Պաղեստին, Կազա Պաղեստին, Կազա 

Սուրբ Երկրի պահակը. «Օգնեցէք մեզի կարիքաւորներուն օգնելու համար»։

Սուրբ Երկրի պահակ հայր Ֆրանչիսկոս Փաթոնի սուրբ Երկրի մէջ դրամահաւաքի առիթով յղած պատկերասփռուած պատգամը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Կոյս Մարիամի աւետման տօնին առթիւ Սուրբ Երկրի պահակ հայր Ֆրանչիկոս Փաթոն պատկերասփռուած պատգամով մը կոչ ուղղեց զօրակցելու սուրբ երկրի քրիստոնեաներուն, ի տես Աւագ ուրբաթ օրուան աւանդական դրամահաւաքին։

Ունկնդրէ լուրը

Պատկերասփռուած պատգամի մէջ սուրբ երկրի պահակը ընդգծելով համաճարակի պատճառած դժուարութիւնները, խնդրեց շօշափելի զօրակցութիւն ցուցաբերել տեղական եկեղեցիներու շարունակելու համար եկեղեցւոյ աղքատներուն, մանուկներու եւ երիտասարդներու ի նպաստ նախաձեռնութիւնները։

«Սուրբ Երկիրը այս տարի յոյժ կարիք ունի համայն աշխարհի քրիստոնեաներու վեհանձնութեան, ըսաւ Հայր Փթոն յիշել տալով, որ սուրբ երկրի մէջ եկեղեցի հակառակ համաճարակի բոլոր դժուարութիւններուն շարունակեց թիկունք կանգնիլ Սուրբ Վայրերու եւ փոքրիկ քրիստոնեայ հասարակութեան։

Ծառայութիւն աղքատներուն եւ դաստիարակչական կրթութիւն երիտասարդներուն

Սուրբ Երկրի պահակը հայր ֆրանչիսկոս Փաթոն պատկերասփռուած պատգամի մէջ անդրադարձաւ նաեւ սուրբ երկրի մէջ եկեղեցւոյ երիտասարդներու մատուցած ծառայութիւնները նշելով, որ եկեղեցին դպրոցներու միջոցաւ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, մօտաւորապէս 10 հազար անչափահասներու կարողացած են կրթական ծառայութիւն մատուցած հոգալով նաեւ աղքատ ընտանիքներու ծախսերուն։ Սուրբ Երկրը պահակը արդարեւ պատկերասփռուած պատգամը աւարտեց հրաւիրելով աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները որ իրենց կարողութեան ու սիրտին համաձայն նուիրատուութիւն կատարեն որպէսզի սուրբ եկրիրը եկեղեցի կարենայ զօրակցիլ օգնութեան պէտք ունեցող անձերուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2021, 09:31