Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Պապական Նուիրակը Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Պապական Նուիրակը 

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Պապական Նուիրակը

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի կացութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի գործակցութեան առնչուած հարցեր:
Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 31 դեկտեմբեր 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց պապական նուիրակ Ժոզեֆ Սփիթերին, որ փոխանցեց Ֆրանչիսկոս պապին եղբայրական ողջոյնները եւ վերջինիս կողմէ նամակ մը յանձնեց վեհափառ հայրապետին:

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի կացութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի գործակցութեան առնչուած հարցեր: Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Արցախի հարցը:

Արդարեւ, Արցախի պատերազմի շրջանին, վեհափառ հայրապետը պապական նուիրակին ճամբով հայութեան մտահոգութիւններն ու սպասումները յայտնած էր սրբազան քահանայապետին եւ Վատիկանի պետական քարտուղարին` շեշտելով Արցախի անկախութեան ճանաչման հրամայականը: Պապական նուիրակը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ Վատիկանը մօտէն կը հետեւի Արցախի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն` միշտ կապի մէջ ըլլալով յատկապէս Ռուսիոյ հետ:

Վեհափառ հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ սրբազան քահանայապետին ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/01/2021, 12:12