ՕՐՀՆԷ՛ ՏԷՐ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՕՐՀՆԷ՛ ՏԷՐ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ 

ՕՐՀՆԷ՛ ՏԷՐ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Օրհնէ՛ Տէր աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած մեր հայրենակիցները, մանաւանդ անոնց զաւակները եւ շնորհէ որ ապրին երջանիկ ու լի քու շնորհքներովդ: Օրհնէ մեր կայտառ երիտասարդները եւ կոյսերը, որ ըլլան իմաստուն, բարեպաշտ ու մաքուր բարքերով:
Ունկնդրէ

Օրհնէ՛ Տէր Աստուած, մեր սիրելի ժողովուրդը, որ առաջին քրիստոնեայ ազգը եղաւ եւ քու Որդիիդ ետեւէն քալեց դարերու ընթացքին:

Տուաւ մարդկութեան ու սուրբ Եկեղեցիիդ, մեծամեծ հայրապետներ, ճգնասուն վանականներ, մարտիրոսներ ու զօրականներ, որոնք ապրեցան աստուածային սիրովդ ու մեռան սրբութեամբ:

Օրհնէ՛ Տէր մեր Հայրենիքը, եւ տուր որ օրէ օր աւելի զարգանայ նիւթական եւ գիտական ասպարէզներու մէջ, բայց մանաւանդ հոն աճի եւ ծաւալի Քրիստոսի Աւետարանին լոյսը: Տուր որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը նմանին հին դարերու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին ու կանգնեն տաճարներ ու մատուռներ:

Օրհնէ՛ Տէր աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած մեր հայրենակիցները, մանաւանդ անոնց զաւակները եւ շնորհէ որ ապրին երջանիկ ու լի քու շնորհքներովդ: Օրհնէ մեր կայտառ երիտասարդները եւ կոյսերը, որ ըլլան իմաստուն, բարեպաշտ ու մաքուր բարքերով:

Օրհնէ՛ Տէր մեր բոլոր կրօնաւորները, Կաթողիկոսներէն սկսեալ, մինչեւ ամենահամեստ աբեղան ու քահանան եւ տուր որ մնան իրենց կարգի բարձրութեան վրայ եւ հովուեն Հայ ժողովուրդը սրբութեամբ ու եռանդուն հոգիով:

Օրհնէ՛ Տէր մեր բոլոր ղեկավարները եւ ազգին առաջնորդները որ կերտեն մեր ժողովուրդի բարօր ու երջանիկ ապագան:

Տո՛ւր Տէր որ հասնինք մեր ազգային արդար երազներուն: Տիրանանք մեր հայրենի հողերուն եւ իրաւունքներուն եւ ցոյց տանք աշխարհի որ Աստուած կը սիրէ առաջին քրիստոնեայ Հայ ժողովուրդը: Ցոյց տանք բոլորին թէ արդարութիւնը ուշ կամ կանուխ կը յաղթանակէ:

Տո՛ւր Տէր որ աշխարհի բոլոր Հայերը, Հայրենիքի, Արցախի թէ Սփիւռքի մէջ, ապրին միաբան ու համերաշխ եւ անկեղծ սիրով:

Այս բոլորը կը խնդրենք Տէր, Քրիստոսի չարչարանքներուն ու Խաչին անունով, որոնց կը միացնենք մեր բիւրաւոր Նահատակներու արեան ձայնը: Մեր Ցեղասպանութեան Մարտիրոսներու բարեխօսութեամբ, որ սուրբերու դասին բարձրացան, կը խնդրենք Տէր, օրհնէ մեր փառապանծ ժողովուրդը եւ դրախտավայր Հայաստանը: Ամէն

ՀԱՅՐ ՀԱՄԱԶԱՍՊ ՎՐԴ. ՔԷՇԻՇԵԱՆ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2021, 08:00