Քրիստոս՝ Միշտ Յաղթական։ Քրիստոս՝ Միշտ Յաղթական։  

Քրիստոս՝ Միշտ Յաղթական։ Գերյ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը։

Հիւանդութիւնները, ձախողանքները, յուսախաբութիւնները, կենսաթոշակային տարիքի հետեւանքները, ծերութեան դժուարութիւնները, կրնան ցաւ ու տառապանք պատճառել... Սակայն, աշխարհի վախճանը չեն:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

«Երկինք  ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս պիտի չանցնին» Մարկոս 13, 31

Գաղտնի ոստիկան կամ խուզարկու (Détectif) «Ճէյմս Պոնտ»-ի շարժանկարներուն մէջ կը վխտան պայթումները, գլխիվայր սաւառնող ուղղաթիռները, զգայացունց կործանումները, կրակոցները, ինքնաշարժներուն անհեթեթ հետապնդումները:

Անպակաս է, նաեւ, իր կայսրութիւնը աշխարհի վրայ տարածել ուզող հրէշային ոճրագործը: Այսուհանդերձ, ֆիլմի աւարտին, չարագործը միշտ կը պարտուի, իսկ գաղտնի ոստիկանը միշտ կը վերապրի ու կը յաղթէ:

Գործակալ 007-ի շարժանկարներուն յուսադրիչ դասն ա'յն է, թէ բարին միշտ յաղթական է:

Աւետարանի վերոնշեալ հատուածն ալ կը նմանի այդ շարժանկարներէն մէկուն: 

Կանխագուշակելով Իր Համբարձումէն ետք պատահելիք սահմռկեցուցիչ իրադարձութիւնները, Յիսուս ուզեց զգուշացնել Իր հետեւորդները վհատութենէն եւ յուսալքումէն  ի տես եւ ի լուր՝

-իրենց դէմ մղուած հալածանքներուն,

-Տաճարին սրբապղծումին, Կալիգուլայի կողմէ 39 ̷ 40 թուականին,

-Տաճարի կործանումին, 70 թուականին,

-ու խելագար Ներոնի մարդասպան խենդութիւններուն:

Յիսուսի նպատակը չէր իր հետեւորդները սարսափեցնելու, այլ՝ գօտեպնդելու: Ան իր ժամանակակից մարդոց յարմար խօսելաոճ մը գործածելով՝ կը հաստատէր, թէ մահուան ու սատանային վրայ Իր տարած յաղթական Յարութեամբ, հին աշխարհը պիտի վերջանայ եւ նոր աշխարհ մը լոյս պիտի տեսնէ: Իր կիրառած պատկերաւոր եւ չափազանցուած յայտարարութիւնները հասկնալի էին անոնց համար, որոնք կը հաւատային, թէ մարդկութիւնը առաջնորդուած էր աստղերու քմահաճոյքով:

Յիսուսի միտքն այն էր, որ բոլոր մարդկային, զինուորական, տնտեսական ու քաղաքական զօրութիւնները, փուլ պիտի տան. Ներոն եւ Տիտոս, հռոմէական կայսրութիւնն ու հրէական պաշտամունքը պիտի անհետանան. իսկ Ինքը՝ Յիսուս պիտի մնայ յաւիտեան: 

Մեր Տէրը կը լուսաբանէ իր նկատառումները թզենիին օրինակով. «Երբ անոր ճիւղերը հետզհետէ կը կակուղնան եւ տերեւ կ'արձակեն, գիտէք՝ թէ ամառը մօտ է» (Մարկոս 13, 28): Ուստի, չզարհուրինք եթէ ժամանակները վախազդեցիկ թուին, որովհետեւ «Ամառը մօտ է»:

Չարը պիտի պարտուի, եւ Աստուած պիտի շարունակէ գործել նոյնիսկ անեզր մթութեան մէջ:

Առ այդ,

Նախ եւ առաջ, երբ պատահին բնական աղէտներ, կամ՝ «Քորոնա» ժահրի պէս աշխարհասասան համաճարակներ, չսարսափինք անոնց պէս, որոնք կը կարծեն, թէ աշխարհի վախճանը հասեր է, համաձայն Նոսթրատամուսի նման կարգ մը չարագուշակ այլ մարգարէներու, որոնք շուրջ քսան տարին անգամ մը հրապարակ կ'իջնեն ժողովուրդները նախազգուշացնելու նպատակով աշխարհի վերահաս կործանումէն, խելացնոր շփոթութութիւն ստեղծելով մոլորակին չորս դին:

Յիսուսի խօսքերը բոլորովին կապ չունին նման սուտ մարգարէութիւններուն հետ: Աշխարհի վերջը չի' նմանիր «Ճէյմս Պոնտ»-ի ֆիլմերուն կամ աշխարհակործան աղէտներուն:

Երկրորդ, Աւետարանի վերոնշեալ հատուածը յուսադրիչ  է: Արդարեւ, երբ երկինքը կը թուի մեր գլխուն վրայ իյնալ, երբ ամէն ինչ փուլ կու տայ մեր կեանքին մէջ, մեր միտքը բերենք Յիսուսի սրտապնդիչ ու քաջալերական հետեւեալ խօսքերը.

-«Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց խօսքերս պիտի չանցնին» (Մարկոս 13, 31).

-«Ես ձեզի հետ պիտի մնամ միշտ՝ մինչև աշխարհի վախճանը» (Մատթէոս 28, 20). 

-«Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ'ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Յովհաննէս 16, 33):

Հիւանդութիւնները, ձախողանքները, յուսախաբութիւնները, կենսաթոշակային տարիքի հետեւանքները,  ծերութեան դժուարութիւնները, կրնան ցաւ ու տառապանք պատճառել...

Սակայն, աշխարհի վախճանը չեն:

«Ամառը մօտ է» ըսելով՝ կը հասկնանք, որ հորիզոնին վրայ տաքուկ, գեղեցիկ, արեւոտ ուրիշ եղանակ մը ծագելու վրայ է:

Աստուած այսօրուան պէս վաղն ալ մեզի հետ պիտի ըլլայ, թէ' գեղեցիկ տաճարներուն մէջ, թէ' մեր տուներէն ներս: Մի գուցէ տաճարները կործանին, կամ Փարիզի Նոթր Տամ դարակերտ Մայր Տաճարի պէս հրոյ ճարակ դառնան, սակայն Աստուած ներկայ կը մնայ Իր ժողովուրդին մէջ:

Թէեւ «Քորոնա» ժահրը փակեց եկեղեցիներուն դռները հաւատացեալներուն առջեւ, սակայն իւրաքանչիւր տուն մէյ մէկ եկեղեցի դարձաւ, որովհետեւ «Ուր երկու կամ երեք հոգի իմ անունովս հաւաքուին, ես հո'ն եմ՝ անոնց միջեւ» (Մատթէոս 18, 20), կ'ըսէ Տէրը:

Ուստի, ապահով ըլլանք, որ Իր հրաշալի Յարութեան զօրութեամբ, Քրիստոս միշտ յաղթական պիտի ըլլայ ու մնայ...: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2021, 08:14