Սուրիա, Հալէպ Սուրիա, Հալէպ 

Հալէպի Մարոնի համայնքի արքեպիկոպոսին ցաւը՝ ի տես Սուրիոյ ժողովուրդին ծանր տառապանքին։

Հալէպի Մարոնիներու արքեպիսկոպոսին հարցազրոյցը Սուրիոյ մէջ ծագած պատերազմներու 10-րդ տխուր տարձեդարձին առիթով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հալէպի Մարոնի համայնքի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Ժոզէֆ Թոպժի, հարցազրոյցի մը ընթացքի անդրադարձաւ սուրիոյ մէջ ծագած պատերազմներու 10-րդ տխուր տարեդարձին, նկատել տալով, որ սուրիոյ ժողովուրդին 80 առ հարիւրը կ՝ապրի աղքատութեան մէջ։ Ժողովուրդ ինքզինք լքուած կը զցայ միջազգային ընտանիքին կողմէ, անոնց միակ յոյսը Տէրն է ըսաւ Արքեպիսկոպոսը։ Ոչ մէկ յոյս ունինք մարդ էակի նկատմամբ , մեր միակ յոյսի Տէրն է։

Ունկնդրէ լուրը

Արքեպիսկոպոսը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին խաղաղութեան ի սպաս յղած կոչին համար՝ անցեալ կիրակի մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան ընթացքին։

«Պապի կոչը լսելը մեծ մխիթարութիւնն է,  որովհետեւ ոչ ոք մեզ կը յիշէ։ Պապին մօտիկութիւն մեզի համար ուրախութիւն եւ սփոփանք է»

Եկեղեցին մեծ վնաս կրեց Սուրիոյ  պատերազմին հետեւանքով։ Այսօր քրիստոնեաներու թիւը նուազած է պատերազմէն ի վեր։ Սուրիայէն փախուստ տուին երիտասարդները, հոն մնացին միայն աղքատները խոցելիները։ Այս ձեւով եկեղեցին չկրնար յառաջ ընթանալ։ըսաւ արքեպիսկոպոսը աւելցնելով, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եկեղեցին յառաջ կ՝ընթանայ,։ Մարոնի համայնքը Սուրիոյ մէջ վերանորոգած է տարբեր եկեղեցիներ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2021, 10:16