Աղթամարի Կղզին  Աղթամարի Կղզին  

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ Երիտասարդը դէմ առ դէմ: Փտած խնձորին «Զօրութիւն»ը

Կրօնական հասկացութիւնը ու յատկապէս քրիստոնէական կրօնը տարբեր մօ¬տե¬¬ցում ունի, քան անհատ մարդոց տեսակէտները: Աստուած միշտ խոր համբերու¬թեամբ կը հետեւի մեղաւոր մարդուն, որպէսզի օր մը դարձի գայ ան եւ չկորսուի անոր հո¬գին, որովհետեւ այդ հոգին եւս մաս կը կազմէ աստուածային, տիեզերական` ընդհանրական հոգիին, որուն պէտք է մագնիսուի անիկա մահէն ետք:

Մարդկային ցեղի պատմութեան վաղ ժամանակներէն սկսեալ, բնութեան երե­ւոյթները իբրեւ օրինակ ծառայած են մարդ էակին: Աւելին` մարդիկ կրեր են այդ երե­ւոյթներուն խոր ազդեցութիւնը, երբեմն նոյնիսկ վախնալով անոնց ներգործութենէն: Մինչեւ այսօր քիչ չէ թիւը այն մարդոց, որոնք աստղա­բաշ­խական գիտութեան կեղծ նմանութեամբ` ոչ միայն աստղագուշակութիւններու կը հաւատան, այլեւ իրենք իսկ աստ­ղագուշակութիւններ կը կատա­րեն: Անշուշտ հսկայ տարբերութիւն կայ վերոյիշե­ալ երկուքին միջեւ, որովհետեւ եթէ առաջինը գիտութիւն է, երկրորդը պարզապէս առօրեայ զբաղում մը, աստղագուշակներուն երեւակայութեամբ իւրաքանչիւր կեն­դանակերպի տակ ծնած մարդը տուեալ օրուան նախատրամադրող:

Յիսուսի ապրած օրերուն եւս, երբ բնութեան հետ այնքան մօտ էր մարդոց առօրեան, Աստուածորդին իր աստուածախօս պատգամներուն ընթացքին յաճախ օրինակ բերած է բնութեան երեւոյթները` հողը, ջուրը, լոյսը, օդը, ծովը, ծառը, սերմը, կենդանատեսակները, փոթորիկը, անձրեւն ու հեղեղը եւ գրեթէ միւս բոլոր երեւոյթնե­րը: Յիսուս իր առակներուն մեծ մասը բնութեան երեւոյթներով կազմած է, աւելի հաս­կնալի դարձնելու համար երկնային բարոյական պատգամներուն իմաստը: Այս պատ­ճառով է, որ երբեմն այս առակները բազմիմաստ մեկնաբանութիւններու կ՛ենթարկ­ուին, յատկապէս անոնցմէ իւրաքանչիւրը ներկայ ժամանակներու լոյսին տակ կար­դալէ ետք:

Մարդը ինք եւս բնութեան հարազատ մասնիկը ըլլալով, ընդելուզ­ուած է անոր հետ: Ծնունդէն մինչեւ մահ, մարդը մաս կը կազմէ բնութեան, իսկ մահէն ետք, այն, ինչը բնութեան կը պատկանի` իր մարմինը, կ՛երթայ միախառնուիլ բնութեան, եւ այն, ինչը աննիւթեղէն է` իր հոգին, կ՛երթայ վերամիանալու աննիւթեղէն բնութեան` ոգեղէն ի­րականութեան: Սակայն, նախքան այս վերջնական «վերադարձ»ը, մարդկային մարմի­նին մէջ տե­ղակայուած անոր հոգին կ՛ունենայ իր բարոյական ճանապարհորդութիւնը: Այն բոլոր բարոյական վերիվայրումները, որոնց պատճառած ցնցումներուն կը մատ­նուի մարդկային հոգին կը կազմեն անոր էութեան ոգեղէն օրագրութիւնը, ո­րուն խմ­բագրումով կը պատրաստուի տուեալ անձին բարոյական կեանքի կենսագրութ­իւ­նը:

«Տան»` նեղ իմաստով ծնողական, եւ լայն իմաստով ընտանեկան դաստիարա­կութիւնը մեծ դեր ունին իւրաքանչիւր մարդու կազմաւորման մէջ: Տունէն ետք դպ­րոցը, իսկ աւելի ուշ` «կեանքի դպրոց»ը, այսինքն` ընկերային կեանքը` մեր շրջապա­տը, իրենց կարեւոր ազդեցութիւնը կ՛ունենան մարդու հոգեկրթութեան գործին մէջ, դրական կամ ժխտական անձեր պատրաստելով հաւաքականութեան համար: Ոմանք կը զարմանան երբեմն, երբ տեսնեն անգրագէտ ու անդաստիարակ ծնողներու կրթ­ուած եւ բարձր բարոյականի տէր զաւակները: Անոնք անպայման այլ ազդակներ ու­նեցած կ՛ըլլան իրենց կեանքին մէջ` հոգեւոր կամ ուսումնական ազդակ, բարձր բարո­յականի տէր անձնաւորութեան մը իրենց վրայ թողած խոր ազդեցութիւնը, երբեմն կեանքի ընկերոջ ճիշդ ընտրութիւն մը, որուն հետեւանքով ենթակային կրած մեծ փո­փոխութիւնը, եւ այլ ազդակներ:

Մարդկային ընկերութեան մէջ շրջանառուող ժխտական ազդակները, դժբախ­տաբար, շատ աւելի են, քան դրականները: Յոռետեսական մօտեցում չէ այս, այլ` իրա­տեսական, որովհետեւ վատ սովորութիւններ որդեգրելը կրնայ վայրկեաններու հարց ըլլալ, իսկ զանոնք չէզոքացնելը կամ մեզմէ հեռացնելը` կեանքի տեւողութիւն խլել: Միւս կողմէ, վատ սովորութիւններուն ընկերացող ֆիզիքական հաճոյքը իր ան­միջականութեամբ եւ զգայարանական բաւարարութիւն տալու ունակութեամբ, միշտ ա­ւելի նախընտրելի է մարդ էակին համար, քան հոգեկան երանութեան պահերու մի­ջոցաւ զգացուող հաճոյքը, որ խորհրդապաշտութեան կամ բարձրորակ ար­ուեստ­նե­րու ճաշակով կը փոխանցուի մարդկային հոգիին:

Ընկերային կեանքին մէջ, կողք-կողքի ապրող մարդկային դրական ու ժխտա­կան կերպարներուն միջեւ անխուսափելի պայքարը յարատեւ է: Չէ եղած ժամանակ, երբ այս պայքարը դադրեր է այս երկու ուժերուն միջեւ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ջա­նայ չէզոքացնել միւսը: Բարի եւ չար ուժերու մասին չէ խօսքը, որովհետեւ քրիստո­նէական աստուածաբանութիւնը Աստուծոյ բարութեան հաւատքով զինուած է, չարը անգոյ խաւարին հետ համեմատելով: Այստեղ ակնարկը մարդկային բնաւորութեան երկու խմբա­ւորումներու մասին է, որոնք երկու տարբեր միջավայրերու մէջ անոնց տէրերուն ստացած կազմաւորման հետեւանք են: Ուրեմն, կան բարի եւ չար բնաւորութ­եամբ մարդիկ, որոնք կը կազմեն մարդկային ընկերութիւնը: Ասոնց միջեւ պայ­քարը անխնայ է, այսինքն շատեր կրնան զոհ երթալ բարիներու խումբէն, իսկ եթէ այս վերջինները յաջողեցան դարձի բերել վատ բնաւորութեամբ մարդոց խումբէն ոմանց, անոնք Աստուծոյ արքայութեան գանձարկղին կ՛աւելնան՝ իբրեւ նորընծաներ…:

Աւելի լաւ բացատրելու համար վերոնշեալ մեր գաղափարը, օրինակ պիտի բե­րենք բնութեան մէկ առարկան` խնձորը: Խնձորհաւաքի ժամանակ, իր պտղատու ծա­ռերուն այնքան հոգածութիւն ցուցաբերած պարտիզպանը շատ զգուշաւորութեամբ կը հաւաքէ խնձորները, ծառերուն վրայէն քաղածները հաւաքելով մասնաւոր սնտուկ­ներու մէջ, իսկ ծառէն ինկածները պարկերու մէջ` այլ նպատակի օգտագործելու հա­մար: Պարտիզպանը իր խնձորներուն միջեւ այս զատորոշումը կը կատարէ անոր հա­մար, որ գետին ինկածներուն մէջէն որդնոտած խնձոր մը չմտնէ սնտուկներուն մէջ, եւ այնտեղ հաւաքուած ամբողջը չփճացնէ: Պարտիզպանը փորձառութեամբ գիտէ, որ նոյնիսկ մէկ հատ փճացած խնձոր, կրնայ ամբողջ սնտուկը փճացնել, իր ամբողջ բեր­քը ի զուր վատնելով:

Մարդկային ընկերութեան բարոյական անդաստանն ալ ունի իր պտղատու ծա­ռերը, որոնցմէ բերքահաւաք կը կատարեն «պարտիզպան»ները: Սնտուկը, որուն մէջ կը հաւաքուին պտուղները, այս կեանքն է, ուր կ՛ապրինք բոլորս միասնաբար: Ցաւա­լի երեւոյթը այն է, որ լաւ խնձորներն ու փճացածները նոյն սնտուկին մէջ կը լեց­ուին, փոխանակ իրական պարտէզի մէջ տեղի ունեցող զտման: Ինչո՞ւ ցաւալի կոչե­ցինք այս երեւոյթը: Չէ՞ որ լաւ խնձորը միշտ աւելի գնահատուած է, քան վնասուածը կամ մէկ կողմով որդնոտածը: Այո, սակայն եթէ սնտուկի մը մէջ հարիւր լաւ խնձոր ըլ­լայ ու միայն մէկը փճացած, այդ մէկը կրնայ բոլորը փճացնել այս կամ այն չափով, նայած իրեն մօտիկ կամ աւելի հեռու գտնուելուն, բայց մնացեալ իննըսուն ինն հատը չեն կրնար փճացածը առողջացնել: Ահա թէ ինչո՛ւ  ոմանք երբեմն անյոյս պարագայ կը համարեն բարոյապէս անկ­եալ, ստախօս, զեղծարար, աւազակ ու անպարկեշտ մար­դի­կը ուղղութեան հրաւիրե­լու աշխատանքը, զանոնք վերջնականապէս անուղղայ նկատելով:

Կրօնական հասկացութիւնը ու յատկապէս քրիստոնէական կրօնը տարբեր մօ­տե­­ցում ունի, քան անհատ մարդոց տեսակէտները: Աստուած միշտ խոր համբերու­թեամբ կը հետեւի մեղաւոր մարդուն, որպէսզի օր մը դարձի գայ ան եւ չկորսուի անոր հո­գին, որովհետեւ այդ հոգին եւս մաս կը կազմէ աստուածային, տիեզերական` ընդհանրական հոգիին, որուն պէտք է մագնիսուի անիկա մահէն ետք: Փճացած խն­ձո­րը հզօր է նիւթեղէն պարտէզին մէջ միայն, սակայն հոգեւոր անդաստանին մէջ աստ­ուածային ուժն է գերիշխողը:

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2021, 07:17