Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԼԵ)։

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին կատարուող Անդաստանի կարգին:

ԼԵ. Հաղորդում

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին կատարուող Անդաստանի կարգին:

Մեր Եկեղեցւոյ գեղեցկագոյն արարողութիւններէն մին է անդաստանը: Անդաստանը օրհնութիւնն է արտերուն, այգիներուն, բերքին և անասուններուն: Անցեալին՝ կը կատարուէր բնութեան ծոցը, բացօթեայ, նախընտրաբար բլուրի մը վրայ, ուրկէ կը պարզուէին չորս կողմերը: Հետագային՝ կլիմայական պայմաններու պատճառով, անդաստանը եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուած է, որմէ ետք եկեղեցւոյ ատեանին մէջ:

Անդաստանը Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին տեղի կ'ունենայ, որովհետեւ արտերուն օրհնութիւնը կը կատարուէր Առաւօտեան Ժամերգութեան վերջաւորութեան: Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն՝ «անդաստան ելանել» կամ «անդաստան օրհնել» կը նշանակէ եկեղեցւոյ ատեանին մէջ շրջելով՝ աշխարհի չորս կողմերը օրհնել խաչով, խաչվառով և Աւետարանով: Այսպէս, եկեղեցականները թափօր կազմած ատեան կ'ելլեն, իրենց ընկերանալով բուրվառակիր սարկաւագը, մոմակալներ և խաչվառ բռնող դպիրները: Այնուհետեւ անոնք դէմքերնին դէպի Արեւելք դարձնելով առաջին հերթին հանդիսաւոր կերպով կ'օրհնեն արեւելեան կողմը, ապա Արեւմուտքը, Հարաւը և Հիւսիսը: Թէ երբ ժամագիրքին մէջ մտաւ անդաստանը, որոշ կերպով յայտնի չէ. միայն թէ մինչեւ Կիլիկեան կաթողիկոսութեան շրջանը՝ գոյութիւն չուն ան ժամագիրքին մէջ: Մեր Եկեղեցւոյ Հայրերէն ոչ Օձնեցին և ոչ ալ Անձեւացին իրենց ժամակարգութեան մեկնութեան մէջ կը յիշեն անդաստանը: Արդարեւ, այս արարողութիւնը մեր ժամասացութեան մէջ մուտք գործած է Կիլիկիոյ շրջանին՝ ԺԲ. ԺԳ. դարերուն: Լատին Եկեղեցին զայն Ե. դարէն ունի: Ընդհանրացած այն կարծիքը կայ թէ անդաստանը մեր մէջ Դեմետրէ դիցուհիին պաշտամունքէն մնացած է, իր քրիստոնէացած ձեւին տակ, ինչպէս Վարդավառին՝ ջուր սրսկելու պարագան: Մենք անդաստանի ամենանախնական ձեւը ընդ աղօտ կ'ուզենք տեսնել ամենահին ժամանակներէ ի վեր Դ. դարու պատմիչ՝ Զենոբ Գլակի մէջ, ուր Ս. Լուսաւորիչ ձեռքն առնելով Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի աջը, կը տեառնագրէ «շուրջ զամենայն կողմամբն գաւառին»:

Անցեալին՝ Հայ Եկեղեցին տարին 15 անգամ անդաստան կը կատարէր, գարունէն սկսեալ մինչեւ աշնան վերջաւորութիւնը: Ձմեռը ցուրտին պատճառաւ՝ անդաստան չէին կատարեր, բացի Տեառնընդառաջէն, երբ եղանակը արդէն մեղմացած կ'ըլլար:

Անդաստան կը կատարուի.

1.     Գարնանամուտին, Տեառնընդառաջի նախատօնակին:

2.     Ծաղկազարդին, առաւօտուն և երեկոյեան:

3.     Զատկին, առաւօտուն և երեկոյեան. (նոյնպէս իր հեթանոսական առնչութեան պատճառով):

4.     Նոր Կիրակիին, առաւօտուն և երեկոյեան:

5.     Աշխարհամատրան կիրակիին, առաւօտուն:

6.     Յինանց Դ. Կիրակիին, երեկոյեան:

7.     Երեւման Խաչին:

8.     Յինանց Զ. Կիրակիին:

9.     Համբարձման, առտու և երեկոյ:

10.                        Երկրորդ Ծաղկազարդին:

11.                        Հոգեգալստեան:

12.                        Տօն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ:

13.                        Վարդավառին, առտու և երեկոյ:

14.                       Վերափոխման, առտու և երեկոյ:

15.                        Խաչվերացին, առտու և երեկոյ:

Հայկական լեռնաշխարհի մէջ, սովորութիւն էր երկրագործին արտը օրհնել, և այդ արարողութիւնը կը կատարուէր քահանային ձեռքով, կալուածատիրոջ կամ նոյնիսկ բովանդակ գիւղի բնակչութեան ներկայութեամբ, ուր իրենց մեծ տեղն ունէին հողամշակները՝ հանդերձ իրենց ընտանի կենդանիներուն: Արդարեւ, մեր ժողովուրդին համար որ մեծաւ մասամբ երկրագործ եղած է, մեծ նշանակութիւն ունեցած է արտերու օրհնութիւնը անցեալին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2021, 07:54