Ռատիովատիկանի երբեմնի խմբագիր տնօրէն Հայր Անտրէյ Քոփրովսքի։ Ռատիովատիկանի երբեմնի խմբագիր տնօրէն Հայր Անտրէյ Քոփրովսքի։ 

Հոգին աւանդեց առ Հայր Ռատիովատիկանի երբեմնի խմբագիր տնօրէն Հայր Անտրէյ Քոփրովսքի։

Արդեն անկայուն առողջապահական իրավիճակով 80 ամեայ Հայր Քոփրովսքին Քովիտ19 ժահրի վարակումի պատճառաւ իր հոգին աւանդեց առ հայր Վարշավիայի հիւանդանոցին մէջ 29 Յունուար 2021-ի առաւօտեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քովիտ-19 համաճարակը բազմաթիւ կեանքեր խլեց աշխարհի մէջ անոր զոհը դարձաւ նաեւ Յիսուսեան Հայր Անտրէյ Քոփրովսքի՝ Ռատիովատիկանի երբեմնի խմբագիր տնօրէն եւ Վատիկանի Ձայնասփիւռի հայկական բաժնի մեծ բարեկամ։

Արդեն անկայուն առողջապահական իրավիճակով  80 ամեայ Հայր Քոփրովսքին Քովիտ19 ժահրի վարակումի պատճառաւ իր հոգին աւանդեց առ հայր Վարշավիայի հիւանդանոցին մէջ 29 Յունուար 2021-ի առաւօտեան։

Ան 2003 թուականէն մինչեւ 2015 թուական եղաւ Ռատիովատիկանի խմբագրութիւններու ընդհանուր  տնօրէնը, յաջորդելով Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիին որ մինչ այդ ստանձնած էր ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը։

Համալսարանական ուսմունքները աւարտած է Վարշավիայի մէջ եւ 1961-ին մաս կը կազմէ Յիսուսեան միաբանութեան ու 1969-ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ։

Սկզբնական շրջանին կը նշանակուի Լուպլինի համալսարանի մատրանապետ, համալսարանը ուր դասաւանդած էր Քարոլ Վոյթիլա քահանայապետը։ 1979-ին կը դառնայ Յիսուսեաններու Աստուածաբանութեան Վարժարանի տնօրէն, հուսկ 1983-ին կը փոխադրուի Հռոմ որպէս Յիսուսեաններու Արևելեան Կենտրոնական Եւրոպայի ընդհանուր մեծաւորի օգնական ուր կը մնայ մինչեւ 1989-ը ու Պեռլինի պատի փլուզումէն ետք կը վերադառնայ  իր հայրենիքը ուր անխոնջ կերպով կը նուիրուի իր երկրին վերազարթօնքին յատկապէս զբաղելով կաթողիկէ լրատուութեան ու տեղեկատուութեան վերազարգացումով, դառնալով նոյնիսկ պետական հեռուստակայանի տնօրէն։

2003ին դարձեալ կը կանչուի Հռոմ՝ ստանձնելու համար Ռատիովատիկանի խմբագիր տնօրէնի պաշտօնը, այստեղ եւս նոր ընթացք մը սկսելով ու ռատիոհաղորդումները յարմարեցնելով ապրուած ժամանակներուն, շեշտադրելով բազմալեզու լրատուամիջոցի կարեւորութիւնը։

2015-ին կը վերադառնայ Լեհաստան ուր կը շարունակէ իր լրագրողի ու քահանայի գործունէութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2021, 15:00