«Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն» հիմնարկը ի նպատս Սուրիոյ Քրիստոնեաներուն «Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն» հիմնարկը ի նպատս Սուրիոյ Քրիստոնեաներուն 

«Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն» հիմնարկի Սուրիոյ Քրիստոնեաներուն ի նպաստ նոր արշաւը

Սուրիոյ մէջ երկարատեւ պատերազմի պատճառաւ բազմաթիւ են ներքին տեղահանները, բազմապատկուած են աղքատութեան մէջ ապրող ընտանիքները, ու կրկնապատկուած դիւրաբեկները ի տես նաեւ Քովիտ19 ժահրի սպառնալիքին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մենք անոնց փրկութեան խարիսխն ենք» այս է Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն Քահանայապետական հիմնարկի դրամահաւաքի նոր արշաւի բնաբանը որ նուիրուած է Սուրիոյ մէջ Քրիստոնեայ փոքրամասնութեան։ Սուրիոյ մէջ երկարատեւ պատերազմի պատճառաւ բազմաթիւ են ներքին տեղահանները, բազմապատկուած են աղքատութեան մէջ ապրող ընտանիքները, ու կրկնապատկուած դիւրաբեկները ի տես նաեւ Քովիտ19 ժահրի սպառնալիքին։

«Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն» հիմնարկը որ տարիներէ ի վեր թիկունք կը կանգնի տառապեալ եւ պանդխտութեան ճամբան առած քրիստոնեաներուն այս իր նոր արշաւով կ՛ուզէ շարունակել իր գործունէութիւնը եւ աւարտին հասցնել բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնց շարքին 8.700 տուներու ելեկտրականութեան երաշխաւորումը, 900 ընտանիքներու տունի վարձքի վճարում, 3.050 աղքատներու առօրեայ օգնութիւններուն մատուցում եւ 9.200 այլ կարիքաւորներու սննդեղէնի մատակարարում, հուսկ 6.500 աշակերտներու կրթաթոշակներու տրամադրում եւ 5.100 ուսանողներու դպրոցական պիտոյքներու բաշխում։ Ապա 28.450 մանուկներ անցեալ ծնունդին ստացան յատուկ նուէրներ (Յատկապէս բաճկոններ), 12.400 նորածիններուն ապահովուեցաւ կաթը ու 6.200 մանուկներ ընդունեցան բժշկական խնամքը։

Զօրակցութեան շղթան կարողացաւ սփոփել շատ մը սրտեր ու բազմաթիւ անձերուն նուիրել նշոյլ մը յոյս։ «Անոնց փրկութեան խարիսխ դառնալ» այս է Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն Քահանայապետական հիմնարկի դրամահաւաքի նոր արշաւի նպատակը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2021, 08:54