Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Երուսաղեմի Յիսուսի սուրբ գերեզմանէն ներս Սուրբ Պատարագ Սուրբ երկրի վայրերու բարերարներու դիտաւորութեան։

Երուսաղեմի Յիսուսի Սուրբ գերեզմանին մէջ սուրբ պատարագ մատուցեց սուրբ երկրի պահակ, հայր ֆրանչեսքօ Փաթոն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 20 ապրիլին, Սուրբ Երկրի վայրերու բարերարներուն դիտաւորութեամբ, Յիսուսի Սուրբ Գերեզմանին մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցեց Սուրբ երկրի պահակ Հայր ֆրանչեսքօ Փաթոն։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ յղած քարոզին մէջ հայր Փաթոն հրաւիրեց աղօթել Սուրբ Երկրի վայրերու բարերարներու համար նկատել տալով, որ առանց բարերարներուն աջակցութեան անկարելի պիտի ըլլար յառաջ տանիլ սուրբ երկրի առաքելութիւնը՝ տեղւոյն հասարակութեան ու ուխտաւորներուն։

Հայր Փաթոն ընդգծեց, թէ Քրիստոնէութեան ամենէն սուրբ վայրին մէջ Սուրբ Երկրի բարերարներու դիտաւորութեան Սուրբ Պատարագ մատուցանելը երախտագիտութեան պարտականութիւն է  բոլոր անոնց որոնք տնտեսապէս կը զօրակցին՝ առաքելութեան շարունակութեան համար։

Սուրբ Պատարագին ընթացքին Սուրբ երկրի պահակը աղօթեց նաեւ բոլոր այն երկիրներու համար, որոնք կը տառապին համաճարակի պատճառաւ։ Ան յատուկէն աղօթեց Պրազիլի, հնդկաստանի համար, որոնք համաճարակի պատճառաւ ամենէն շատ տառապող երկիրներն են։

Քարոզին մէջ Սուրբ Երկրի պահակը նշեց, որ Յիսուսի Յարութեան վայրի մէջ աղօթք կատարելը ունի յատուկ արժէք մը, որովհետեւ սոյն աղօթքը կը լուսաւորէ նաեւ հաւատքի ուժով եւ յոյսի առաքինութեամբ համաճարակէն դուրս եկող երկիրներուն ուղեւորութիւնը։ ըսաւ հայր Փաթոն աւելցնելով, որ կ՝աղօթքէ ուխտաւորներուն ու համայն աշխարհի քրիստոնեաներուն վերադարձին համար, դիտել տալով, որ Յիսուսի գերեզմանէն ներս սուրբ պատարագ մատուցանելը կ՝օգնէ նաեւ հասկնալու արժէքը ոչ միայն սուրբ Զատկուան, այլ սուրբ Պատարագին, որ է միշտ Յարութեան յիշատակը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2021, 10:39