«ՖԻՏԵՍ» ի համաձայն այս տարի սպաննուած են քսան միսիոնարներ «ՖԻՏԵՍ» ի համաձայն այս տարի սպաննուած են քսան միսիոնարներ 

«ՖԻՏԵՍ» ի համաձայն այս տարի սպաննուած են քսան միսիոնարներ

Վատիկանեան «Ֆիտէս» լրատու գործակալութիւնը հրապարակած է 2020 տարուայ ընթացքին սպաննուած միսիոնարներու ցանկը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«2020ին սպաննուած են 20 միսիոնարներ որոնց շարքին են 6 աշխարհականներ» այս մասին կը յայտնէ Վատիկանեան Ֆիտէս լրատու գործակալութիւնը իր հրապարակած տարեկան զեկոյցին մէջ,  ուր կը նշուի թէ 2020 տարուայ ընթացքին ամէնէ արիւնալի վայրը հանդիսացած է Ամերիկեան ցամաքամասը՝ 8 զոհերով, անոր կը յաջորդէ Ափիկէն 7 գոհերով, ապա Ասիան երեք սպանութիւններով հուսկ Եւրոպան ուր սպաննուած են երկու քահանաներ, երկուքն ալ  Իտալիոյ մէջ։

Աշխարհականներէն զատ՝ ութը քահանաներ իրենց կեանքը կորսնցուցին սարսափելի բռնութեամբ, ապա կան երեք մայրապետներ, երկու նորընծաներ ու մէկ կրօնաւոր։

Ֆիտէս գործակալութիւնը կը յիշեցնէ թէ յիշատակի արժանի են նաեւ  Համաճարակի ժամանակաշրջանին հարիւրաւոր քահանաները, կրօնաւորները, հիւանդանոցի մատրանապետերը, հիւանդապահները, որոնք «իրենց կեանքը կորսնցուցին իրենց ծառայական աշխատանքը մատուցելու ընթացքին, նուիրուելով ուրիշներու օգնութեան»։

Ըստ Եւրոպայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Խորհուրդին 2020 տարուայ ընթացքին Քովիտ 19 վիրւոսի զոհ եղան աւելի քան 400 քահանաներ։

Ֆիտէս գործակալութիւնը կը յիշեցնէ նաեւ թէ վերոնշեալ ցանկին պէտք է աւեցնել հովուական խնամակալութեամբ զբաղող բազմաթիւ գործիչներ կամ պարզ կաթողիկէ հաւատացեալներ,  որոնք թիրախ դարձան հալածանքի, սպառնալիքներու, գողութիւններու, առեւանգումներու եւ սպանութիւններու, որոնց անունները չեն յիշուած եւ որոնցմէ շատեր կը շարունակեն տառապիլ իրենց Յիսուս Քրիստոսի մէջ ունեցած հաւատքին համար։

«Այսօրուան նահատակները արդարեւ շատ աւելի են քան առաջին դարերու մարտիրոսները։ Այս մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն կ՛արտայայտենք մեր մօտիկութիւնը։ Մենք կը կազմենք մէկ մարմին, եւ այս քրիստոնեաները՝ Քրիստոսի Մարմնին՝ Եկեղեցւոյ արիւնոտ անդամներն են» հաստատած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անցեալ 29 ապրիլ 2020-ին հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին

ՖԻՏԵՍ-ին հրապարակած տուեալներուն համաձայն վերջին 20 տարներուն ընթացքին աշխարհի մէջ սպաննուած են աւելի քան 536 հովուական խնամակալութեան գործիչներ, որոնց շարքին հինգ եպիսկոպոսներ։ Իսկ 1980 մինչեւ օրս անոնց թիւը կը հասնի 1224-ի, ներառեալ Ռուանտայի ցեղասպանութեան ընթացքին մահացածները։

Վկաներու շառաւիղ մը՝ որ յաջորդ սերունդներուն կը թողու Աւետարանի բիւրեղ եւ փայլուն հետք մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2021, 12:05