Աղօթքը Աղօթքը 

Բոլոր անոնք, որոնք սուրբ դարձան աղօթքի տիպարներ էին:

Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերանը կ'ըսէ՝ «աղօթքէն աւելի զօրաւոր բան մը չիկայ աշխարհիս վրայ, որովհետեւ անկարելին կարելի կը դարձնէ, ամէն ինչ կը դիւրացնէ, մանաւանդ անկարելի է աղօթողին որ մեղք գործէ»:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ընդունելու ենք որ անձնական եւ միաբանական աղօթքը մեծ կարեւորութիւն ունի լաւագոյն ձեւով Աստուծոյ հասնելու, որովհետեւ աղօթքը մեր երկրաւոր կեանքի նպատակն է:

Հայ եկեղեցւոյ մեր հայրերը ինչպէս՝ Ս. Ներսէս շնորհալին եւ Նարեկացին շատ կապուած էին աղօթքին, իրենց աղօթքները մինչեւ այսօր կը գործածուին եւ մեծ յարգանք ունին:

Անոնց աղօթագիրքերու կամ շարականներուն մէջ կը տեսնենք թէ աղօթքը՝ իրենց կեանքի հիմնական ու կարեւորագոյն սիւներէն մին էր, որովհետեւ մեր հայ սուրբերը իրենց հաւատքով, հոգեւոր կեանքով եւ սուրբ վկայութեամբ, բարի օրինակ դարձան այն հաւատացեալներուն, որոնք կը փափաքէին սրբութեան եւ խիստ հոգեւոր կեանքին հասնիլ:

Այն սուրբերը յարատեւօրէն կ'աղօթէին որպէսզի Աստուածային ուժը ստանային:

Հաւատացեալի ճանապարհը աղօթքով լեցուն է, որովհետեւ հաւատքը մեզ կ'ուղղէ աղօթքի՝ ինչպէս գիտը կ'ուղղէ դէպի ծովը: Այն անձը որ չ'աղօթեր հաւատքի իմաստը կ'անգիտանայ: Աղօթքը չի բաժնուիր,  որովհետեւ Աստուած արքայ է աղօթողին կեանքին մէջ:

Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերանը կ'ըսէ՝ «աղօթքէն աւելի զօրաւոր բան մը չիկայ աշխարհիս վրայ, որովհետեւ անկարելին կարելի կը դարձնէ, ամէն ինչ կը դիւրացնէ, մանաւանդ անկարելի է աղօթողին որ մեղք գործէ»:

Սուրբերու կեանքին փորձառութենէն կը հասկնանք թէ քրիստոնէական կեանքը չի կրնար յարատեւել առանց աղօթքի, որով աղօթքով է որ կ'իրականացնենք մեր Տիրոջ կամքը. «Դուք կատարեալ եղէք ինչպէս ձեր Հայրը»: Աղօթքը մեզի ուժ կու տայ մարմնացնելու համար Ս. Աւետարանին ուսուցումները, այսպիսով կը սկսինք մագլցիլ սրբութեան եւ քրիստոնէական կեանքի լեռան վրայ:

Ս. Ղուկասի աւետարանին մէջ կը կարդանք այլակերպութեան դէպքը. «երբ Յիսուս աղօթք կ'ընէր, ուրիշ կերպ առաւ եւ իր հագուստը ճերմակ ու փայլուն եղաւ»։

Լեւի գիրքին մէջ կը կարդանք «Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ըսելով՝ իսրայէլի ժողովուրդին ըսէ թող սուրբ ըլլան, որովհետեւ ես ձեր Աստուածը սուրբ եմ»:

Սրբութեան եւ հոգեւոր կեանքի կատարելութիւնը Աստուածային փափաք մըն է, լաւագոյն պատասխանը, զոր Տիրոջ կրնանք տալ աղօթքն է։ Ս. Հոգիին միջոցաւ մենք կը դառնանք Յիսուսի եւ եկեղեցւոյ լաւագոյն եւ ամեներջանիկ անձերը: ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2021, 07:53