Ուքրանիա - Ռուսիա սահման Ուքրանիա - Ռուսիա սահման 

Քիեվի Աւագ Արքեպիսկոպոսը. «Երկխօսութիւնը թող գերակշռէ զէնքերուն վրայ»։

Գերերջանիկ Զվիաթոզլաւ Շեվչուքի շնորհակալութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատումին ի սպաս ուղղած կոչին համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մենք կ՛ապրինք մեծ վախի պահեր, ռազմական առճակատում մը մեծ ողբերգութիւն մը պիտի ըլլայ մարդասիրական գետնի վրայ»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Քիեվի Աւագ Արքեպիսկոպոս` Գերերջանիկ Զվիաթոզլաւ Շեվչուք Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին մեկնաբանելով Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ կիրակի, Մարեմեան Աղօթքի աւարտին ուղղած կոչը ի նպաստ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատումին։

Եւրոպական Միութեան մտահոգութիւնը

Ան ապա երախտագիտական խօսքեր ուղղեց Նորին Սրբութեան արտայայտած մտահոգութեան համար որ է նաեւ Եւրոպական Միութեան կողմէ բաժնեկցուած մտահոգութիւն, ինչպէս յայտնած է Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել, իրավիճակը նկատելով «մտահոգիչ» եւ «տագնապալի»։

Քահանայապետին կոչը

Անցեալ Կիրակի Սրբազան Պապը կոչին մէջ մաղթանք յայտնած էր, որ կողմերը խուսափին լարուածութեան սրացումէն ու դիմեն արարքներու ` որոնք կարող ըլլան խթանել փոխադարձ վստահութիւն ու յառաջացնեն հաշտութիւն ու խաղաղութիւն» ի տես մէկ տարի հրադադարէ ետք, զինադադարի դէմ արձանագրուած յաճախակի խախտումներուն ու ռազմական բախումներուն։

Քաղաքական ու դիւանագիտական լուծումներ

Մենք, ըսաւ Աւագ Արքեպիսկոպոս Շեվչուք, յոյս ունինք որ պատերազմը դադրի ու գտնուին ոչ թէ ռազմական այլ քաղաքական ու դիւանագիտական լուծումներ։ Ան ներկայացուց նաեւ Քովիտ19 համաճարակի բերումով երկրին ապրած առողջապահական ծանր իրավիճակը, դիտել տալով որ ուքրանացիները խիստ կարիքը ունին մարդասիրական օգնութիւններու ու յատկապէս բժշկական մարզէն ներս օգնութիւններու։

Ոչ պատերազմին

Քիեվի Արքեպիսկոպոսը կրկնելով ապա Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը. «Ոչ պատերազմին։ Պատերազմով ամէն բան կը կորսուի», իր կարգին ընդգծեց երկխօսութեան ու դիւանագիտական բանակցութիւններուն կարեւորութիւնը ակնարկելով նաեւ Ուքրանիոյ կրօնական ու եկեղեցական կազմակերպութիւններուն ուղղած կոչին, որուն մէջ անոնք յայտնած են թէ իրենց իղձն է, որ գերակշռէ խաղաղութիւնը ու թէ Օրթոտոքս եկեղեցիներու զատկուան տօներուն առթիւ, որոնք պիտի նշուին երկու շաբաթէն, այդ զատկական երգերը, զանգերու ղօղանջը, գերակշռեն կրակոցներու ու զէնքի օգտագործման վրայ:

Թող գերակշռէ խաղաղութիւնը

«Այս է մեր կոչը, այս է մեր աղօթքը. Այս է մեր կամքը ու մեր ամենախոր իղձը» ըսաւ Գերապայծառ Շեվչուք, «թող գերակշռէ խաղաղութիւնը, ոչ պատերազմին, թող որ զօրքերը ետ քաշուին ու մարդիկը կարողանան ապրիլ արժանապատւութեամբ ու ստանան նաեւ օգնութիւնները որոնց կարիքը ունին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2021, 13:01