Փոմփէի Աստուածամայրը Փոմփէի Աստուածամայրը 

Մարեմեան խոկումներ. Փոմփէի Աստուածամայրը

Մայիս ամիսը Աստուածամօր նուիրուած ամիս Է

Ասկէ մի քանի տասնեակ տարիներ առաջ, երբ մէկը Փոմփէյ քաղաքն այցելէր, ուրիշ բան չէր գտներ եթէ ոչ աւերակոյտ մը, մէկ մասով ծածկուած հողով, իսկ մեծ մասը քարերու կոյտեր:

Քիչ մը հեռուն չորս հինգ տուներ կը կազմէին Փոմփէյի հիվիտին գիւղը, ուր կը թագաւորին խեղճութիւնն ու տգիտութիւնը:

Հոս Տոմինիկեան վարդապետ մը, նպատակ ունենալով քաջալերանք ներշնչել պարզ ու աշխատութենէ տառապող հոգիներուն, հնավաճառէ մը գնեց Տիրամօր նկար մը, որ կ’արժէր միայն չորս լիր: Զայն կախեց գիւղին կիսակործան մատուռին մէջ, որպէսզի արծարծէ Վարդարանի Ս. Կոյսին ջերմեռանդութիւն:

Անոր եռանդուն եւ հոգելից խօսքերը պտղաբերեցին բեղուն սերմերու պէս եւ այնքան բարեպաշտութիւն արթնցուցին, որ քիչ ժամանակի մէջ այդ աղքատիկ մատուռին տեղ կարելի եղաւ կանգնել սքանչելի Սրբատեղի մը:

Հազարաւոր ուխտաւորներ Փոմփէյ վազեցին, ոչ այլեւս միայն անոր պատմական աւերակները տեսնելու, այլեւ Վարդարանի Աստուածամօրմէ շնորհքներ խնդրելու համար:

Եւ Փոմփէյի Տիրամօր ջերմեռանդութիւնը տարածուեցաւ ոչ միայն Իտալիոյ, այլ բոլոր աշխարհի վրայ:

Անոր հրաշքները անթիւ են: Փոմփէյի Տիրամօր պատկերները ամենուրէք շնորհքներ կը տեղացնեն եւ ամէն իննօրեայ իր հրաշալի պտուղը կը բերէ:

Այսպէս Պիզայի մէջ հետեւեալ հրաշքը տեսնուեցաւ:

Երկու գիւղացիներ բժշկական քննութեան համար հիւանդանոց տարած էին իրենց մանչուկը, որու սրունքը երեք տեղէ կոտրած էր: Բժիշկը վճռաբար յայտարարած էր.

-Պէքտ է համոզուիք, որ ձեր զաւակը այլեւս պիտի չկարենայ քալել երբեք:

Սրտներնին կոտրած, մտան Փոմփէյի Աստուածամօր նուիրուած մատրան մը մէջ եւ հետերնին տարած էին իրենց մանչուկը, յատուկ կառքով մը: Եռանդուն եւ հաւատքով աղօթեցին…

Յանկարծ փոքրիկը ոտքի ցատկեց եւ առանց կաղալու քալեց, վազեց իր ծնողներուն գիրկը:

Ասոնք սարսափած, սկսան լալ ուրախութենէն ու գոչեցին.

-Շնորհակալ ենք Տիրամայր, շնորհակալ ենք:

Հիւանդանոցի աւագ բժշկապետը հրաշք յայտարարեց այս անակնկալ բուժումը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2021, 08:41