Քարաքոշի Անարատ Յղութեան եկեղեցւոյ հասարակութիւնը։ Քարաքոշի Անարատ Յղութեան եկեղեցւոյ հասարակութիւնը։ 

Իրաք, ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը յոյսի ու մխիթարութեան նշան։

Քարաքոշի ժողովրդապետ հայր Ճորճ Ժահոլա անդրադարձաւ ֆրանչիսկոս Պապն Իրաք կատարելիք այցելութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 7 մարտին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Իրաքի մէջ պիտի այցելէ Քարաքոշ քաղաքը, ուր պիտի հանդիպի ահաբեկիչներու կողմէ կործանուած ապա վերակառուցուած Անարատ Յղութեան եկեղեցւոյ հասարակութեան հետ։

Ունկնդրէ լուրը

Անարատ Յղութեան եկեղեցւոյ հասարակութիւնը  համեստ կերպով կը պատրաստուի Պապին այցելութեան։

Ի լուր Էրպիլ քաղաքէն ներս ու Իրաքի մէջ այլուր տեղի ունեցած վերջին քաղաքական իրադարձութիւններուն, Վատիկան Նիւզին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին , Քարաքոշի ժողովրդապետ, հայր Ճորճ Ժահոլա անդրադարձաւ ֆրանչիսկոս Պապին Իրաքի այցելութեան նշելով, թէ  իր եկեղեցւոյ հասարակութիւնը համեստ կերպով կը պատրաստուի Պապի առաքելական ճամբորդութեան։ Երիտասարդները երգեցողութեան պատրաստութեամբ հոգեպէս կը պատրաստուին ընդունիլ Ֆրանչիսկոս Պապը։ Եկեղեցւոյ վերանորոգման վերջին աշխատանքները աւարտած են։

Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւն յատուկ դեղ է ու խաղաղութեան նշան։

Հայր Ճահոլա նշեց, թէ ֆրանիսկոս Պապին Իրաքի այցելութիւնը մխիթարութեան ու յոյսի նշան է, նախապէս տեղի ունեցած բռնութիւններով լի իրադարձութիւններուն դիմաց։ Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը խաղաղութեան նշան է ։ Մեզի համար յատուկ դեղ մըն է,  որուն միջոցաւ աւելի լաւ պիտի հասկնանք անոր պատգամը։

Հայր Ճահոլա անդրառնալով իրենց եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքներուն նշեց, թէ այդ աշխատանքները եկեղեցւոյ քաջութեան նշան է ։Ֆրանչիսկոս Պապին հետ միասին վերակառուցած եկեղեցի վերադառնալը, հաւատքի ու պատմութեան արմատներուն վերադարձ է։  

Քաղաքի բոլոր քրիստոնեաները հրաւիրուած են միանալու ֆրանչիսկոս Պապին այցելութեան

Ի վերջոյ հայր Ճահոլա նկատել տուաւ, որ Քարաքոշի հաւատացեալներու մեծամասնութիւնը Ասորի կաթողիկէներ են։ Ան հրաւիրեց քաղաքի բոլոր քրիստոնեաները , կաթողիկէները, օրթոտոքսները միանալու ֆրանչիսկոս Պապին այցելութեան ։

Ան զրուզեց համաճարակի հարցերուն մասին նշելով որ Ժողովուրդը պիտի յարգէ առողջապահական օրէնքները նուազեցնելու համար վարակման հարցերը  եւ արգելք չհանդիսանալու ֆրանչիսկս Պապին Իրաք այցելութեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2021, 11:37