Marie Vianney (1786-1859), որ Ars շատ աննշան գիւղին ժողովրդապետն էր, իմաս¬տասիրական-աստուածաբանական ուսումին մէջ ոչնչութիւն էր թէպէտ, բայց եւ այնպէս հանդիսացաւ բացարձակ ապացոյցը Սուրբ Հոգիին հրաշարար օգնութեան ու աջակցութեան: Ֆրանսայի բոլոր կողմերէն հոգելից վարդապետին կը դի¬մէին բարձրաստիճան եկեղեցական ու աշխարհական հանրածանօթ անձնաւորութիւն¬ներ՝ խոստովանելու, խորհուրդ հարցնելու եւ քարոզները լսելու համար:
Դիմողներէն մին էր Հ. Jean-Baptiste Henri-Dominique Lacordaire (1802–1861) Դոմինի¬կեան վարդապետը, որ հռչակուած էր իբր քարոզիչ, լրագրող, աստուածաբան եւ հասարակական գործիչ: Անկասկած, իր դարուն մեծագոյն բեմասաց ճարտասանն էր:

Պենտեկոստէի օրն էր: Գիւղին եկեղեցին լեցուցած բազմութեան մէջ էր Հ. Lacordaire, որ եկած էր լսելու սրբակեաց քահանային քարոզը Սուրբ Հոգիին մասին:
«Սուրբ Հոգին Հոգին է ճշմարտութեան: Մխիթարիչն է աշխարհին: Բարձրախօսն է արդարութեան եւ խաղաղութեան»...: Հազիւ այս խօսքերն ըսած էր Տ. Vianney, երբ Հ. Lacordaire ծափահարեց եկեղեցիին մէջ՝ բոլորին յայտարարելով.«Արսի ժողովրդապետը մեծ աստուածաբան է, այո՛, մեծ աստուածաբանը»:

Այո՛, Սիրելի հաւատացեալներ, Յիսուս Քրիստոս կը խոստանայ, ու Սուրբ Հոգին կը գործադրէ անոր անսխալական խոստումը, իսկ Երկուքին հաւատացողներս կ’ապրինք ճշմարտութեան, կայտառութեան եւ լոյսի կեանքը՝ երթալով մեր երկնաւոր Հօր, որ է «Աստուած ողորմութեան, գթութեան ու մարդասիրութեան եւ Պարգեւիչ բոլոր բարիքներուն»։ 

Հայր Գէորգ Եպիս. Ասատուրեան


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2021, 07:17