Մանուկ Յիսուսը քարայրին մէջ Մանուկ Յիսուսը քարայրին մէջ  

Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի խորհդածութիւնը. «Յոյսին մէջ՝ աղօթքո՛վ դիմաւորենք Աստուածային Մանուկը»։

Մսուրին խորհուրդին մէջ ու մսուրին պատգամէն հասկնալու ենք աղօթքին՝ Աստուծոյ հետ սիրոյ երկխօսութեան կարեւորութիւնը մեր առօրեային մէջ եւ մեր ապրելակերպին համար:

Ահաւասիկ, արդէն կը մօտենայ Ս. Ծնունդը, որուն պատրաստուելու կը հրաւիրէ մեզ Եկեղեցին՝ իր զանազան աղօթքներով եւ ջերմեռանդութիւններով:  

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Յիսուս Քրիստոսի գալուստը Աստուածային Մանուկին ժամանումն է աշխարհին մէջ ու մարդկութեան համար: Անոր շրջանը պէտք է ըլլայ յարատեւ կոչ մը յոյսին, ինչպէս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահայանապետն ըսաւ անցեալ Կիրակի, որովհետեւ յոյսը Նորածին Արքային ժպիտն է մարդերուն՝ ներկային մէջ դէպի ապագան: 

Այդ ժպիտին մէջ՝ Եկեղեցին, որ մեր  մայրը եւ դաստիարակն է, կը սորվեցնէ մեր գոյութեան ուղեւորութիւնը, որպէս զի կարենանք ընթանալ ու տոկալ մեր առօրեային մտահոգութիւններուն մէջ։ 

Այդ ժպիտէն քաջալերուած՝ մենք այսօր կը կանչուինք հոգեւոր պայքար մը  մղելու՝ կարելի եղածին չափ ներքին հասունութեամբ պատրաստուելու համար Ս. Ծնունդին։  

Այս պայքարը, սակայն, մեզմէ կը պահանջէ կարեւոր արարքներ ու գործօններ, զորոնք պէտք է կատարենք, որպէս զի կարենանք ընդունիլ Մանուկը մեր սրտերուն մսուրին մէջ։ 

Այդ արարքներէն ու գործօններէն առաջին ամենակարեւորն է մեր սրտերուն մաքրութիւնը. անոր մեզ կ’առաջնորդէ մեր գիտակից զղջումը, այսինքն՝ մենք որպէս քրիստոնեաներ՝ ընդունելու ենք, թէ այսօրուայ աշխարհին մէջ ենթակայ ենք փորձութիւններու եւ անկումներու, որոնցմէ հոգեկան առողջութեամբ կ’ազատագրուինք, երբ գիտակցօրէն կը զղջանք եւ կը վստահինք Աստուծոյ սիրոյն եւ ողորմութեան՝ վերագտնելով մեր ներքին համերաշխութիւնը Տիրոջ ներումին ու ժպիտին մէջ: 

Սուրբերը եւ սրբակեացներն անգամ ենթարկուեցան ու կ’ենթարկուին սատանայական փորձութիւններու, բայց շնորհիւ իրենց հոգեւոր կեանքին՝ աղօթքով ու ծոմապահութեամբ լեցուն, միշտ կրցան եւ կրնան յաղթական ելլել լոյսի եւ խաւարի այս պայքարէն, անմեղութեան ու մեղքին այս մարտնչումէն:  

Այդ արարքներէն ու գործօններէն երկրորդ ամենակարեւորն է աղօթքը, մե՛ր աղօթելը՝ ամէն օր եւ ամէն ատեն, բայց մանաւանդ այս ժամանակաշրջանին մէջ, երբ կ’ուզենք, մեր խղճին զղջումով ու մեր սրտին մաքրութեամբ, ընդունիլ ժպտող եւ ժպիտ բաշխող Մանուկը, որ Կորովն է մեր ներկային ու Յոյսն է մեր ապագային: 

Այո՛, պիտի աղօթենք, որովհետեւ մեր աղօթքը ոչ միայն կ’ամրացնէ մեր կապերը Տիրոջ հետ, այլ նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրիս սիրտը կը մտերմացնէ՝ մարդը երջանկացնելու համար ծնելիք Ազատարարին Սրտին հետ: Հո՛ս է սէրը: Հո՛ս է յոյսը: Հո՛ս է ժպիտը: Հո՛ս է յաղթութիւնը: 

Դիտե՛նք մեր միջավայրը: Պիտի տեսնենք, թէ մեզմէ շատեր արդէն այսօր, երբ տակաւին Յիսուս չէ ծնած մսուրին մէջ, տունին կամ եկեղեցիին մէջ, կը ծնրադրեն մսուրին առջեւ ու կ’աղօթեն՝ հաւատքի, յոյսի, սիրոյ եւ ուրախութեան գալիք տօնին խորհուրդին մէջ մտնել ջանալով, որմէ ոչ միայն կ’ապրեցնեն իրենց հոգեմտաւոր ներաշխարհը, այլ նաեւ կ’առնեն ներշնչումն ու կամքը՝ տոկալու իրենց դժուար օրերուն մէջ:  

Այդ եղբայրներուն ու քոյրերուն նման՝ մենք ալ փորձե՛նք ունենալ նոյն ընթացքը, որպէս զի ընդունինք ոյժը, յոյսը եւ լոյսը կեանքին՝ նոյնիսկ գտնելով գեղեցիկ իմաստը այս դժուարութեան կամ այն նեղութեան: 

Այսպէս, այսօր իսկ ջանա՛նք ունենալ Աստուածային Մանուկին ծննդեան պատկերը՝ մսուրը, որ մեզի համար աղօթքի հրաւէրն է յոյսին ու ժպիտին՝ միշտ երջանկացնո՛ղ եւ սրբացնո՛ղ։  

Չմոռնա՛նք, թէ մսուրին մէջ եւ մսուրին առջեւ ծնաւ քրիստոնէական բարեպաշտութիւնը, աղօթական երկիւղածութիւնը։ Ուստի, մսուրին խորհուրդին մէջ ու մսուրին պատգամէն հասկնալու ենք աղօթքին՝ Աստուծոյ հետ սիրոյ երկխօսութեան կարեւորութիւնը մեր առօրեային մէջ եւ մեր ապրելակերպին համար: 

Այս իմաստով՝ կը խնդրենք Աստուածամօր բարեխօսութիւնը, որ մտքի զղջումո՛վ ու սրտի մաքրութեա՛մբ պատրաստուինք Ս. Ծնունդին եւ աղօթքո՛վ դիմաւորենք Մանուկը, որպէս զի անոր հրաշագործ ժպիտով յուսադրուինք ներկային մէջ՝ ապագային համար: Ամէն:  

Հայր Գէորգ Եպիս. Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2020, 07:40