Արդեօ՞ք կարելի է մոռնալ: Արդեօ՞ք կարելի է մոռնալ: 

Հայր Գէորգ Եպիս. Ասատուրեանին պատգամը Հայոց Ցեղասպանութեան նահատականերու յիշատակի առիթով։

Անցեալը մոռնալ՝ կը նշանակէ ներկայ չունենալ:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

106 Տարիներ անցան եւ տակաւին ամէն անգամ, որ Ապրիլ ամիսը կը թեւակոխենք, հայու աշխարհը սեւ կը զգենու: Ապրիլ 24... Թուական մը, որ դրոշմուած է իւրաքանչիւր հայու սրտին վրայ: Հայը նոյնացած իր նախնիներուն տառապանքին հետ. կարծէք ձեւով մը զայն իր ինքնութիւնը դարձուցած է: Մեր նախնիները կտակ թողուցին մեզի պատգամելով, որ չմոռնանք այն վայրագութիւնն ու անարդարութիւնը, զորս անոնք ապրեցան:

Արդեօ՞ք կարելի է մոռնալ:

• Անցեալը մոռնալ՝ կը նշանակէ ներկայ չունենալ:
• Անցեալը մոռնալ՝ կը նշանակէ մեր ազգային ինքնութիւնը ուրանալ:
• Անցեալը մոռնալ՝ կը նշանակէ ներկայ աշխարհի կատաղի փոթորիկներուն դիմաց խարիսխ չունենալ:

Իւրաքանչիւր հայ իր ընտանիքէն ներս լսած է պատմութիւններ ջարդի մասին: Պապիկներ եւ մամիկներ, թոռները իրենց ծոցը նստեցուցած արցունքոտ աչքերով պատմած են իրենց ապրած ահուդողը, վախն ու սարսափը, ի տես անմարդկային ջարդին եւ արիւնաթաթախ դիակներու:

Լեռնաշխարհ կոչուած մեր հայրենիքը եւ աշխարհագրական դիրքով կռուախնձոր դարձած Հայաստանը, հայու մէջ պայքարելու եւ չընկրկելու նկարագիր կերտած են: Իր պապենական հողէն պոկուած հայը, շատ չուշացաւ անգամ մը եւս ոտքի կանգնելու:Իւրաքանչիւր գաղութի մէջ նոր Հայաստան մը կերտեց՝ Նոր Մարաշներ եւ Նոր Ատանաներ: Շատ չանցած արդէն հայը ունէր եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ մշակութային կեդրոններ: Ասոնք բոլորը, որովհետեւ հայ աշխատեցաւ, շինեց եւ ստեղծագործեց:

Հայը չբաւարարեցուեցաւ միայն յիշելով, այլ իր վերականգնումով եւ տքնաջան աշխատանքով, հայ ազգի արդար դատը ճանաչելի դարձուց աշխարհին: Երկար եւ դժուարին առաքելութիւն մըն էր, սակայն հայու վայել յարատեւական աշխատանքով, կարողացանք բոլոր ազգերու եւ կառավարութիւններու մեր ձայնը լսելի դարձնել:

Այս ուղղութեամբ աշխատանք տարուեցաւ վաւերագրական փաստաթուղթեր հաւաքելու եւ ջարդէն վերապրողներու վկայութիւնները փաստագրելու եւ զանոնք ներկայացնելու միջազգային ատեաններուն առջեւ եւ ժողովատներու հանրային կարծիքին: Հայ կաթողիկէ համայնքն ալ իր մասն ու բաժինը ունեցաւ այս ուղղութեամբ: Այս ուղղութեամբ կ'ուզեմ յիշել Զմմառու միաբաններէն Հ. Գրիգոր Կիւրկիւրեան եզակի աշխատանքը: Հ. Գրիգոր ծնած է 12 Մայիս 1911 թուականին Կիւրինի մէջ: Ան ունէր 8 քոյրեր եւ եւ 7 եղբայրներ: Անոնցմէ միայն 6ը կրցան ազատիլ ջարդերէն: Մանուկ Գրիգորը ականատես եղաւ իր իսկ ծնողքին սպանութիւնը:

• 1916 թուականին, ան իր եղբօր հետ կրցաւ փախչիլ դէպի Պէյրութ, ուր նորակերտ որբանոց մը մտաւ:
• 1925 թուականին ընդունուեցաւ Զմմառու վանքէն ներս:
• 1930 թուականին Պէյրութի Ս. Յովսէփ Համալսարանէն վկայուեցաւ:
• Ապա Հռոմ ճամբորդեց իր աստուածաբանական ուսումը շարունակելու Լեւոնեան համալսարանէն ներս:
• 1937 թուականին վարդապետ ձեռնադրուեցաւ:
• Նոյն տարին սկսաւ պատրաստուիլ իր դոկտորի աստիճանը ստանալու որպէս Ցեղասպանագէտ:

Ձեռնադրութենէն ետք իր վարդապետ եղբօր միացաւ, որ Գահիրէ կը բնակէր:

1952 թուականին ան հանդիպում մը ունեցաւ Մուսթաֆա Փաշային հետ, որ նախապէս Պոլսոյ զինուորական դատախազներէն եղած էր: Մուսթաֆա տեղեկացուց Հ. Գրիգորի, որ դատական փաստաթուղթեր կան, որոնք ղրկուած են Պոլսոյ հայ պատրիարքութեան: Հ. Գրիգոր անմիջապէս գործի անցաւ եւ պրպտումներէ ետք տեղեկացաւ, որ այդ փաստաթուղթերը կը գտնուին Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութեան մօտ: Ուղղուեցաւ դէպի Երուսաղէմ, գտաւ նշուած փաստաթուղթերը եւ նկարելով զանոնք իր մօտ պահեց, որպէս վաւերագրեր:

Ներկայիս այս փաստաթուղթերը կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու Clark University- Massachusetts.

Ցեղասպանութեամբ զբաղող թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ տարբեր ելոյթներով եւ յօդուածներով. յատկապէս իր Shameful Act գրքին մէջ մեծապէս գնահատած է Հ. Գրիգորի Կիւրկիւրեանի եզակի այս աշխատանքը, որ իր մեծ ազդեցութիւնը ունեցաւ հայ դատի ի նպաստ:

Ինչպէս խօսքիս սկիզբը նշեցի, 24 Ապրիլ հայ ազգի ինքնութեան մէկ բաժինը եղած է: Ինչպէս նաեւ Հայ ազգը քրիստոնէութիւնը ընդունող առաջին պետականութիւնը ըլլալու իրականութիւնը յատուկ աստուածային շնորհքի հեղում մը:

Քրիստոս իր տառապանքներու ընթացքին, երբ խաչին վրայ էր, ոմանք եկան եւ ծիծաղելով ըսին՝ Եթէ Աստուծոյ Որդին ես վար իջիր խաչէն: Այս սխալ հարցում մըն էր: Անոնք պէտք էր երթային գերեզմանին դիմաց եւ ըսէին՝ Եթէ Աստուծոյ Որդին ես դուրս եկուր մեռելներէն: Հոն պիտի տեսնէին եւ գիտնային Աստուածորդին ճշմարտութիւնը:

Հայութիւնը քրիստոնէութեան շնորհքը ստանալով եւ յարուցեալ Քրիստոսի զօրութեամբ վերապրեցան: Մեծագոյն փաստը հոս եւ աշխարհասփիւռ տարածքին մեր գոյատեւելն է: Ոմանք կարծեցին մենք տառապանքին եւ ջարդի տակ մահացանք: Բայց կրնամ ըսել, եթէ մեզ ջարդողները կանգնին մեր տառապանքներու դրան դիմաց եւ ըսեն՝ եթէ Աստուծոյ Որդոյն հետեւորդներ էք, դուրս եկէք ձեր տառապանքէն, անոնք պիտի կարողանան տեսնել մեր վերականգնած եւ վերանորոգուած կեանքը:

Նոյնը կրնամ ըսել հայութեան ապրած ցաւալի դէպքերը Արցախեան գոյամարտի ընթացքին: Որովհետեւ արդարութիւնը մեր հետն է, պիտի վերականգնենք մեր բոլոր իրաւունքները:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2021, 08:40