Յիսուսի յարութիւնը Յիսուսի յարութիւնը 

Զատիկ՝ Տօն Յաղթութեան եւ Յոյսի

Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Զատկուան պատգամը

Ս. Զատիկը Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնն է: Քրիստոնեայ եկեղեցին 20 դարերէ ի վեր կը տօնէ այս տօնը իբրեւ յաղթանակի եւ յոյսի տօն հետեւեալ առումով.

Առաջին, Ս. Զատիկը յաղթութեան տօն է: Յիսուսի յարութիւնը կը հաստատէ, թէ մահը, որ այս աշխարհի ամենէն ստոյգ, անհերքելի եւ սակմռկեցուցիչ իրողութիւնն է՝ պարտուած է: Քրիստոսի յարութիւնը կու գայ վկայելու, թէ մարդուն մարմինը կրնայ մեռնիլ, բայց անոր հոգին անմահ է: Այս մարմնաւոր գոյութենէն վերջ՝ կայ անդրշիրիմեան կեանք մը:

Ս. Զատիկը կու գայ վկայելու, թէ Քրիստոս իր յաղթական յարութեամբ փշեց գերեզմանի շղթաները եւ նուաճեց մարդ էակի անագորոյն թշնամին՝ մահը: Այսպէսով ան բացաւ լուսաւոր եւ յաւիտենական կեանքի մը արշալոյսը մեղաւոր եւ յուսահատ մարդկութեան առջեւ, որպէսզի ան որ իրեն հաւատայ չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ:

Քրիստոսի յարութիւնը ոչ միայն հանդերձեալ կեանքի յոյսը կ՛ընծայէ, այլ նաեւ ամէնօրեայ յաղթական կեանք ապրելու ներշնչումը կը շնորհէ: Մարդկային կեանքը պայքար մըն է ֆիզիքական, իմացական, բարոյական եւ հոգեւոր առումով: Այս պայքարին մէջ երբեմն չարին զօրութիւնը վհատութեան կը մատնէ մեզ, բայց եթէ մեր ճակատագիրը կապած ենք յարուցեալ Քրիստոսի՝ Ան մեզ կը զօրացնէ դիմագրաւելու ամէն տեսակի դժուարութիւններ, փորձութիւններ ու նեղութիւններ եւ ի վերջոյ զանոնք յաղթահարելու կարողութիւնը կը շնորհէ մեզի:

Երկրորդ, Ս. Զատիկը նաեւ տօն է յոյսի: Յոյսը աստուածատուր շնորհք մըն է, առանց որուն մարդ արարածը կը կորսնցնէ իր ապրելու, գոյատեւելու եւ ստեղծագործելու ներքին մղիչ ուժը: Քրիստոնեայ մարդուն յոյսը խարսխուած է այն ներքին համոզումին վրայ, թէ Աստուած իր ապաւէնն ու զօրութիւնն է, թէ Քրիստոս իր Տէրն ու պաշտպանն է: Ան է որ խրախուսեց իր հետեւորդները ըսելով. «Մի՛ զարհուրիք եւ մի՛ վհատիք, որովհետեւ միշտ ձեզի հետ եմ» (Մատթ. 28.30):

Անցնող տարին տագնապալի տարի մը եղաւ համայն աշխարհի համար՝ Պսակաձեւ ժահրին պատճառով: Շատ աւելի տագնապալի ժամանակաշրջան մը եղաւ նաեւ հայ ժողովուրդին համար ընդհանրապէս, եւ Արցախի եւ մեր հայրեբնակ ժողովուրդին համար մասնաւորապէս: Արցախի եւ Հայաստանի դէմ մղուած 44օրեայ պատերազմը Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ իր վարձկան ահաբեկիչներուն կողմէ՝ հազարաւոր հայ մարդոց կեանքը խլեց, Արցախի հողամասին մէկ կարեւոր մասը թշնամիին կողմէ գրաւուեցաւ, հազարաւոր տուներ քանդուեցան, բազմաթիւ ընտանիքներու անդամները այրիացան եւ մանուկները որբացան: Ամիսներէ ի վեր Հայոց Աշխարհը քաղաքական տագնապի մէջ է: Ապագան չափազանց անստոյգ եւ անկայուն է:

Ի տէս այս ամէնուն, արդեօք կարելի՞ է Զատիկ տօնել: Արդեօք Ս. Յարութեան տօնը մեզի պատգամ մը ունի՞ հաղորդելիք: Այո՛, որոշապէս: Ս. Զատկուան մշտանորոգ պատգամը միեւնոյնն է միշտ, երէկ, այսօր եւ յաւիտեան, թէ Աստուած տակաւին Իր գահին վրայ կ՛իշխէ, Քրիստոս յաւէտ յաղթական Տէր է, փոյթ չէ թէ չարը աշխատի խափանել բարին, փոյթ չէ թէ ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը եւ սէրը խաչուին ու թաղուին, անոնք անպայման յարութիւն պիտի առնեն: Վերջին խօսքը յարուցեալ եւ յաղթական Տէր Յիսուս Քրիստոսինն է:

Արդ, հաւատքով, յոյսով եւ յաղթական ոգիով ամրացած՝ տօնենք Զատիկը եւ լիաթոք յայտարարենք ամէնուն, «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»:

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

Գործադիր Տնօրէն Հայ Աւետ. Համաշխարհային Խորհուրդի

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2021, 08:01