«Ողջո՜յն քեզի, հրեաներու թագաւոր» «Ողջո՜յն քեզի, հրեաներու թագաւոր»  

«Ողջո՜յն քեզի, հրեաներու թագաւոր» (Մարկոս 15, 18). Գերյ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը։

Գիտակից ըլլանք, որ մեր երակներուն մէջ թագաւորական արիւն կը հոսի: Յիսուսի մեզի վաստկած շնորհքի միջոցով այլեւս կրնանք ապրիլ՝ սիրով, ծառայասիրութեամբ, եւ վեհանձնութեամբ՝ ի սէր Աստուծոյ եւ մերձաւորին:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ի՞նչ կու գայ մեր միտքը երբ «թագաւորութիւն» բառը լսենք: Մի գուցէ երեւակայենք շքեղ գահերու վրայ բազմած միջնադարեան թագաւորներ ու թագուհիներ, կամ՝ ի միտի ունենանք մերօրեայ թագաւորական ընտանիքներուն հմայքն ու փարթամութիւնը:

Ի՞նչ կու գայ մեր միտքը երբ «Յիսուս թագաւոր» ըսենք:

Իբրեւ Դաւիթի որդի, Յիսուս կը սեռի երկրաւոր թագաւորներու եւ  իշխաններու արքայական զարմէն:

Իբրեւ Աստուծոյ Որդի, Ան տիեզերքի թագաւորն է:

Այնուհանդերձ, նայինք թէ ի'նչպէս Անոր հետ կը վարուին Երուսաղէմի բնակիչները:

-          Ամբոխը Զինք կ'ամբաստանէ իբրեւ խռովարար, նոյնիսկ երբ Պիղատոս Զինք թագաւոր կը կոչէ (Մարկոս 15, 9 եւ 12).

-          Զինուորները Զինք կը ծաղրեն՝ Անոր մեծարանք մատուցանել ձեւանալով (Անդ, 15, 16-20).

-          Կը նախատուի բոլոր անոնցմէ, որոնք կը խորհին, թէ ճշմարիտ թագաւոր մը ի վիճակի պէտք է ըլլայ խաչէն իջնել եւ ինքզինք ազատել (Անդ, 15, 29-32):

Սակայն, Աստուծոյ արքայութեան մէջ, իրականութիւնը բոլորովին տարբեր է:

 

Արդարեւ,  հո'ն

-          Թագաւորը ինքզինք կ'ունայնացնէ եւ ծառայի կերպարանք կ'առնէ (Փիլիպեցիներուն 2,7).

-          Թագաւորը Երուսաղէմի մօտենալով՝ կը նստի ոչ շքեղ կառքի մը մէջ, այլ՝ աւանակի մը վրայ (Մարկոս 11, 1-7).

-          Թագաւորը, որպէսզի Իր ժողովուրդը փրկէ, կամաւորապէս կ'ենթարկուի դահիճներուն արձակած թուքին, իջեցուցած ապտակներուն եւ պաճառած վայրագ մահուան:

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Մինչ պիտի ապրինք սկսող Աւագ Շաբաթուան Մեծ Խորհուրդներն ու Դէպքերը, մեր միտքը  պահենք Յիսուսի թագաւորութեան ինչպիսութիւնը:

Այսօր, Յիսուս կը նստի Հօր Աստուծոյ աջ կողմը, փառաւորապէս իշխելով արարչագործութեան վրայ:

Բայց, Ան նաեւ ծառայող թագաւոր է, որ մեզ  կը սիրէ՝ մահը յանձն առնելու չափ եւ տակաւին մեզ կը սիրէ՝ մեր ծանրագոյն մեղքերը ներելու աստիճան:

Ա'յս է Աստուծոյ թագաւորութեան գործելաոճը:

Նոյնը պարտի ըլլալ մեր ապրելակերպը, մեր հնարաւորութեան ներած չափով, որովհետեւ շնորհիւ Յիսուսի մահուան եւ յարութեան, պատուաստուեցանք Աստուծոյ արքայութեան ներարկումով:

Գիտակից ըլլանք, որ մեր երակներուն մէջ թագաւորական արիւն կը հոսի:

Յիսուսի մեզի վաստկած շնորհքի միջոցով այլեւս կրնանք ապրիլ՝

սիրով,

ծառայասիրութեամբ,

եւ վեհանձնութեամբ՝ ի սէր Աստուծոյ եւ մերձաւորին:

Մինչ սոյն ուղիէն կ'ընթանանք, ապահով ըլլանք, որ «արդարութեան պսակը» կը սպասէ մեզի եւ բոլոր անոնց, որոնք կը ծառայեն Յիսուսի թագաւորական պալատէն ներս (Բ Տիմոթէոս 4, 8):

Հ. Գ. Զ.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2021, 07:55