Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Երուսաղէմի Եկեղեցիներու Ծննդեան պատգամը. «Աստուած միշտ մեր հետն է»

Այս տարուայ Երուսաղէմի եկեղեցիներու առաջնորդներուն պատգամը պատգամ է քաջալերանքի, յոյսի եւ աջակցութեան,
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յիսուսը ծնունդը լոկ պատմական իրադարձութիւն մը չէ, այլ մշտական պարգեւ մը համայն արարչութեան համար»։ Այս կը կարդանք Երուսաղէմի Պատրիարքներու եւ Եկեղեցական առաջնորդներու Սուրբ Ծննդեան առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ ուր ընդգծուած է թէ «Աստուծոյ մեզի տրամադրած պարգեւը, այս դժուար ժամանակներու ընթացքին համայն արարչութիւնը կը մղէ յոյսի, վերանորոգումի եւ քաջալերանքի»

«Քովիտ-19 ժահրի, տնտեսական տագնապի, անարդարութիւններու եւ աւելիով խոցելիներու ու տկարներու դէմ բռնութեան աճի այս ժամանակներու ընթացքին Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր մէջ աղբիւր է քաջալերանքի եւ աջակցութեան» կը հաստատեն կրօնական պատասխանատուները իրենց պատգամին մէջ արտայայտելով իրենց զօրակցութիւնը բոլոր անոնց, որոնք համայն աշխարհին մէջ թիրախ դարձան համաճարակին ու անոր հետեւանքներուն, ապա կը հաւաստիացնեն  աղօթքներ՝  որպէսզի «Քովիտ-19 դէմ մօտալուտ պատուաստումը կարողանայ հանգեցնել համաճարակի աւարտին եւ բնականոն կեանքի վերադարձին։

Պատգամին մէջ ապա կը նշուի թէ «Սուրբ Երկրի մէջ այլ կրօններու հասարակութիւններու հետ միասին քրիստոնեայ հասարակութեան ներկայութիւնը, կը շարունակէ ըլլալ Միջին Արեւելքի ընկերային, մշակութային եւ կրօնական  խճանկարի հիմնական մաս մը», հուսկ կ՛ակնարակուի Երուսաղէմի Հոգեվարքի եկեղեցւոյ դէմ վերջերս կատարուած սրբապղծութեան դիտել տալով, որ այս մէկը պիտի չի վհատեցնէ քրիստոնեաները շարունակելու իրենց խաղաղ առաքելութիւնն ու վկայութիւնը։

«Յիսուս ծնաւ անձկութեան, բռնութեան, բացառումի եւ աղքատութեան ժամանակի մը ընթացքին» կը գրեն հուսկ Երուսաղէմի Պատրիարքներն ու Եկեղեցիներու պետերը հաստատելով՝ թէ «Ան կիսեց մեր մարդկային մարմինը ու անոր սահմանափակումները, բացի մեղքէն, այնպէս ընելով, որ իր չարչարանքներով, մահուամբ եւ յարութեամբ, բոլորս կարողանանք ընդունիլ կեանքը եւ զայն ունենալ առատօրէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2020, 07:45