Բարթողիմէոս Ա. տիեզերական Պատրիարք Բարթողիմէոս Ա. տիեզերական Պատրիարք 

Համամիութեանական աղօթք Բարթողիմէոս Ա. տիեզերական Պատրիարքին մասնակցութեամբ։

«Մնացէք իմ մէջս եւ շատ պտուղ պիտի տաք» խորագիրով ձեռնարկին, պատկերասփռուած պատգամով ելոյթ ունեցաւ Նաեւ Բարթողոմէոս Ա տիեզերական պատրիարքը,

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 21 մայիսին, նախաձեռնութեամբ Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերուն խորհուրդի եւ Եւրոպական եկեղեցիներուն համահաւաք դասերուն, տեղի ունեցաւ առցանց համամիութենական աղօթք- «քրիստոնեաներուն միութիւնը եւ Եւրոպային ապագան»դիտաւորութիւններով։

Ունկնդրէ լուրը

«Մնացէք իմ մէջս եւ շատ պտուղ պիտի տաք» խորագիրով ձեռնարկին, պատկերասփռուած պատգամով ելոյթ ունեցաւ Նաեւ Բարթողոմէոս Ա տիեզերական պատրիարքը, որուն մէջ նկատել տուաւ որ առցանց աղօթքի ձեռնարկն ու հանդիպումը առիթ եղաւ աղօթելու եւ մտածելու եւրոպայի խաղաղութեան եւ արդարութեան արժէքներու մասին ինչպէս նաեւ եւրոպայի եկեղեցիներու մասին, յատուկէն համաճարակի ճգնաժամի օրերուն։

Յայտնենք թէ աղօթք ձեռնարկին նախագահեց կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլերիքն ու Վերապատուելի Քրիսթեան Քրէկէրը։ Երկու կղերականները իրենց արտասանած խօսքին մէջ մաղթեցին որ բաժանումները վերացուին ու եւրոպայի մէջ համերաշխութիւնը նպաստուի։

Եւրոխորհուրդէն խօսք առաւ Եւրոպայի խորհրդարանին առաջին փոխ նախագահը Ռոպերթա Մեթսոլա որուն մէջ բարձր գնահատեց Եկեղեցիներու դերակատարութիւնը, համաճարակէն տուժուած հասարակութիւններուն զօրակցութեան ի նպաստ, ապա արժեւորեց Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը, եւրոպային ապագայի մասին նիւթով դասախօսութեան, որ կազմակերպուած է անցեալ 9 մայիսին, եւրոպական խորհրդարանի կողմէ ունկնդրելու համար եւրոպացիներու ձայնը ու անոնց թոյլ տալ արտայայտուիլ իրենց ցամաքամասի ապագային մասին։ Դասախօսութիւններու շարքի վերջ պիտի գնտէ 2022ին գարնան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2021, 09:01