Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԼԹ)։

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Երեկոյեան ժամերգութեան կիրակամուտին երգուող «Լոյս Զուարթ» երգին:

ԼԹ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Երեկոյեան ժամերգութեան կիրակամուտին երգուող «Լոյս Զուարթ» երգին:

Երեկոյեան աղօթքի չորս սաղմոսներուն կը յաջորդէ «Ճրագացն Օրհնութիւն»՝ «Լոյս Զուարթ»ը, որ հինէն կոչուած է «Ճրագացն Օրհնութիւն» կամ «կցուրդ», Օձնեցի Հայրապետի համաձայն: Այդ ճրագի օրհնութեան հեռաւոր հետք մը կարող է համարուիլ Տեառնընդառաջի  նախատօնակին՝ եկեղեցւոյ մէջ ճրագներու վառուելէն և ճրագէն տուն տանելու աւանդութիւնը: «Լոյս Զուարթ» այժմ Կիրակամուտին կ'երգուի, իսկ լուր օրերուն՝ անոր փոխարէնը «Օրհնեալ Տէր» մաղթանքը կ'ըսուի: Այս երգին ծագումը բիւզանդական է: Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն՝ առաջին անգամ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը երգած է «Լոյս Զուարթը» Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ և անոր աղօթքին զօրութեամբ՝ երկինքէն լոյս իջած է: Ըստ Եկեղեցւոյ կարգ մը Հայրերու «Լոյս Զուարթը» Լուսաւորչի կարգադրութեամբ Շաբաթ երեկոները կ'երգուի, ի պատիւ Քրիստոսի Յարութեան: Ինչպէս վերեւ յիշեցինք, այս երգը յունական ծագում ունի, թէեւ հայերէնի համեմատ ունի որոշ տարբերութիւն: Արդարեւ, ժամասացութեան աղօթքներուն և երգերուն հայկական դրոշմ տալու այս երեւոյթը մեր մօտ սկսած է Ե. դարուն, և հաւանաբար այս «կցուրդ»ն ալ յունարէնէ թարգմանուած է Մեսրոպի և իր աշակերտներուն կողմէ: Յունարէնի և հայերէնի համեմատութիւնը ցոյց կու տայ թէ լոկ բնագրային թարգմանութիւն կատարուած չէ, այլ որոշ փոփոխութեան ենթարկուելով՝ հայադրոշմ դարձած է: Յունական ժամագիրքէն կատարուած թարգմանութիւնները, ըլլան անոնք երգեր, քարոզներ, մաղթանքներ և աղօթքներ, դարերու  ընթացքին անոնց կարեւոր մէկ մասը հայացուած են՝ հայերէնի լեզուական կանոններուն՝ ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ ծիսական, դաւանական ու աստուածաբանական սկզբունքներուն պատշաճեցնելով: Արդարեւ, «Լոյս Զուարթ»ի վերջնական խմբագրութիւնը մեզի հասած է ԺԱ. - ԺԲ. դարերուն. այսպէս 1284 թուականէն մեզի հասած ձեռագիր ժամագիրքերու մէջ: Երգին առաջին մասը կոչական է առ Քրիստոս ուղղուած. երկրորդ մասին մէջ՝ «Եկեալքս»էն ետք կը սկսի մաղթանք, «տեսաք զլոյս երեկոյիս», այս խորհրդական լոյսը Քրիստոսի յարութեան կ'ակնարկէ: «Լոյս Զուարթ»ը Մեծ Պահոց Շաբաթ օրերուն թիւ կ'ըսուի: Անոր կը յաջորդեն «Հասեալքս» քարոզը և Մաղթանքը և ապա «Մեսեդին և Ուղիղ եղիցին»: Մեսեդի բառը յունարէն կը նշանակէ միջանկեալ երգ: Հայ Եկեղեցւոյ երեկոյեան ժամու Մեսեդիներուն աղբիւրն է Բիւզանդական աղօթամատոյցը, որ բաժնուած է տէրունական տօներու, մարտիրոսներու և ապաշխարութեան օրերու վրայ: Մեսեդիները յատուկ են Երեկոյեան ժամերգութեան, ինչպէս Առաւօտու երգը՝ Առաւօտեանին, իսկ Ալէլուքը՝ Գիշերայինին: Մեսեդի, Առաւօտու երգ և Ալէլուք Եկեղեցւոյ հասարակաց աղօթից մէջ համազօր պաշտօն ունին: Մեսեդին կը բաղկանայ երկու սաղմոսէ, որ կը պատշաճի օրուայ յիշատակութեան կամ խորհուրդին: Բոլոր մեսեդիները կ'աւարտին 140-րդ սաղմոսին երկրորդ տողով. «Ուղիղ եղիցին աղօթք իմ»: Մեսեդին կ'երգուի օրուայ ձայնին համեմատ: Անոնց կարգ մը ձեռագիր մատեաններու մէջ խազագրուած ըլլալու հանգամանքը ցոյց կու տայ որ, անոնք երբեմն ըսուած են ձայնիւ, այսինքն՝ երգուած են:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2021, 07:00