2021 Տարին թող ըլլայ առողջութեան եւ յոյսի տարի մը։ 2021 Տարին թող ըլլայ առողջութեան եւ յոյսի տարի մը։ 

2021 Տարին թող ըլլայ առողջութեան եւ յոյսի տարի մը։

2020 տարին ունեցաւ պատմութեան ամենավատ պատկերը, որուն ընթացքին հազարաւորներ մահացան Քորոնայի համաճարակէն։ Շատեր իրենց յոյսը դրած էին նորանոր դեղամիջոցներու վրայ։ Համաճարակը մուտք գործեց մեր բոլորին կեանքին մէջ։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Այս նոր տարուան սեմին, ի՞նչ կարելի է ցանկալ կամ մաղթել, որ համապատասխանէ ամենախոր իղձերուն եւ սպասումներուն: Կը կարծեմ թէ ամէնէն կարեւորը՝ լաւ ըլլալն է ինքզինքին եւ ուրիշներուն հետ: Լաւ ըլլալ ինքզինքին հետ կը նշանակէ ունենալ ներքին անդորրութիւն, քաջառողջութիւն եւ նիւթական ու բարոյական բարեսրտութիւն, կարճ կեանքը ապրելու երջանկութիւն, նոյնիսկ եթէ երբեմն  պատահին անախորժ դէպքեր կամ կացութիւններ: Լաւ ըլլալ ուրիշներուն հետ կը նշանակէ բարեկամեցողութիւն, ներողամտութիւն, բարեկամութիւն եւ սէր, որ կը տապալէ զատողութեան եւ այլամերժութեան պատերը եւ մեզ կը միացնէ ճշմարիտ կապերով ամէն անոնց հետ, որոնց կը հանդիպինք մեր առօրեայ կեանքին մէջ:

2020 տարին ունեցաւ պատմութեան ամենավատ պատկերը, որուն ընթացքին հազարաւորներ մահացան Քորոնայի համաճարակէն։ Շատեր իրենց յոյսը դրած էին նորանոր դեղամիջոցներու վրայ։ Համաճարակը մուտք գործեց մեր բոլորին կեանքին մէջ։ Այս առնչութեամբ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մարդկութիւնը հրաւիրեց վախ չունենալու եւ Տիրոջ ապաւինելու։ «Մենք ունինք յոյս մը, անոր Խաչով մենք բուժուեցանք եւ ողջագուրուեցանք, որպէսզի ոչ մէկ բան եւ ոչ մէկը մեզ բաժնէ Անոր փրկարար սէրէն։

Սաղմոսերգուն հարց կու տայ ինքնիրեն թէ ուսկի՞ց կու գայ ցաւը եւ տառապանքը որ մարդս յաճախ կը կրէ իր կեանքին ընթացքին. «Միթէ՞ Տէրը կը մոռնայ իր գթութիւնը, իր բարկութեան մէջ՝ կը պահէ՞ իր որովայնը (ողորմածութիւնը) (Սղմ. 76)»: Անգամ մը որ ողորմութեան որովայնը փակուած է, անպտուղ ամլութիւնը կը կատարուի, եւ ծնունդ կու տայ ամէն տեսակ չարիքի եւ չարչարանքի որ կը կործանէ համայն մարդկութիւնը մեր օրերուն: 

Սուրբ Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ անընդհատ զօրացնել մեր հաւատքը՝ միշտ եւ միշտ յայտնագործելով եւ դիտելով իսկական դէմքը Յիսուս Քրիստոսի։ Դէմք մը ողորմութեան եւ ներումի եւ խաղաղութեան : Ճշմարիտ քրիստոնեան այստեղ կանգ չ'առներ սակայն: Պէտք է բաժնեկից դարձնէ նաեւ իր եղբայրակիցը, անոր ալ ցոյց տալով նոյն սուրբ դէմքը: «Ներէ մեզի մեր յանցանքները, ինչպէս որ մենք ալ կը ներենք ամէն անոնց որ մեզի դէմ յանցանք գործեցին»: Ներումը, ուրեմն, կը բաժնենք մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ:

Թող 2021 նոր տարին՝ ըլլայ աղօթքի եւ առողջութեան տարի համայն մարդկութեան, որպէսզի ըլլայ նաեւ տարի մը խաղաղութեան:

Գերապայծառ Գէորգ Եպսկ. Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/01/2021, 09:00