Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ 

Հռոմի մէջ հայածէս սուրբ պատարագ եւ աղօթք՝ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան առթիւ։

Այս տարուայ միութեան աղօթքի շաբթուայ նիւթն է Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած (Գլ. 15, 1-17) «Մնացէք իմ սիրոյս մէջ, շատ պտուղ կու տաք» խօսքը, որ կ՛արտայատէ կոչումը աղօթքի, հաշտութեան եւ եկեղեցւոյ ու մարդկային ցեղի միութեան, որ կը յատկանշէ « Grandchamp» հասարակութիւնը, որուն յանձնուեցաւ այս տարուայ խորհրդածութիւններու շարադրութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քրիստոնեաները , որպէսզի կարենան իրագործել Յիսուսի իրենց յանձնած պատգամը , որ է տարածել իր աւետարանը բոլոր աշխարհի վրայ, պէտք է որ միանան , եւ ցոյց տան թէ իրենք հարազատ եղբայրներ են իրարու: Ասոր համար ամէն տարի 18 -25 Յունուար երկարող շաբաթը նուիրուած է Քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքին, որուն ընթացքին զանազան եկեղեցիներու եւ աղօթատեղիներուն մէջ տարբեր քրիստոնեայ հասարակութիւններու պատկան հաւատացեալներ կը համախմբուին միասնաբար հայցելու համար միութեան պարգեւը։

Այս տարուայ միութեան աղօթքի շաբթուայ նիւթն է Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած (Գլ. 15, 1-17)  «Մնացէք իմ սիրոյս մէջ, շատ պտուղ կու տաք»  խօսքը, որ կ՛արտայատէ կոչումը աղօթքի, հաշտութեան եւ եկեղեցւոյ ու մարդկային ցեղի միութեան, որ կը յատկանշէ « Grandchamp» հասարակութիւնը, որուն յանձնուեցաւ այս տարուայ խորհրդածութիւններու շարադրութիւնը։

«Grandchamp» հասարակութեան կեդրոնը կը գտնուի Զուիցերիոյ Նիւշաթելի լիճին մօտակայքը ուր 30-ական թուականներուն խումբ մը նուիրեալ կիներ վերագտած էին լռութեան եւ Աստուծոյ խօսքին ունկնդրութեան կարեւորութիւնը ու ասկէ մեկնելով սկսած էին կազմակերպել Հոգեւոր Կրթութիւններ։

Այսօր «Grandchamp» հասարակութիւնը կազմուած է 50 անդամներէ, տարբեր տարիքի, եկեղեցական աւանդութեան, ազգի եւ ցամաքամասի պատկանող կիներէ, որոնք, ինչպէս կը յայտնէ Քրիստոնեաներու միութեան խթանումին Քահանայապետական խորհուրդը, «իրենց այս տարբերութեան բերումով կը կազմեն հաղորդութեան կենդանի առակ մը»։

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը պիտի աւարտի 25 Յունուարին, Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքային մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած ժամասացութեան արարողութեամբ։

Համամիութենական աղօթքներու շարքին Հռոմի թեմը եւս կազմակերպած է հսկումի յատուկ մէկ արարողութիւն, որ տեղի պիտի ունենայ 20  Յունուարին երեկոյեան 19.30-ին, Հռոմի Սանթա Մարիա Ին Թրասթեվերէ պազիլիքային մէջ, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ, Սուրբ Աթոռի մօտ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը, որուն յանձնուած է նաեւ ներկայացնել յաւուր պատշաճի քարոզը։

Հսկումի աղօթքին կը մասնակցին նաեւ օրթոտոքս, բողոքական եւ անկլիքան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։ Հսկումի աղօթքը պիտի սփռուի Հռոմի Թեմին Ֆէյսպուքեան էջէն։

Իսկ այսօր Երեքշաբթի 19 Յունուարի երեկոյեան 8-ին,   Սուրբ Հաղորդութեան Համամիութենական կեդրոնի  Սանթա Մարիա Ին Վիա Լաթա եկեղեցւոյ մէջ Գերյ. Նարեկ Ծայրագոյն Վարդապետ Նաամոյեան, Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանի մեծաւորը, Քրիստոնեաներու միութեան նուիրուած հայածէս Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ մասնակցութեամբ Լեւոնեան Ք Վարժարանի ժառանգաւորներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2021, 09:09