Աղթամարի Կղզին  Աղթամարի Կղզին  

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ Երիտասարդը դէմ առ դէմ: Ինչպէ՞ս կը քնանայ

Աշխարհի մէջ ամէնէն արդարադատ ատեաններն անգամ կրնան սխալիլ եւ ան-պարտ արձակել անիրաւ, յափշտակիչ ու ոճրագործ մարդիկ: Սակայն Արդար Դա-տաւորին ատեանէն չեն կրնար խոյս տալ անոնք, որովհետեւ աշխարհի ամենատես ու հսկիչ Աչքը կը տեսնէ արդար մարդուն տառապանքը, կրած նեղութիւնները եւ ա-նոր դէմ իրագործուած անարդարութիւնները: Համբերել պէտք է եւ մանաւանդ դիմա-նալ հոգին ու մարմինը կրծող տանջանքին:
Ունկնդրէ լուրը

Մարդկային միտքը զբաղցուցած եւ պատասխան փնտռելով՝ զայն յոգնեցուցած հարցումներէն մէկն է այս.

– Ուրիշին իրաւունքը յափշտակող, գող ու աւազակ մարդ մը գիշերը ինչպէ՞ս կը քնանայ. արդեօք անոր խիղճը չի՞ տանջեր զինք: Ժողովրդական ասոյթ եւս բանաձեւուած է այս երեւոյթին մասին, որ հարցական շեշտով մը կ՛ըսէ. «Ոճրագործներն ու աւազակները գիշերը ինչպէ՞ս իրենց գլուխը բարձին կը դնեն»: Այսինքն, նման անձեր ինչպէ՞ս կը յաջողին իրենց մէջ լռեցնել այն ձայնը, որ անընդհատ խղճահարման կը հրաւիրէ զիրենք: Նորութիւն մը ի յայտ բերած չենք ըլլար, եթէ կրկնենք այն` թէ ներքին այդ ձայնը ոմանք կը նմանցնեն Աստուծոյ ձայնին, որովհետեւ աշխարհի առաջին երկու եղբայրներէն մէկը` Կայէնը, երբ իր եղբօր` Աբէլի արեան մէջ մտաւ, անոր արիւնը գետնէն բողոքեց, եւ լսուեցաւ Աստուծոյ ձայնը, որ կ՛ըսէր. «Կայէն, ո՞ւր է եղբայրդ» (հմմտ Ծն 4.9):

Վերոյիշեալ տեսակի մարդոց վարքէն հոգեպէս, ֆիզիքապէս կամ նիւթապէս վնասուած եւ արդէն զզուած անձեր ինքնամխիթարութեան համար, սոյն ասոյթին կը պատասխանեն հեգնական արտայայտութեամբ՝ ըսելով. «Շատ հանգիստ կը քնանան անոնք, կարծէք ո՛չ մէկ վնաս հասցուցած ըլլան ուրիշներու»: Իր մէջ բարկութիւն կուտակած, բայց միանգամայն սեփական սիրտը հանգստացնող արտայայտութիւն է այս, բնականաբար, որ յաճախ կը լսուի բերանէն նոյնինքն վնասուած անձերուն, որոնք իրենց մորթին վրայ զգացած կ՛ըլլան վնասակար մարդոց պատճառած ցաւը:

Յիսուսի մտածողութեան մէջ աւելի ընդարձակ իմաստով կը ներկայանայ վերոյիշեալ երեւոյթը, որուն կը հանդիպինք Անիրաւ դատաւորի առակին մէջ: Այստեղ անիրաւուած այրիին դատը ձգձգելու յանցանքէն բացի, դատաւորը նաեւ ունէր այլ յանցանք մը. իր այս անփութութեան հետեւանքով, այդ կնոջ անիրաւողը անպատիժ կը մնար: Իր անձնական հանգիստը չխանգարելու համար այրի կնոջ դատին ձգձգումը, սակայն, շատ հաւանաբար պատճառ հանդիսանար այդ կնոջ անիրաւող մարդուն սանձարձակութեան, որմով, իր առաջին յաջողութենէն քաջալերուած, ան նոր յափշտակութիւններ կրնար իրականացնել, շատ ուրիշներու ալ իրաւունքը խլելով: Ուրեմն, ճիշդ ժամանակին կատարուելիք գործը, յատկապէս երբ անիկա բարեգործութենէն աւելին է, այսինքն պարտականութիւն մը կամ նոյնիսկ պարտաւորութիւն մըն է, պէտք չէ յետաձգել:

Յաճախ ըսուած ու կրկնուած խօսք է, որ կեանքը ինք դպրոց մըն է: Ոչ ոք կրնայ հակառակը պնդել, մանաւանդ, որ ամէն մարդ ալ սոյն դպրոցին դասարաններէն մէկը մտած ու ելած կ՛ըլլայ անպայման: Այս դպրոցը ունի նոյնիսկ երիտասարդ տարիքի աշակերտներ, որոնք երբեմն հազիւ ոտք դրած անոր սեմէն ներս, մեծ դաս մը սորվելու բախտին կ՛արժանանան: Անոնք դեռ առաջին դասարանին աշակերտած՝ երբ պատիժ կը կրեն, յուսահատական պահեր կ՛ապրին: Ուրիշներ նոյնիսկ անձնասպանութեան կը դիմեն յուսախաբ ըլլալով ո՛չ միայն կեանքէն, այլեւ այս «դպրոց»ին պարտադիր աշակերտելու ստիպողութենէն:

Յուսալքումը յատկապէս կը պատէ հոգին անոնց, որոնք իրենց ապագայ կեան­քին համար հազիւ փոքր խնայողութիւն մը կատարած՝ կը կորսնցնեն զայն, խաբեբայ մարդոց ձեռքը իյնալով: Խիղճի մասին բացարձակ գաղափար չունենալով՝ խաբեբայ մարդիկ կը յափշտակեն անմեղ մարդոց խնայողութիւնը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս վայրի գազանը տկար կենդանիներու նորածին ձագերը կ՛որսայ, առանց զգալու այն ցաւը, որ այդ պահուն կը ցնցէ սոյն տեսարանը դիտող ու անոր առաջքը առնելու անկարող անոնց մայրերը:

Անհատ յափշտակողներէ բացի, երբեմն տնտեսական տագնապներ կամ ճգնաժամեր պատճառ կը հանդիսանան աշխատասէր ու հեռատես մարդոց յուսալքման: Մարդիկ, որոնք իրենց ամբողջ երիտասարդական տարիները տրամադրած էին արդար աշխատանքի, ի խնդիր իրենց սեփական ապագայի կերտման, յանկարծ կը քարանան՝ իմանալով որ սնանկացած է այն դրամատունը, ուր իրենց խնայողութիւնը կուտակած էին:

Աւելի յուսահատական ու նոյնիսկ Աստուծոյ դէմ բողոքի արտայայտութիւններ կ՛ունենան անոնք, որոնք իրենց հարազատներուն կողմէ կը կողոպտուին: Ժառան­գի խնդիրները աշխարհի վաղ ժամանակներէն մինչեւ այսօր կսկիծ կը պատճառեն շատերու, որոնք իրենց հասնելիք արդար բաժինէն կը զրկուին, իրենց հարազատ եղբօր կամ քրոջ խաբեբայական արարքներուն զոհ երթալով: Խաբեբայ ու զեղծարար մարդիկ ինչպիսի՜ սուտեր խօսելով եւ կեղծ թուղթեր պատրաստելով՝ կը նախաձեռնեն կազմակերպուած կողոպուտի, յափշտակելու համար ուրիշին իրաւունքը: Ժառանգուած հողատարածքի աւելի մեծ բաժինին տիրանալու համար, թուանշանային խաղեր կը կատարեն անոնք, յատկապէս հանգուցեալ կտակարարի ձեռագիրին վրայ փոփոխութիւններ բերելով կամ անոր ստորագրութիւնը կեղծելով:

Արդար մարդիկ նման վատ արարքներու զոհ երթալով, ու մանաւանդ ինքնապաշտպանութեան միջոց չունենալով, իրենց բողոքի ձայնը առ Աստուած կը բարձրացնեն աղօթական շեշտով, անիրաւուած այրի կնոջ աղերսական կոչը կրկնելով. Տէ՜ր, իմ դատս տես:

Ահա այստեղ դարձեալ ի յայտ կու գայ մարդկային միտքը չարչրկող հարցումը.

– Ուրիշին իրաւունքը յափշտակող, գող ու աւազակ մար­դ մը գիշերը ինչպէ՞ս կը քնանայ:

Սոյն հարցումին հեգնական առաջին պատասխանը տուած ըլլալէ ետք, կ՛անցնինք նոյնքան հեգնական երկրորդին, որուն հեղինակը մենք չենք: Մէկը, որուն ար­դար վաստակը յափշտակուած էր, բնաւ չդժուարացաւ մեր տուած վերոյիշեալ հարցումին պատասխանելու, գլուխը անտարբերութեամբ թօթուելով ու ըսելով.

– Ինձմէ յափշտակած դրամները այնքա՛ն շատ են, որ զանոնք հաշուած ատեն անուշ քունը կը տանի ու հանգի՜ստ կը քնանայ:

Ջղայնութեան արտայայտութիւն էր այս, բնականաբար, որուն հետեւեցան հազարումի բացատրութիւններ ու փաստեր, որոնք ցոյց կու տային, թէ իր կատարած աշխատանքին արդար վարձատրութիւնը աւազակի մը կողմէ սեփականացուած էր, որ զինք սուտերով օրօրած էր յընթացս աշխատանքի:

Անիրաւ դատաւորի առակին եզրակացութիւնը նաեւ հեղինակաւոր փակումը պիտի ըլլայ սոյն գրաւոր զրոյցին. եթէ անիրաւ դատաւորը, որ Աստուծմէ չէր վախնար ու մարդոցմէ չէր ամչնար, բայց տեսաւ այրի կնոջ դատը, Աստուած պիտի չլսէ՞ այն մարդոց աղերսանքը, որոնք գիշեր ու ցերեկ իրեն կը դիմեն:

Աշխարհի մէջ ամէնէն արդարադատ ատեաններն անգամ կրնան սխալիլ եւ ան­պարտ արձակել անիրաւ, յափշտակիչ ու ոճրագործ մարդիկ: Սակայն Արդար Դատաւորին ատեանէն չեն կրնար խոյս տալ անոնք, որովհետեւ աշխարհի ամենատես ու հսկիչ Աչքը կը տեսնէ արդար մարդուն տառապանքը, կրած նեղութիւնները եւ անոր դէմ իրագործուած անարդարութիւնները: Համբերել պէտք է եւ մանաւանդ դիմանալ հոգին ու մարմինը կրծող տանջանքին:

ԳՐԻԳՈՐ  ԱՐՔ . ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2021, 08:15