Յիսուսի սրբապատկեր Յիսուսի սրբապատկեր 

Հայր Գէորգ Եպիս.Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը «Խոնարհութեան իշխանութիւնը»

Ո՜վ Տէր, մի՛ ձգեր որ իմ կապս քեզի հետ ըլլայ միայն խնդրանքներու հիման վրայ՝ իմ հարցերս լուծելու համար, այլ կապերս ըլլան քեզմէ սորվելու սէրը, խոնարհութիւնը եւ վստահութիւնը։

_ Այո՛ Տէր,­ պատասխանեց կինը,­ շուներն ալ սեղանին տակը կը կերակրուին տղոց փշրանքներէն։

Յիսուս պատասխանեց.

_ Այդ խօսքիդ համար՝ գնա՛, դեւը դուրս ելաւ աղջիկէդ։ (Մարկ. Դ. 8-30)

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ո՜վ Տէր, դուն այն անձն ես, որ լաւ կը ճանչնայ մարդոց սրտերը, մեզի լաւագոյնը տալով։ Քրիստոնեայի կեանքը քեզի հետ այն նոյնացումն է, որ մեզ կը ձգէ որ լաւագոյն կերպով ապրինք տուած շնորհքդ, որպէսզի կարենանք մեր սրտերը քու սրտիդ նմանին։

Այսօրուան նիւթին հետ կ’ուզենք խորհրդածել փիւնիկեցի կնոջ աղջկան բուժման մասին։

Կարեւոր հանդիպում մըն էր զոր Յիսուս ունեցաւ այս կնոջ հետ, որ եկած էր Յիսուսէն հրաշք խնդրելու իր աղջկան համար, որ հիւանդ էր եւ որուն ընթացքին Յիսուս շատ զգացուած էր անոր խօսքերէն։

Եւ ո՛ւր որ Յիսուս մտնէր, գիւղեր, քաղաքներ կամ ագարակներ, հրապարակներու վրայ հրեաները կը դնէին հիւանդները եւ կ’աղաչէին անոր որ գոնէ իր զգեստի քղանցքին դպչին եւ բոլոր անոնք որոնք դպան, բժշկուեցան (Կարկ. 6, 56)

Այս էր զգացումը այն մարդոց, որոնք հրաշք մը կը սպասէին, գիտնալով որ անպայմանօրէն պէտք է Յիսուսին մօտենալ, բժշկութեան արժանանալու համար։

Այս եղելութիւններէն մղուած, այս կինը ուզեց այս արմատական դիրքորոշումին վկան դառնալ, քանի որ փափաքեցաւ անձամբ տեսնել Յիսուսի հրաշքը, ու իր ընտանիքին ցաւը վերածուեցաւ շնորհքի ու հրաշքի։

Մարկոս Աւետարանիչը շատ կը շեշտէ որ այդ կինը հեթանոս եւ օտար էր, այսինքն՝ նոր հաւատքին մաս չէր կազմեր։ Յիսուս սակայն չէր կրնար անհանդուրժող եւ աններող ըլլալ, այլ ուզեց անոր աղջկան առողջութեամբ զինք առաջնորդել նոր արքայութեան ճանապարհ։

Յիսուս ցոյց տուաւ անոր եւ հրեայ ժողովուրդին, որ ինք՝ իբրեւ Աստուած եւ Տէր, եկած էր բոլորին համար, զիրենք սիրելու եւ օգնելու…։

Այս պատկերին մէջ յստակ կը տեսնենք Յիսուսի իշխանութիւնը եւ մանաւանդ խոնարհութիւնը, որ եկած էր աղքատին, հիւանդին եւ տկարին հետ ապրելու, Աստուծոյ սէրը ցոյց տալու անոնց։

Այս պատմութենէն պէտք է յայտնաբերենք թէ խոնարհութիւնը որքան թանկագին է Տիրոջ։

Յիսուս 21-րդ դարուն քրիստոնեաներուն կը հաղորդէ, որ մենք ինչ որ ալ ըլլանք, եւ ինչ որ ալ կեանքէն կը սպասենք, պէտք է գիտակցինք որ Յիսուս չէ եկած մեր հարցերը լուծելու՝ հրաշքներ կատարելով, այլ Յիսուս եկած է մարդկութիւնը փրկելու՝ միմիայն մեր սիրտերը փոխելու. ա՛յդ էր այդ կնոջ առաքելութիւնը, որ եկած էր Յիսուսին, ինքզինք փոխելու եւ ձգելու անհաւատութեան ճամբան, եկած էր Յիսուսի շնորհքը ստանալու։

Ո՜վ Տէր, մի՛ ձգեր որ իմ կապս քեզի հետ ըլլայ միայն խնդրանքներու հիման վրայ՝ իմ հարցերս լուծելու համար, այլ կապերս ըլլան քեզմէ սորվելու սէրը, խոնարհութիւնը եւ վստահութիւնը։

Հայր Գէորգ Եպիս. Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2021, 07:26