Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԽԶ)։

Այսօր՝ մեր հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Պատարագի և աղօթքի պատշաճ կերպով կատարման:

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ մեր հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Պատարագի և աղօթքի պատշաճ կերպով կատարման:

Առաքելական կանոններու և սահմանադրութեանց մէջ Եկեղեցին  համարուած է աղօթատեղի: Այսպէս, առաջին դարերէն՝ օրէնք էր դէպի արեւելք դարձած աղօթել, այդ պատճառով հարկաւոր էր որ աղօթատեղին ալ նոյն կողմ ուղղուած ըլլար, ինչպէս կ'ըսէ նաեւ Ս. Գրիգոր Նարեկացին:

Հայ եկեղեցիներու խորանները առանց բացառութեան դէպի արեւելք կը նային, մուտքը ունենալով արեւմտեան կողմը, թէեւ կը հանդիպինք նաեւ եկեղեցիներու, որոնք մէկէ աւելի մուտք ունին, անշուշտ գլխաւոր մուտք ունենալով արեւմտեան դուռը: Նոյնիսկ միջնադարեան աղօթատուներու ներքին մատուռները, որ կը գտնուէին տաճարի անկիւնը, թէեւ իրենց մուտքը հիւսիսէն և հարաւէն էր, սակայն խորանի սեղանները արեւելեան կողմն էին: Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եղած են այնպիսի ժամանակներ՝ երբ բարեպաշտ արքաներ, իշխաններ և ազնուականներ, իրենց բերդերուն, ամրոցներուն և պալատներուն մէջ մատուռներ և աղօթատեղիներ ունէին, ուր առանձնակի աղօթքներ կը կատարէին և ստէպ եկեղեցականներ պատարագ կը մատուցանէին: Պարագան նոյնն էր արեւմտեան թագաւորութիւններու մօտ, որոնց արքաներն ու ազնուականները դղեակներուն և պալատներուն մէջ աղօթատեղիներ ունէին: 676 թուին գումարուած, Ասորական Եկեղեցւոյ ժողովի մը յիշատակութեան համաձայն՝ նոյնիսկ հաւատացեալները իրենց տան մէջ ունէին «առանձնական աղօթարաններ», ուր կ'աղօթէին:

Եկեղեցւոյ կանոնագրութեան համաձայն՝ Սուրբ և Անմահ Պատարագի կատարման սրբազան վայրը եկեղեցին է, կամ մատուռը և վկայարանը, որ մարտիրոսի կամ խոստովանող սուրբի մը անունին նուիրուած կ'ըլլայ: Կորիւն «Վարք Մաշտոցի»ի գիրքին մէջ կը յիշէ թէ՝ Հայաստանի մէջ հին ժամանակ ընդհանրացած սովորութիւն էր, սրբոց և նահատակ մարտիրոսներու մարմինը խորանին ներքեւ զետեղել: Անցեալին, մատուռը փոքր տաճար չէր, այլ՝ մարտիրոսի մը անուան նուիրուած շինութիւն մը:

Մեր նախահայրերը Աստուծոյ աղօթավայրը՝ տաճարը և եկեղեցին «Տուն Աստուծոյ» ալ կը կոչէին (Ղազար Փարպեցի): Այսպէս, Մարգարէի մը նուիրուած մատուռը՝ կը կոչուէր մարգարէարան. Առաքեալի մը նուիրուածը՝ Առաքելարան. վկայի մը նուիրուածը՝ վկայարան կամ վկայանոց: Մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ, վերոյիշեալ աղօթատեղիներէն շատերը ուխտավայրեր եղած են, որոնք իրենց յատուկ տօները և տօնախմբութիւնները ունէին, որոնք մեծ հանդիսութեամբ կը կատարուէին: Ագաթանգեղոս Աղօթարանի կողքին Պաշտօնարան բառը գործածած է: Հինէն ի վեր, բացօթեայ վայրերու մէջ՝ յաճախ աստուածային պաշտօնը կը կատարուէր մեծ վրաններու ներքեւ, որոնք «վրան ժամու» կը կոչուէին: Եղիշէ պատմիչին վկայութեան համաձայն՝ Պարսից բանակին մէջ, հայ իշխաններն ու քահանաները այդպիսի վրաններու մէջ կը ժամերգէին ու կը պատարագէին: Խոսրով Անձեւացին (Ժ. դարուն), իր ժամակարգաց մեկնութեան մէջ կը բողոքէ եկեղեցիէն դուրս սաղմոսերգելու չափազանց թոյլտուութեան: Լամբրոնացին իր կարգին՝ 1177-ին, դիտել կու տայ թէ. «աղօթքները անխտիր ամէն տեղ կը կատարուին, որ բարեվայելուչ չէ սուրբերուն»: Եսայի Նչեցի իր կարգին կ'ըսէ թէ «Իշխանութեան և խաղաղութեան ժամանակ եօթ ժամերը եկեղեցւոյ մէջ կը կատարէին»:

Միջին դարուն, ժամատունը եւս աղօթատեղի դարձած էր, որ ընդարձակ սրահ մըն էր ընդհանրապէս եկեղեցիին արեւմտեան մուտքին: Եկեղեցւոյ և ժամատան իրարմէ տարբերութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ ժամատունը զուրկ էր բեմէն և պատարագի սեղանէն, յատկացուած ըլլալով սոսկ աղօթքի: Ըստ Թ. Թորամանեանի տեսութեան՝ Ժ. - ԺԱ. դարերէն առաջ ժամատուներ գոյութիւն չունէին եկեղեցիներու կողքին: Թորամանեան ամենահին ժամատունը Հոռոմոսի ուխտինը կը համարէ, որ կառուցուած է 1038-ին, Յովհաննէս Սմբատ Բագրատունիի կողմէ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2021, 07:21