Մեծ Պահքի խոկումներ։ Մեծ Պահքի խոկումներ։ 

«ՏԷ'ր, ի՞նչ կը սպասես ինծմէ» Մեծ Պահքի խոկումներ։ Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեան

Իցի՜ւ թէ կարենայինք լաւապէս օգտուիլ Մեծ Պահքի այս Քառասուն օրերէն, ընդառաջելու համար մեր սրտին խօսող Աստուծոյ կամքին, որ իբրեւ բազմագութ ու մարդասէր Հայր՝ մեզ կը սիրէ անհուն, հաւատարիմ եւ անկործանելի սիրով:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Եկեղեցին միշտ նկատած է եւ տակաւին կը նկատէ Քառասնորդացը իբրեւ նպաստաւոր ու թանկագին ժամանակաշրջան մը, որուն ընթացքին Աստուած՝ հայրական յատուկ հետապնդումով մը՝ մեզ կը հրաւիրէ Իրեն մօտեցնելու եւ մեզ Իրեն կապող բարեկամական յարաբերութիւնները խորացնելու:

Ըստ էութեան, Քառասնորդացը կարեւոր է, որպէսզի կանգ առնենք, մեր կեանքը քննենք, եւ Աստուծոյ նկատմամբ անկեղծօրէն կողմնորոշուինք, Իր խօսքին մտիկ ընելով ու մեզմէ Իր ակնկալածին իրազեկ դառնալով:

Ամէն տարի, քառասնօրեայ ՄԵծ Պահքի միջոցին, Եկեղեցին մեզի կ'առաջարկէ մեր ապրելաոճը հարցադրելու, աչքի առջեւ ունենալով՝ անապատին մէջ Յիսուսի անցուցած քառասուն օրերը:

Հո'ն, Յիսուսի առջեւ երկճիւղ ուղի կը բացուէր. մին՝ Իր Հօր հնազանդելու, միւսը՝ սատանային ստրկանալու:

Մէկ կողմէն, Սատանային թելադրած հրապոյրներուն տեղի տալով՝ մեր Տէրը պիտի վայելէր դիւրին կեանք, լի փոխզիջումներով, խորամանկութիւններով ու փոքրոգութիւններով: Միւս կողմէն, Իր Հօրը կամքը կատարելով՝ ծայր աստիճան խստապահանջ կեանք մը պիտի ապրէր, որ սակայն փրկաւէտ յաջողութեամբ պիտի պսակուէր:

Յիսուս այս երկընտրանքին առջեւ գտնուելով՝ որոշեց երկրորդ ուղիով ընթանալ: Ան, արդարեւ, անվարան հնազանդեցաւ իր Հօրը՝ համապատասխանելու համար իր կոչումին, մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ տածած անհուն սէրը յայտնելու, աշխարհը փրկելու եւ Իր արարածներուն խաղաղութիւն, ուրախութիւն, ներում ու հասկացողութիւն բերելու:

Ի նմանութիւն Յիսուսի, մեզմէ իւրաքանչիւրը եւս կոչուած է «անապատ» քաշուելու, իր սրտէն ներս մտնելու եւ իր հայեացքը դէպի երկինք սեւեռելով՝ Աստուծոյ հարցնելու. « Տէ'ր իմ, Ի՞նչ կը սպասես ինծմէ. ես, որ 15, 30, 40, 50, 65, 75 տարեկան եմ: Ի՞նչպէս կ'ուզես, որ ապրիմ »:

Այս հարցումները պարտինք լրջօրէն ուղղել, տարուէ տարի, չիյնալու համար՝

մակերեսային,

տափակ,

 միջակ,

անշնորհք կեանք վարելու անխուսափելի փորձութեան մէջ:

Արդարեւ, մենք հակամէտ ենք գոհանալու անուանապէս քրիստոնեայ լինելով, միանգամայն անտեսելով քրիստոնէական կրօնքի տարրական հրամայականներուն գործադրութիւնը:

Անապատին մէջ, աղօթքի եւ ծոմապահութեան քառասուն օրերու աւարտին, Յիսուս յայտնեց Իր անվերապահ տրամադրութիւնը. Ինքզինք բոլորանուէր ընծայել Հօր Աստուծոյ եւ կատարել Անոր սուրբ կամքը:

Աստուածային Վարդապետը գիտակից էր, թէ Իր այս արմատական հաւատարմութիւնը Հօրը նկատմամբ, զԻնք մահուան պիտի առաջնորդէր. այնուամենայնիւ, Ան մեր փրկութեան համար, ինքնակամ եւ սիրայօժար «խոնարհեցուց անձը, հնազանդեցաւ մինչեւ մահ, եւ մահ՝ Խաչին վրայ» (Փիլիպեցիներուն 2, 8):

 Իցի՜ւ թէ կարենայինք լաւապէս օգտուիլ Մեծ Պահքի այս Քառասուն օրերէն, ընդառաջելու համար մեր սրտին խօսող Աստուծոյ կամքին, որ իբրեւ բազմագութ ու մարդասէր Հայր՝ մեզ կը սիրէ անհուն, հաւատարիմ եւ անկործանելի սիրով:

 Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2021, 07:36