132034991_716875295914868_3999496385918533434_nAEM.jpg

Առաջին Հաղորդութիւն Փարիզի Սուրբ Խաչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ

Սուրբ Պատարագի ընթացքին, երեխաները զանազան աղօթքներ արտասանեցին, ղեկավարութեամբ Հայր Յովսէփին, ինչպէս նաեւ նորոգեցին իրենց մկրտութեան խոստումները

      Կիրակի 20 դեկտեմբեր 2020-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, Փարիզի Հայ Կաթողիկէ Մայր Եկեղեցին սկսաւ կամաց կամաց լեցուելու մանուկներով, իրենց ծնողքին ընկերակցութեամբ, որոնք եկած էին վերջին փորձն ընելու, Առաջին Սուրբ Հաղորդութեան արարողութեան, առաջնորդութեամբ Տէր Պետրոս քահանայ Համմալեանի, որ շաբաթներէ ի վեր՝ անխոնջ կերպով կը պատրաստէր զիրենք այս հոգեպարար մեծ արարողութեան. անոնք առաջին անգամուայ համար պիտի ընդունէին Յիսուսի Մարմինն ու Արիւնը իրենց սրտերուն մէջ:

      Որոշեալ ժամուն՝ թափօրը մուտք գործեց եկեղեցւոյ խորքէն սկսելով. նախ հինգ փոքրիկները, ապա՝ առաջնորդը՝ Գերպ. Եղիա Եղիայեան, շրջապատուած իր երկու ժողովրդապետներով, Հայր Յովսէփ Քէլէկեան, հովիւ Փարիզի եւ Տէր Պետրոս Համմալեան, հովիւ Առնուվիլի մեր համայնքին, մինչ երգչախումբը կ'երգէր Հրաշափառը, ղեկավարութեամբ Պարոն Անթուան Քեշիշեանի:

      Սուրբ Պատարագի ընթացքին, երեխաները զանազան աղօթքներ արտասանեցին, ղեկավարութեամբ Հայր Յովսէփին, ինչպէս նաեւ նորոգեցին իրենց մկրտութեան խոստումները: Յուզիչ էր տեսնել այս հինգ փոքրիկները իրենց սպիտակ անարատ հագուստներուն մէջ, որոնք սրտանց կ'արտասանէին իրենց աղօթքներն ու խոստումները:

      Գերապայծառը ուղղեց պատշաճ քարոզը, խրատելով զիրենք որ միշտ հաւատարիմ մնան իրենց տուած խոստումներուն:

      Սուրբ հաղորդութիւնը բաշխուեցաւ նախ եւ առաջ 5 փոքրիկներուն եւ ապա՝ բոլոր ներկաներուն: Սուրբ պատարագէն ետք՝ ճոխ ընդունելութիւն մը կատարուեցաւ ներկայ հաւատացեալներուն եւ փոքրիկներու ծնողաց, եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ:

      Առաջին հաղորդութիւն առնող փոքրիկներն էին.

      Նաճարեան Էլիզա, Նաճարեան Թալար, Յակոբեան Գաբրիէլ, Կոստանդինեան Նաթան եւ Նաճարեան Արամ: Թող Աստուած միշտ հաստատ պահէ զիրենք իրենց հաւատքին մէջ, ու վարձքերնին կատար բոլոր պատրաստողներուն եւ երեխաներու ծնողաց:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/12/2020, 15:17