«Նինուէյի յարութիւն» խաղաղութեան համար աղօթքի եւ ծոմապահութեան ձեռնարկը։ «Նինուէյի յարութիւն» խաղաղութեան համար աղօթքի եւ ծոմապահութեան ձեռնարկը։  

Սկիզբ առաւ «Նինուէյի յարութիւն» խաղաղութեան համար աղօթքի եւ ծոմապահութեան ձեռնարկը։

Երեք օրեր հայցերու համար համաճարակին աւարտը եւ պայմաններ՝ որպէսզի յառաջիկայ Մարտին նախատեսուած Ֆրանչիսկոս Պապին այցը իրականանայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ծոմ պահել մինչեւ կէսօր, իսկ անոնք՝ որոնք կարող են մինչեւ երեկոյ, եւ ամէն օր մասնակցիլ աղօթքի պահերուն եւ Սուրբ պատարագի արարողութեան»։ Ահա այսպէսով է, որ Իրաքի քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը կը պատրաստուի ապրիլ «Նինուէյի յարութիւն» եռօրեայ աղօթքի եւ ծոմապահութեան ձեռնարկը, որ սկիզբ առաւ այսօր 25 յունուարին։

Թողութիւն հայցել մեղքերուն համար

«Ձեռնարկին բնաբանը կը հայի Յովնանի պատմութեան որ Կէտձուկէ մը կլլուելէն ետք կը հայցէ Աստուծոյ ներումը եւ ապաշխարելով կը փրկէ իր կեանքը», դիտել կու տայ Քաղդէացիներու Պատրիարք Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոն, բացատրելով ձեռնարկին իմաստը ու այս ուղղութեամբ կը հաստատէ, թէ «Աստուած ողորմած է, ան գթառատ Հայր մըն է, որ հոգ կը տանի իր ստեղծած բոլոր զաւակներուն եւ կը բաղձայ անոնց փրկութիւնը»։

Կարդինալ Սաքօ կ՛ակնարկէ  ապա աշխարհի միլիոնաւոր կեանքերուն սպառնացող Քովիտ-19 ժահրի  համաճարակին,  այս մէկը որակելով «համընդհանուր աղէտ», որ բացասական ազդեցութիւններ ունի մարդկութեան կեանքին վրայ, ըլլայ ընկերային, ըլլայ մշակութային, ըլլայ ֆինանսական եւ ըլլայ կրօնական գետնի վրայ։

«Բայց եւ այնպէս ինչպէս անցեալի ժանտախտը յաղթահարուեցաւ այնպէս ալ մենք կարող ենք այս ցաւալի փորձառութիւնը վերածել շնորհքի եւ բարութեան հնարաւորութեան, հոգեւոր եւ ընկերային զօրակցութեան միջոցաւ» կը հաստատէ Քաղդէացիներու Պատրիարքը, հրաւէր ուղղելով բոլորին «Թողութիւն հայցելու մեղքերուն համար, ապաշխարելու եւ աղօթելու, որպէսզի փրկուին քորոնավիրուսէն, մտածելով մեր գոյութեան իմաստին վրայ, ստանձնելով պատասխանատուութիւն մեր եղբայրներու եւ քոյրերու նկատմամբ ու աջակցութիւն եւ զօրակցութիւն ցուցաբերելով  բոլոր հիւանդներուն»։

Յատուկ աղօթք Քահանայապետին համար

Ան ապա զօրեղ կոչ կ՛ուղղէ աղօթելու խաղաղութեան եւ անվտանգութեան վերահաստատումին համար ինչպէս նաեւ երկրի ու տարածաշրջանի կայունութեան  համար, զայն յօշոտած պատերազմներէ ու հակամարտութիւններէ ետք»։ Հուսկ յատուկ աղերսական աղօթք մը՝ որպէսզի Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ 5-8 մարտ Իրաք ճամբորդութիւնը իրականանայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2021, 11:33