Իրաքի քրիստոնեաները Իրաքի քրիստոնեաները 

Իրաքի մէջ Սուրբ Ծնունդը դարձաւ պաշտօնական տօնական օր

Իրաքի խորհրդարանը միաձայնութեամբ որոշում կայացուց Սուրբ Ծնունդը հռչակել տօնական օր համայն Իրաքին մէջ։ Որոշում որ կայացաւ ի տես նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ Մարտ 2021-ին Երկիր կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իրաքի խորհրդարանի միաձայնութեամբ որդեգրուած որոշումով Սուրբ Ծննդեան տօնը Իրաքի մէջ կը դառնայ պաշտօնական տօնական օր։ Կարեւոր եւ յատուկ նշանակութեամբ որոշում մը, որ կը զուգադիպի Սրբազան Պապին Երկիր կատարելիք առաքելական այցելութեան յառաջիկայ Մարտ 2021-ին։

Իրաքի իշխանութիւնները նախօրօք եւս Ծննդեան տօնը հռչակած էին պաշտօնական տօն սակայն ժամանակաւոր կերպով եւ ոչ բոլոր Իրաքի տարածքին։ Այս մէկը պատահած էր 2008-ին, ապա 2013-ին, հուսկ 2018-ին։

Այս տարուընէ սակայն Սուրբ Ծնունդը կը յայտարարուի ազգային «մշտական» տօն մը Իրաքի մէջ։ Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոն ի լուր վերոնշեալ որոշումին պատգամ մը հրապարակեց, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Երկրին նախագահին, Խորհրդարանի նախագահին  եւ բոլոր խորհրդարանականներուն «Քրիստոնեայ իրենց հայրենակից քաղաքացիներուն բարիքին ի նպաստ» առնուած որոշումին համար, անոնց վրայ հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնները։

Անցեալ  17 հոկտեմբերին նոյնինքն Կարդինալ Սաքոն Նախագահին ներկայացուած էր սոյն առաջարկը եւ այս վերջինս հանդիպման ընթացքին ընդգծած էր քրիստոնեայ հասարակութեան կարեւոր դերը երկրին մէջ ինչպէս նեաւ Երկրին վերակառուցման աշխատանքներու ծիրէն ներս անոնց ներդրումի անհրաժեշտութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2020, 08:27