Ուղեգիծեր քրիստոնէավայել կեանք վարելու: Ուղեգիծեր քրիստոնէավայել կեանք վարելու: 

Ուղեգիծեր քրիստոնէավայել կեանք վարելու:

Ի նպաստ Քառասնորդաց Մեծ Պահքի արդիւնաւորման
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Աստուծոյ մեծութեան վրայ խոկալ՝ մեր փոքրութեան գիտակցելով:

Արարիչին սրբութեան առջեւ խոնարհիլ՝ մեր խեղճութեան վրայ ցաւելով:

Տիրոջ գորովագութ հայրութիւնը գովերգել՝ մեր որդիական անառակութեան վրայ արտասուելով:

Մոլութիւնները մեր վրայէն թօթափել՝ առաքինութեամբ զարդարուելով:

Սրտանց զղջալ՝ Հօր Աստուծոյ բարութեան մասին մտածելով:

Անձնասիրութենէն հրաժարիլ՝ եղբայրսիրութիւնն ի գործ դնելով:

Չարախօսութեան լեզուն սանձել՝ բարեացակամօրէն արտայայտուելով:

Աւերիչ  քննադատութիւններէն խուսափիլ՝  շինիչ միտքեր փոխանակելով:

Կռիւներէն փախչիլ՝ խաղաղութիւն սփռելով:

Փառամոլութիւնը վանել՝ մեր ոչնչութիւնը ճանչնալով:

Հպարտութիւնը զսպել՝ խոնարհութեամբ ապրելով:

Գայթակղութիւնը խափանել՝ բարի օրինակ տալով:

Ատելութիւնը մեր սրտէն հանել՝ սէր սփռելով:

Գժտութիւնը մոռնալ՝ հաշտութեան հետամտելով:

Պառակտումի որոմը արմատախիլ ընել՝ միութեան սերմը ցանելով:

Անիրաւութեան դէմ դնել՝ արդարութեան նպաստելով:

Վրէժխնդրութեան ոգին մարել՝ ներողամտութեան զգացումը արծարծելով:

Քարեղէն սիրտը փոխել՝ բարեգթութիւն յայտնելով:

Դրամապաշտութենէն ձերբազատիլ՝ աղքատին ու կարիքաւորին օգնելով:

Աստուծոյ ողորմութիւնը հայցել՝ մերձաւորին հետ գթասրտութեամբ վարուելով:

Հոս կ'ուզեմ խօսքս փակել՝ բոլորին արդիւնաւոր Մեծ Պահք մաղթելով:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեան

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2021, 07:39