Ֆրանչիսկոս Պապը Իրաքի մէջ միջ կրօնական հանդիպումի ընթացքին։ Ֆրանչիսկոս Պապը Իրաքի մէջ միջ կրօնական հանդիպումի ընթացքին։ 

Հայր Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը «Ֆրանչիսկոս Պապին եղբայրակցութիւնը եւ աշխարհին մարտահրաւէրները»։

Քահանայապետը իր քահանայապետութեան 7 տարիներուն ընթացքին շեշտը դրաւ համաշխարհային բարեկամութեան եւ մարդկայնութեան վրայ մեծ կարեւորութիւն տալով համամարդկային արժէքներուն։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

5-8 Մարտին, Իրաքը ապրեցաւ իր ամենագեղեցիկ եւ պատմական լաւագոյն օրերը։ 

Սրբազան Քահանայապետը կրցաւ յեղաշրջել իրաքցի ժողովուրդի մտածելակերպը, որ կարծես թէ նոր մեսիային կը սպասէր։ 

Սոյն այցելութիւնը երբեք չէր նմաներ նախագահներու կամ օտար երկիրներու պատասխանատուներու այցելութիւններուն, որովհետեւ Պապին այցելութիւնը քաղաքական բնոյթ չունէր։ 

Ֆրանչիսկոս Պապը կրցաւ իր քահանայապետութեան 8 տարիներուն ընթացքին շեշտել համաշխարհային բարեկամութեան եւ մարդկայնութեան վրայ եւ իր խօսքերը ուղղելով միւս համայնքներուն եւ կրօններուն, կարեւորութիւն տուաւ մարդկային արժէքներուն։ 

Շատեր խօսեցան իր խիզախութեան եւ անկեղծութեան վրայ, մանաւանդ որ աշխարհս կը տառապի Քորոնա ժահրի հետեւեանքներէն։ Քահանայապետը շարժեցաւ Ապու Տապիի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթին հիմամբ, ուր կ’ըսուէր. «Հաւատքի ուժով հաւատացեալը ուրիշի դէմքին վրայ կը տեսնէ եղբայրակցութիւնը, որ զինք կը մղէ օգնելու եւ սիրելու զիրար»։ 

Քահանայապետը, ի մտի ունենալով Միջին Արեւելքի մէջ պատահած արիւնահեղութիւնները,  եկած էր ըսելու. «Դուք բոլորդ եղբայր էք… պատերազմը միշտ այն հրէշն է, որ դարերու յեղաշրջումով, ինք եւս կը փոխակերպուի եւ կը շարունակէ յօշոտել մարդկութիւնը»։ Սրբազան Քահանայապետը շարունակեց իր խօսքը ըսելով. «Պատերազմի պատասխանը պատերազմը չէ,  զէնքի դէմ պատասխանը այլ զէնք մը չէ… այլ կարեւոր պատասխանը պիտի ըլլայ եղբայրակցութիւնը…»։ 

Իմարաթցի լրագրող մը՝ Պատրխան, կը գրէր. «Ֆրանչիսկոս Պապը իր բոլոր քարոզներուն մէջ շեշտեց եղբայրակցութեան եւ միութեան ոգիին վրայ, որովհետեւ ա՛յս է լուծումը անօրէնութիւններու եւ մանաւանդ ահաբեկչական գործողութիւններուն, բռնութիւններուն,  մոլեռանդութեան…»։ Ան կը մէջբերէ Պապին խօսքերը, երբ կ’ըսէ. «Թող զէնքերը լռեն, պէտք է դադրեցնել զէնքի բաշխումը, խաղաղութեան ձայները լսենք»։ Ապա իր խօսքը աւարտելով՝ Պապը ըսաւ, թէ «ահաբեկիչները իրենց ոճիրներով կրցան ամէն ինչ քանդել, ինչ որ երկխօսութեան եւ եղբայրութեան պակաս է»։ 

Եգիպտացի Էմիլ Էմին նշանաւոր գրողը իր թերթին մէջ կը գրէր, թէ Ֆրանչիսկոս Պապը եկաւ նոր օրէնսդրութիւն հաստատելու այս տառապահար երկրին մէջ, եկաւ իբրեւ եղբայր՝ իսլամներուն եւ հրեաներուն։ Այս սրբազան քահանայապետը եկաւ մի քանի օր անցընելու այդ հեգ ժողովուրդին հետ, անոնց տալու ողորմութեան, սիրոյ եւ եղբայրութեան ոգին։

Սէր մը տուաւ, որ իր սրտէն կը բխէր… Ինք լաւ հասկցած էր անոնց ցաւը, որոնք անհուն կարիքը ունէին սիրոյ, հասկացողութեան, որ անկեղծ է եւ բարի։ 

Սրբազան Քահանայապետին զօրաւոր խօսքերը հնչեցին Մուսուլի մէջ, եղբայրութեան աղօթքի ընթացքին, ուր Ան ըսաւ. «Հակառակ ամէն ինչի, մենք կը վերահաստատենք մեր համոզումը՝ թէ եղբայրութիւնը աւելի հզօր է եղբայրասպանութիւնէն, թէ յոյսը աւելի ուժեղ է մահէն, թէ խաղաղութիւնը աւելի զօրաւոր է պատերազմէն»։ 

«Այս համոզումը կը խօսի ատելութենէ ու բռնութենէ աւելի խօսուն ձայնով մը, որ երբեք կարելի չէ խեղդել արիւնին մէջ, զոր կը հոսեցնեն անոնք՝ որոնք կը կ՛աղաւաղեն Աստուծոյ անունը դիմելով ոչնչացումի ուղիներուն» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը որ ապա, նախքան պատերազմի զոհերուն նուիրուած աղօթքը սկսիլը ընդգծեց հետեւեալը.  

«Եթէ Աստուած կեանքի Աստուած է - եւ է - մեզի համար թոյլատրելի չէ սպաննել եղբայրները իր անունով, 

Եթէ Աստուած խաղաղութեան Աստուած է - եւ է – մեզի համար թոյլատրելի չէ պատերազմ ընել իր անունով, 

Եթէ Աստուած սիրոյ Աստուած է - եւ է - մեզի համար թոյլատրելի չէ ատել եղբայրները»։ Ամէն։

Հայր Գէորգ Եպիս. Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2021, 08:51