Իրաք, հիւանդանոց Իրաք, հիւանդանոց 

Պաղտատ. «Քովիտ»էն բուժման յատկացուած հիւանդանոցի մէջ հրդեհէն ետք Կարդինալ Սաքոյին զօրակցութեան կոչը։

Զոհուած են 82-է աւելի քաղաքացիներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Պաղտատի Իպն Ալ Խաթիպ հիւանանոցին մէջ բռնկուած է մեծ հրդեհ մը, որուն պատճառով մահացած են 82 անձ ու վիրաւորուած 110 հոգի, ասոնց շարքին են Քովիտ 19ի վարակումի հետեւանքով վերակենդացման բաժանմունքի մէջ գտնուող հիւանդներ ։

«Մարդասիրական ու ազգային աղէտ մը, որ բոլորիս միութիւնը կը պահանջէ եւ կը խնդրէ զօրակցութիւն ցուցաբերել ու օգնել, որպէսզի խուսաբինք ամօթալի աղէտէ մը»։ Այսպէս արտայատուած է Քաղդէացիներուն պատրիարք, կարդինալ Լուիս Ռաֆաէլ Սաքոն, Հիւանդանոցի արկածի տխուր առիթով հրապարակած պատգամին մէջ։

Յայտնենք, որ հրդեհի պատճառաւ զոհերէն շատեր կը գտնուէին վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, որոնց տրամադրուած էր շնչառական գործիքներ։ Հետազօտութիւններուն համաձայն, հրդեհի ծագած է թթուածինին պահեստանոցէն։ Իրաքի վարչապետ, Մուսթաֆա Խատիմի երեք օր ազգային սուգ յայտարարեց։

Կիրակի 25 ապրիլին, հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կարդինալ Սաքօ նշեց որ եկեղեցին կը զօրակցի  պետութեան ջանքերուն, անվտանգութեան զօրքերուն, առողջապակահական աձնակազմին ու բարիք կամք ունեցող իրաքցիներուն՝ խաղաղութեան եւ կայունութեան կերտման աշխատանքներուն, յատուկէն այս դժուար կացութեան մէջ։

Կարդինալ Սաքօ իր աղօթքը ապահովոցուց հայցելով Աստուծմէ ողորմութիւն զոհերուն ու ամոքում հիւանդներուն, մաղթելով որ Իրաքը վերստին իր ուժերը գտնէ պատերազմի տագնապէն ետք։

Յայնենք, թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքէն ետք յղած կոչին մէջ Իր մօտիկութիւնը յայտնեց հրդեհի զոհերուն ու անոնց հարազատներուն։

Պատրիարք Սաքօ ընկերացութեամբ գերապայծառ Շելմոն Վարտունիին այցելեց հիւանդանոց, ուր աղօթեց ու մոմ վառեց զոհերուն, վիրաւորներուն ու անոնց հարազատներու դիտաւորութեամբ։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2021, 10:36